ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերին, գումարեց իր հերթական նիստը` Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Նիստին կը մասնակցէր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Մարմնի անդամները զեկուցեցին աշխատանքներու ընդհանուր ուղղուածութեան մասին: Քննարկուեցան աշխատանքի այն բաժինները, որոնք պիտի իրականանան Հայաստանի պետական կեդրոնական յանձնախումբին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ  համագործակցաբար: Այս առումով նաեւ քննարկուեցաւ 100-ամեակի ծրագիրներուն մէջ արդէն իսկ սկսած 100 համերգներու Լիբանանի վերաբերող բաժինին ժամանակացոյցի ճշդումը:

Նշուեցաւ, որ յառաջիկային ծրագիրները համակարգելու համար կը նախատեսուի 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հայկ Դեմոյեանի աշխատանքային այցելութիւնը Լիբանան:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

 

Share this Article
CATEGORIES