ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան փոխնախագահ Զիատ Պաքտաշի:
Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան կատարած այս այցելութիւնը կ՛իյնայ կառավարութեան մէջ ներկայացուած երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն տրուած այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը բացատրեց աշխատավարձի յաւելումներուն մասին միութեան կեցուածքը:
Պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ նաեւ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի կողմէ մշակուած աշխատավարձերու սրբագրումին վերաբերող օրինագիծին` շեշտելով, որ կառավարութեան կողմէ այդ օրինագիծը վաւերացուելու պարագային` ճարտարարուեստի մարզը բոլորէն աւելի պիտի տուժէ:
Պաքտաշ շեշտեց նաեւ, որ այդ օրինագիծին վաւերացումը պիտի ունենայ ժխտական ազդեցութիւններ, որոնց ծիրին մէջ մեծ թիւով գործարաններ պիտի փակեն իրենց դռները` բարդացնելով անգործութեան հարցը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հասկացողութիւն ցուցաբերեց ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն դիմագրաւած հարցերուն նկատմամբ` շեշտելով, որ հարկ է գործել ի խնդիր երկրին բարգաւաճման: