ՔՆԵՍԵԹ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ 20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԷՆ ԵՏՔ

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը 20 դեկտեմբերէն ետք Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի կրթութեան հարցերով յանձնախումբին մէջ քննարկման պիտի դրուի:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննարկուի դեկտեմբերի սկիզբը, սակայն Քնեսեթի նախագահ Ռէուվեն Ռեւլինի` երկրէն բացակայութեան պատճառով հարցին քննարկումը յետաձգուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES