ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ. «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԱՊԱՀՈՎԵՑ»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Պիել»ի մէջ բացումը կատարեց Պէյրութի արաբական եւ միջազգային գիրքի 55-րդ ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումով Լիբանան կրցաւ յաղթանակ արձանագրել, ինչպէս նաեւ իր կայունութեան սպառնացող այդ հարցը լուծել պատասխանատուութեամբ` ի խնդիր արդարութեան հաստատումին եւ իրաւունքի ապահովումին:
Վարչապետ Միքաթի դիտել տուաւ սակայն, որ այդ մէկը կարելի չէ նուաճում նկատել` աւելցնելով, որ իսկական նուաճումը պիտի ըլլայ այն, երբ միջազգային ընտանիքը Լիբանանի նկատմամբ իր բոլոր յանձնառութիւնները կատարէ` պահպանելով երկրին շահերը:
Վարչապետը վերահաստատեց լիբանանցի ղեկավարներուն ուղղուած իր կոչը` պաշտպանելու երկիրը եւ վերադառնալու երկխօսութեան:
«Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէկ էջն է, եւ տակաւին այս կառավարութիւնը մեծ նուաճումներ ունի կատարելիք յառաջիկայ օրերուն», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի Մանսուրի մզկիթին մէջ աղօթեց եւ իր բնակարանին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ:


