ԻՐ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂԵԼՈՎ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻՆ. «ՆՈՅՆԻՍԿ ԵԹԷ ՀԱԶԱՐ ՆՄԱՆ ՃԱՌ ԱՐՏԱՍԱՆԵՍ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՀԱՐԻՐԻ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը խիստ նեղացած կը թուէր Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սէյիտ Նասրալլա իր արտասանած իւրաքանչիւր եզրով եւ պարզած իւրաքանչիւր միտքով երկիրը դէպի բախում եւ լարուածութիւն կ՛առաջնորդէ: Ան շեշտեց, որ սէյիտ Նասրալլա մեծ սխալ մը գործեց, երբ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումէն 24 ժամ ետք մեղադրեց այդ որոշումը, որ տրուած է Հըզպալլայի հովանաւորած կառավարութեան կողմէ:

Այս ծիրին մէջ, Հարիրի իր խօսքը ուղղելով սէյիտ Նասրալլային յայտնեց, որ անոր արտասանած նախանցեալ օրուան ճառին նման հազար ճառ չեն կրնար ջնջել այն իրականութիւնը, թէ լիբանանեան պետութիւնը կը ճանչնայ երկրին յատուկ Միջազգային դատական ատեանը:

 

Share this Article
CATEGORIES