ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՐՈՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն ընկերակցեցաւ խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Պըրրիի ներդրումը` ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծելու անոր դիմագրաւած փշոտ հարցերը, որոնց շարքին` Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման թղթածրարը:
Խազեն շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը անհրաժեշտ նկատած է լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսումը. ան դիտել տուաւ, որ երկխօսութեամբ եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան հզօրացումով է, որ Լիբանանը կարելի է փրկել անոր սպառնացող արտաքին մարտահրաւէրներէն:
CATEGORIES Լիբանանեան