ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Ուրուկուէյ:
Սահակեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Արժանթինէն Ուրուկուէյ մեկնած են արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի անձնական օդանաւով:
Մոնթեվիտէոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեան ճաշ կազմակերպած է ի պատիւ Ղարաբաղի նախագահին, ապա պատուիրակութիւնը այցելած է հայկական եկեղեցի եւ «Արմենիա» հրապարակ:
Նախագահ Բակօ Սահակեան ոչ պաշտօնական ընդունելութեան արժանացած է Ուրուկուէյի Օրէնսդիր պալատի կից շէնքին մէջ: Ընդունելութեան մասնակցած են Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Լուիս Լաքալէ, զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լիլիան Քէշիշեան, միջազգային գործերու յանձնախումբի եւ Հայաստան-Ուրուկուէյ միջխորհրդարանական յանձնախումբի բազմաթիւ երեսփոխաններ:
Հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Ուրուկուէյի պետութեան հայանպաստ կեցուածքին համար, ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնահարցի ծագման պատմութիւնը եւ նշած, որ յոյս ունի համագործակցելու Ուրուկուէյի օրէնսդիրներուն հետ, որպէսզի հաստատուն քայլերով շարունակուի Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը:
Բակօ Սահակեան յայտարարած է, որ Ղարաբաղի անկախութեան հռչակումով կանխուած է նոր ցեղասպանութեան իրագործումը 20-րդ դարու աւարտին` Ազրպէյճանի կողմէ:
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ
ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 29 նոյեմբերին Պուենոս Այրեսի հայկական «Սիրանուշ» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի ներքին կեանքին, արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:
Իր խօսքին մէջ Բակօ Սահակեան նշեց, որ արժանթինահայ համայնքը աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենայ Արցախի շենացման եւ Արցախը Արժանթինի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ ճանաչելի դարձնելու գործին մէջ: Բակօ Սահակեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Արժանթինին` հայ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած բարեկամական վերաբերմունքին համար:
Նախագահ Սահակեան Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը նկատեց ղարաբաղեան անկախ պետականութեան հիմքերէն մէկը` աւելցնելով, որ Արցախի պաշտպանութիւնը կը հանդիսանայ նաեւ սփիւռքի պաշտպանութիւնը:
Հանդիպման կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան, Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան:


