ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 400 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ` Ի ՆՊԱՍՏ ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան 121-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքին ընթացքին, որ կայացաւ երէկ` ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան, «Հապթուր» պանդոկին մէջ, աւելի քան 400 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքներուն:

Երեկոյեան բացման խօսքը արտասանեց Արմէն Ապտալեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ այսօր ամբողջ աշխարհը կլանուած է տագնապներով, Միջին Արեւելքը եւս անցուկ կացութիւն կը դիմագրաւէ` Դաշնակցութեան ուսերուն յաւելեալ բեռ ու պատասխանատուութիւն դնելով: Ան շեշտը դրաւ կուսակցութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման ծիրին մէջ համակիրներուն եւ բարեկամներուն նեցուկին ու թիկունքին կարեւորութեան վրայ:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դասական երգերով Ճոնի Կէօքճեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, ինչպէս նաեւ «Լէյտիզ ին հարմընի» եռեակը` դասական նուագներով:

Յովիկ Մխիթարեան

Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ դիտել տուաւ, թէ ժողովուրդէն բխած եւ ժողովուրդին համար գործող Դաշնակցութիւնը հզօր եւ կանգուն է իր համակիրներով:

Ան հաստատեց, որ գաղափարական ուժը, կազմակերպութեան ամրութիւնը, գործունէութեան տարածուն ըլլալը անբաւարար կրնան նկատուիլ առանց համակիրներու նեցուկին: Յ. Մխիթարեան նշեց, որ լաւ ու վատ օրերուն կուսակցութիւնն ու ժողովուրդը աշխատած ու պայքարած են կողք կողքի` առանց իրարմէ բաժնուելու որեւէ սպառնալիքի դիմաց տեղի տալու:

Հրանդ Մարգարեան

Վերջին խօսք առնողը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը կուսակցական չէ, այլ` ազգային, նոյնիսկ պետական տարողութեամբ: Ան շեշտեց, որ կուսակցութեան աշխատանքին նեցուկ կանգնիլը կը նշանակէ մասնակից դառնալ անոր գործունէութեան:

Խօսելով Դաշնակցութեան բազմաբնոյթ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ ծաւալած աշխատանքին մասին` Հ. Մարգարեան նշեց, որ հակառակ 20-ամեայ անկախ հանրապետութեան գոյութեան, տակաւին Դաշնակցութենէն մեծ ակնկալիքներ կան եւ` բազմաթիւ մարտահրաւէրներ Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ: Անոր համաձայն, Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան դաշտին մէջ ունի Հայ դատի հետապնդումը, ղարաբաղեան պայքարը, Ջաւախքի հարցը, սփիւռքեան խնդիրներ եւ այլն: Իր խօսքը եզրափակելով` Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ 121-ամեայ Դաշնակցութիւնը կը մնայ վճռակամ` շարունակելու իր ուղին, իր կողքին ունենալով համակիրներու փաղանգը:

 

Share this Article
CATEGORIES