«ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀԷ ԻՐ ԱՐԴԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Մանսուր

Ստրկութեան վերջ տալու միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ ժողովրդավարութիւնն է, որ կը պահպանէ մարդկային իրաւունքները եւ իւրաքանչիւրին կը շնորհէ իր արդար իրաւունքը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անկարելի է 21-րդ դարուն` համաշխարհայնացման եւ հաղորդակցութեան միջոցներուն արձանագրած նուաճումներու այս դարուն տակաւին ապրիլ նախամարդու մտայնութեամբ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու տարբեր երկիրներու հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումին մանրամասնութիւններն ու բանակին կարիքները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի եւ Ֆիլիփեան կղզիներու նոր նշանակուած դեսպաններ Քեթրին Պորայի եւ Լիամանանկօ Փասինսանկ Ռոյզի հաւատարմագիրները եւ լիազօրագիրները:

Share this Article
CATEGORIES