«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԾՆՈՒՆԴԸ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՎ

ԱՐ­ՇԱԿ ՊԱ­ՒՈՒԿ­ԵԱՆ

Ես 1979-ի յուն­ուա­րին սկսայ «Ազ­դակ» թեր­թին մէջ աշ­խա­տիլ` իբ­րեւ գրա­շար: Իմ հայրս նոյն­պէս կ՛աշ­խա­տէր իբ­րեւ գրա­շար:

Սկզբնա­կան շրջա­նին եր­կու գրա­շա­րա­կան մե­քե­նայ կար` Intertype-ը, իսկ յե­տոյ եր­րորդ մըն ալ բեր­ուե­ցաւ: Այս մե­քե­նան ռո­պո­թի պէս կ՛աշ­խա­տէր: Ստեղ­նա­շա­րե­րը երեք մա­սի բաժն­ուած էին. սեւ, որ այ­բու­բե­նի ոչ գլխա­գիր տա­ռերն էին, կա­պոյտ, որ կէ­տադ­րա­կան նշան­նե­րը եւ թուան­շան­ներն էին, իսկ ճեր­մա­կը այ­բու­բե­նի գլխա­գիր­ներն էին: Իսկ դուր­սի գի­րե­րը (ինչ­պէս սո­վո­րա­բար իրա­րու կ՛ըսէ­ինք) գլխա­գիր Ճ, Ջ եւ Ձ` ստիպ­ուած էինք ձեռ­քով առ­նել եւ գի­րե­րուն քով դնել, եթէ պէտք ըլ­լար:

Գոր­ծի ձե­ւը այն­պէս մը դա­սա­ւոր­ուած էր, որ նախ խմբա­գի­րը լու­րը կը թարգ­մա­նէր հա­յե­րէ­նի («Ռոյ­թըրզ» եւ «Ա. Էֆ. Փէ.» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րէն), ապա գրա­շար­նե­րը այդ լու­րը կը շա­րէ­ին, իսկ էջադ­րու­մը կա­տա­րո­ղը այդ լու­րե­րը էջի կը վե­րա­ծէր, ապա կը տպուէր:

Ցե­րե­կա­յին նիւ­թե­րը պատ­րաստ կ՛ըլ­լա­յին շար­ուե­լու, իսկ գի­շե­րը սպա­սե­լու խնդիր կար (թէ­եւ շատ կարճ ժա­մա­նակ աշ­խա­տե­ցայ գի­շեր­նե­րը):

Intertype մե­քե­նան ու­նի կա­ղա­պա­րի փոքր գի­րեր, որոնք իրենց յա­տուկ սնտուկ­նե­րու մէջ զե­տեղ­ուած են: Գրա­շա­րը, երբ լուր մը պի­տի շա­րէ, ստեղ­նա­շա­րե­րուն դիպ­չե­լով պի­տի շա­րէ, մին­չեւ որ տո­ղը լեց­ուի եւ քոմ­փա­սը ամ­բող­ջա­նայ, ապա պի­տի ղրկէ մե­քե­նա­յին այն բա­ժի­նը, ուր կը սկսի «գոր­ծո­ղու­թիւնը»: Մե­քե­նա­յին այդ բա­ժի­նը գի­րե­րու կա­ղա­պար­նե­րէ բաղ­կա­ցած այդ  տո­ղը կ՛իջեց­նէ կա­պա­րի կաթ­սա­յին ծակ­տիկ­նե­րուն քով, ուր հա­լած տաք կա­պա­րը կայ, եւ մխո­ցը (փիս­թոն) երբ կը կո­խէ այդ հա­լած կա­պա­րին վրայ, ծակ­տիկ­նե­րէն հա­լած կա­պա­րը գի­րե­րու կա­ղա­պար­նե­րուն կու գայ եւ այդ­պի­սով շար­ուած կա­ղա­պար­նե­րը կա­պա­րի վրայ տո­ղի կը վե­րած­ուին: Հա­լած կա­պա­րը քա­նի մը երկ­վայրկ­եա­նէն կը սա­ռի եւ տո­ղի վե­րած­ուե­լով` դուրս կու գայ:

Յե­տոյ գի­րե­րու կա­ղա­պար­նե­րը մե­քե­նա­յին ու­րիշ կտո­րի մը մի­ջո­ցով դարձ­եալ իրենց տե­ղե­րը կ՛իջ­նեն` սնտու­կին մէջ:

Եթէ պա­տա­հէր, որ սխալ բան մը ըլ­լար, ստիպ­ուած կ՛ըլ­լա­յինք մե­քե­նան կեց­նել. կար յա­տուկ տեղ մը, որ ան­մի­ջա­պէս մե­քե­նա­յին գոր­ծըն­թա­ցը կը կա­սեց­նէր: Իսկ տո­ղե­րուն չա­փը կ՛ըլ­լար ընդ­հան­րա­պէս 24-ի կամ 11-ի վրայ, իսկ շատ քիչ պա­րա­գա­նե­րու` 20 կամ 22:

Վեր­ջա­պէս, շա­բաթ օրե­րը եր­կու արաբ պաշ­տօն­եա­ներ տո­ղե­րու վե­րած­ուած կա­պար­նե­րը կը հա­լեց­նէ­ին կաթ­սա­յի մը մէջ եւ յա­տուկ կա­ղա­պար­նե­րու մէջ թա­փե­լով` դարձ­եալ սա­ռած կա­պար­նե­րու կը վե­րա­ծէ­ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES