ՍԵՒ ՈՒ ՃԵՐՄԱԿ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ . . . ԳՈՅՆԶԳՈՅՆ ՅՈՒՇԵՐ
Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Արդէն իսկ մոռցուած են «Ազդակ»ի Արեւմտեան Պէյրութի Ուաթուաթ շրջանի գրասենեակն ու տպարանը` իրենց անմոռանալի յուշերով:
Իւրայատուկ էր այդ տպարանը, որ շէնքի մը գետնայարկը կը գտնուէր:
Փորձենք յիշել…
Շէնքի մուտքին, ոսկեգոյն ցուցատախտակի մը վրայ գրուած էր «Ազդակ» եւ… դէպի ձախ ուղղութիւն տուող «ֆլէշ» մը կ՛առաջնոր դէր աւելի ընդյատակեայ դուռ մը, ուր կարելի էր մուտք գործել եւ ապա այցելել զանազան ենթաբաժանումներ:
Հոս մոռցանք կարեւոր մանրամասնութիւն մը:
Հազիւ քանի մը աստիճան յառաջացած` այցելողին ընդհանրապէս կը դիմաւորէր իգական խոր ու խրոխտ ձայն մը… երգ ու երաժըշ-տութիւն: Մերթ հայերէն, մերթ ֆրանսերէն եւ մերթ ալ անգլերէնով, այս ձայնի ետին գտնուող «տիվա»ն մեր աննման Մա թիլտն էր… Պուտագեան Մաթիլտը:
Յստակացում… Ընդհանրապէս ունկնդիր էինք եւ շատ սակաւ` ակնդիր: Այսինքն դժուար էր զինք տեսնելը, փոխարէն շատ դիւրին` ունկնդրելն ու ըմբոշխնելը, յատկապէս դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Ան կը բնակէր «Ազդակ»ի այս տպարանը առաջնորդող աստիճաններու սեմին:
Մաթիլտին համար երգելը ե՛ւ հաճոյք էր… ե՛ւ ժամանց: Այդ դաժան ռմբակոծումներուն ան կը յանդգնէր ամենայն լաւատեսու թեամբ «La vie en rose»ը երգել… գոյն մը` կեանք մը, որ գոյութիւն չունէր այդ օրերուն` թէ՛ կարմիր գոյնով պատուած արիւնաթա թախ Պէյրութի եւ թէ՛ «Ազդակ»ի սեւ ու ճերմակ էջերուն մէջ: Այսպէս, Ուաթուաթի մեր Էտիթ Փիաֆը նոյնքան հմտութեամբ նաեւ կը գեղգեղէր Սայաթ Նովայէն… եւ` Էլլա Ֆիցճերըլտէն գործեր:
Մաթիլտին ունկնդրելու եւ անոր ձայնը վայելելու առիթը շատ աւելի կ՛ունենայինք, յատկապէս երբ ապահովական պատճառներով որոշ ժամանակաշրջանի համար ելեկտրական արդի սարքաւորումներով դուռ մը զետեղուած էր, եւ միայն կարճ սպասումէ մը ետք կը բացուէր դէպի դրախտային խուց մուտք գործելու ճամբան:
Գործենք մուտք եւ յիշենք պատառիկներ…
*
* *
Առանձինն օրաթերթ մըն էր ծանուցումներու պատասխանատու Յակոբ Սարաֆեանը:
Ի՜նչ սրամիտ տիպար, ի՜նչ համակրելի անձնաւորութիւն:
Այնքա՜ն գուրգուրանքով եւ բծախնդրութեամբ, ան կը կատարէր իր պաշտօնը:
Ան ժամեր կը տրամադրէր իր ուզած եւ նախընտրած ոճով ծանուցումը պատրաստելու:… Եւ ահաւասիկ աւարտած էր ծխախոտի նկարազարդ ծանուցում մը, իւրայատուկ «Սարաֆեան»ական (չշփոթել Նիկողոսի հետ) գրականութեամբ. «Նուազ կուպրով եւ առաւել բոյրով` «Մերիթ» վաճառանիշով, արժանի ծխախոտներ…»:
Այս թարգմանական եւ էջադրական ժամանցը Յակոբին նախընտրած եւ գործին համեմատաբար դիւրին մասն էր: Ակնածանքով կը յիշէր իր հաւաքած եւ պատրաստած ծանուցումները, արկածախնդրութիւններն ու հաճելի անակնկալները: Ան պատմելու իւրայա տուկ ոճ մը ունէր, հեզօրէն շարժելով ու միացնելով ձեռքի երկու մատներու` բութամատի, ցուցամատի ծայրերը… փոխարէն ազատ կասեցնելով մնացեալ երեքը:… Կարծէք կը համեմէր իր պատմածը:
Նաեւ կար մետալին միւս կողմը… Այսպէս, օր մըն ալ, երբ Յակոբ իր նախասիրած գործերուն մէջ թաղուած էր, յանկարծ մուտք գոր ծեց կին մը: Թէեւ` բոլորովին անծանօթ, սակայն իր շարժումները այնքան մը ծանօթ էին, որ պարզ ու մեկին դժգոհութիւն, զայրոյթ ու ցասում կը բուրէին: «Այստեղ ո՞վ է ծանուցումներու պատասխանատուն»:… Յակոբին քով նստած «օգնական» Հրայր Ֆերմանեա նը, որ այդ օրերուն նոր սկսած էր ծանուցում հաւաքելու դասընթացքներուն, բաւական մը հեռացաւ այս զրոյցի վայրէն:
Այդչափ ալ հաճելի չէր Հրայրին համար այսպիսի կացութեան մը առջեւ գտնուիլ եւ առաջին օրերէն իսկ նմանօրինակ փորձառու թիւն ձեռք ձգել :
Մէկու մը «գլխուն գալիք կար»:
… Կարճ ժամանակ մը տիրեց քար լռութիւն եւ ապա «Պապանձումն Զաքարիա»ի իրավիճակ մը, որ շուտով ընդմիջուեցաւ Յակո բին` «Հրամմեցէ՛ք տիկին» պատասխանով: Յակոբին մօտէն ճանչցողին համար պատասխանը հաւանաբար կը շարունակուէր եւ այդ ալ ցած ձայնով»… հիմա մէջը տուինք»:
Կացութիւնը պայթուցիկ կը թուէր, սակայն հարցը` ցարդ անհասկնալի:
Սպանացի բեմադրիչ Փետրօ Ալմոտովարի, այդ օրերու hռչակաւոր «Women on the verge of a nervous breakdown» ժապաւէնին մէկ տեսարանն էր, որ կը կրկնուէր:
Շարժապատկերի բնագաւառէն ներս մնալով` շարունակենք հիչքոքեան սըսփենսը:
«Այս խօսեցեալքին գծով ո՞վ կատարած է դասաւորումը: Դուք չէ՞ք գիտեր, թէ այս աղջիկը աննկարագիրին մէկն է եւ մեր ընտանիքին հանդէպ երբեք յարգանք չունի: Դուք չէ՞ք գիտեր, թէ խեղճ եղբայրս` Աւետիսը, խաբուած է եւ վաղը փուշման պիտի ըլլայ իր կատա րածին: Աստուած օգնական ըլլայ իրեն… սիրա՞ծը` ճաշ եփել ալ չի գիտեր: Մա՛րդ Աստուծոյ… Առանց մեզ տեղեկացնելու` այսպիսի ծանուցումնե՞ր կը տեղադրէք»:
Իր ֆութպոլիստի օրերուն Յակոբ շատ դժուար եւ ճգնաժամային ակնթարթներ անցուցած էր, եւ այդ օրուան «Ազդակ» այցելող «Քարմեն Մաուրա»ին (Ալմոտովարի վերոյիշեալ ժապաւէնին հերոսուհին) հարցումներու եւ յարձակումներու տեղատարափին դի մաց ան կը փորձէր պահել իր պաղարիւնութիւնը, մանաւանդ` սրամտութիւնը եւ, անշուշտ, պէտք էր, որ սարաֆեանական միջամ տութեամբ…» գնդակը հեռանար վտանգէն»:
Յակոբ երբ պատասխանելու ժամանակ չնայէր իր խօսակիցին, այդ մէկը կը նշանակէր, թէ ան գոհ չէր եւ անշուշտ` զայրացած: Այդ ձեւով է, որ ան պատասխանեց. «Առաջին հերթին խոր ներողամտութիւն ձեր եղբօր` Աւետիսին…գոյժին համար…»: Այցելող անծա նօթ «Մաուրա»ն հաւանաբար չէր հասկցած Յակոբի «աւետած» բառախաղը, եւ անշուշտ յաջորդող սրամտութիւնը» Տիկին, մենք ձեր բողոքը լաւապէս կը հասկնանք եւ կը բաժնենք: Անպայման որ պիտի խորհրդակցինք տնօրէնութեան հետ, որպէսզի այսուհե տեւ յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացնէ եւ մէկ առ մէկ քննէ այսպիսի անախորժ եւ անհաճոյ կացութիւններ»:
Անծանօթ «Մաուրա»ն բաւական անդրդուելի կը մնար եւ շուտափոյթ լուծում մը կը պահանջէր, որն էր… յատուկ այլ յայտարարու թեամբ մը չեղեալ նկատել կամ «անխօսեցեալք»ի վերածել այս խօսեցեալքը:
Պատահարը չերկարենք: Յակոբ ջղագրգռութեան դռները հասած այդ կնոջ դիմաց մնաց անդրդուելի եւ… հաւանաբար Աւետիս ցայ սօր հանգիստ կեանք մը կ՛ապրի իր կողակիցին եւ անշուշտ` ընտանեկան պարագաներուն հետ:
*
* *
Երբ գործակիցներէդ մէկը կը կոչուի Պետիկ Հերկելեան եւ աւելին… «Ազդակ»ի տպարանին մէջ բնակութիւն կը հաստատես միեւնոյն գրասենեակին` խուցին մէջ… Եուհո՜ւ, ինչե՜ր կարելի է յիշել: Նոյնինքն իր «Եուհո՜ւ» գիրքին պատրաստութիւնը «Ազդակ»ի մէջ մտայղացուած է:
Վերոյիշեալ նկարագրուածը կը բացայայտէր, թէ պատերու մէջ խեղդուած էինք: Բնութեան գէթ տարրական գոյութեան ներկայու թիւնը փաստելու համար Պարոն Պետրոսին (երբեմն կը փափաքէր պաշտօնականութիւն` հակառակ բոլորովին պարզ ըլլալուն) հետ որոշած էինք որմազդներով զարդարել մեր խուցին պաղ ու մերկ պատերը: Լիբանանեան կարգ մը տեսարժան վայրերու կողքին, նա եւ տեղադրած էինք Աթէնքի Աքրոփոլիսի հնութիւններու մէկ գեղեցիկ տեսարանը: Որեւէ ճնշում կամ զայրոյթ… նայուածք մը այս հնութիւններուն` եւ արդէն թեթեւութիւն մը մուտք գործած կ՛ըլլար մեր հոգիէն ներս: Կողքի խուցը վերապահուած էր այդ օրերու մամլոյ գործակալութիւններու մեքենաներուն` «Ա. Էֆ. Փէ.» եւ «Ռէօթըրզ», որոնք շարունակ աղմկելով` կը տեղեկացնէին զանա զան լուրեր:
Այս իրարանցումին ու խառնիճաղանճին դիմաց կարելի՞ էր աշխատիլ: Պատասխանը պիտի ըլլար. «Այդ ալ ինչպէ՜ս»:
Oր մըն ալ, վերոյիշեալ զայրացած կնոջ նման, այլ պարագայի մը առջեւ կը գտնուէինք: Այս անգամ մարդ մը դատական հարցի մը համար, փոխանակ դատարան երթալու, «Ազդակ» այցելած էր, եւ իր հետեւողական միջամտութիւններով ու անհիմն ու անհեթեթ խօսակցութիւններով կը զայրացնէր Պարոն Պետրոսը եւ արգելք կը հանդիսանար Սրբագրապետին կամ տոքթ. Սրբագրիչին կեդրո նացման:
Աչքի «քլիք»ով մը, ան հասկցուցած էր, թէ ի՛նչ պիտի կատարէինք… ակն ընդ ական, անհիմն, անհեթեթ եւ անհասկնալի զրոյց մը, որուն նպատակն էր զարմացնել եւ լռութեան մատնել դիմացինը: Եւ հարց-պատասխան զրոյցը սկսանք.
– Գիտե՞ս, թէ ինչպէ՛ս նախագահ Ֆրանսուա Միթերան յաղթական դուրս եկաւ:
= Անշո՛ւշտ… Ռոնալտ Ռիկընն ու Մարկըրեթ Թաչըր, ի նպաստ իրեն քուէարկեցին:
– Այդ իսկ պատճառով Եթովպիոյ մէջ Մենկուսթօ Հայլէ Մարիամ կրցաւ երկրին ղեկը ստանձնել:
= Եւ ճիշդ այդ իսկ պատճառով Չեխոսլովաքիոյ մէջ գարեջուրի արտադրութիւնը մագլցում արձանագրեց:
– Փոխարէն, Չիլէի մէջ ալ, Անտեան լեռնաշղթային մէջ արծիւներու մէկ հիւանդութիւնը պատճառ դարձած էր, որ գինիի արտադ րութիւնը պակսի:
= Ինքնաբերաբար, ասոր իբրեւ արդիւնք… պարապ տակառները փոխադրուեցան Արժանթին:
– Հետեւաբար այդ պատճառով Իտալիոյ մէջ ինքնաշարժի եւ կօշիկի արտադրութիւնները համահաւասար կ՛ընթանան:
= Հարկադրաբար այս կացութիւնը ազդած է կենսոլորտին վրայ եւ բեւեռային արջեր հետզհետէ դէպի աւելի հիւսիս կը գաղթեն:
… Լռութիւն ամենեցուն:
Միլոշ Ֆորմանի «One flew over the cuckoo’s nest»էն կարճ արար մըն էր, որ կը կրկնուէր: Պետիկ հասած էր իր նպատակին: Զինք խանգարողը գլխիկոր հեռացած ու թռիչք առած էր այդ բոյնէն` մեր խուցէն, եւ Պետիկ, նոյնքան եռանդով ու նուիրումով, պատրաստ էր շարունակելու oրուան սրբագրութիւնները, որ բազմիցս կատակով «սրբագրութեան աւարտաճառ»ը կ՛անուանէինք:
Կէս գիշերէն ետք կամ յաջորդ օրուան ժամերուն… այսինքն ժամը 01:00 – 01:30-ին, երբ աւարտած կ՛ըլլային օրուան մը լուրերը` յաջորդ օր ներկայացնելու պարտականութիւնը, այդ մեր խուցին համայնապատկերը բոլորովին կը փոխուէր:
Կը կատարէինք զրոյց եւ երաժշտական զանազան երանգներու ունկնդրութիւն:
Ներկայ էին` Կոմիտասը, Սպենդիարեանն ու Պախը, նաեւ Պետիկին նախասիրած այդ օրերու արդի երաժշտութեան աշխարհէն ներս հռչակ սփռած Շըրլի Պեսին եւ Ռոպերթա Ֆլաքը: Դժուար եղաւ Պարոն Պետրոսին ճազ երաժշտութիւն «մտիկ ընել տալ»: Ժա մանակ առաւ որ, ան համոզուի, թէ փողահար Եուսեֆ Լաթիֆ կամ դաշնակահար Ահմատ Ժամալ… տեղացի` միջինարեւելեան եր գիչներ չէին, այլ ճազի բնագաւառէն ներս` աստղեր: Իսկ թերթը փակուելէն ետք Պետիկին համար Հիւսիսային կամ Հարաւային Քո րէա գոյութիւն չէր ունենար, այլ միայն մէկ եւ վիթխարի դաշնակահար Չիք Քորէա: Ամէնէն աւելի զարմանքով եւ ակնածանքով ան կ՛ունկնդրէր Տիւք Էլինկթընի «Մաունթ Հարիսա»ն (հանրածանօթ սրբավայրին նուիրուած գործ մը` վաթսունականներու սկիզբը, իր կատարած այցելութենէն ներշնչուած):
Երանգն ու կշռոյթը տարբեր գունաւորում կը ստանային… Սագոն բերած էր «Տիփ Փըրփըլ»ի մէկ ձայներիզը` մասնակցութեամբ համանուագային նուագախումբի մը, իսկ Արսէնը կը փափաքէր, որ ըմբոշխնենք իր նախասիրած Լենըրտ Քոհենը… Ճոնին ալ` Մարսել Խալիֆէի մէկ յեղափոխական ձայներիզը:
Ամբողջական պիտի չըլլար առանց յունական երանգի մը ներմուծումին… մանաւանդ որ մեր առջեւ կանգնած ունէինք այդ գեղեցիկ Աքրոփոլիսի նկարը: Բնականաբար Թէոտորաքիսէն ալ գործեր կ՛ըմբոշխնէինք: Թէեւ այս «Իլիական – Ոդիսական»ի լեզուէն բան չէինք հասկնար, բայց նկարն ու կշռոյթը անհասկնալին շուտով «հասկնալի»ի կը վերածէին:
… Եւ ահաւասիկ մանկապատանեկան բնագաւառէ բոլորովին հեռու, «կուկուլիկու» մը: «Ազդակ»ի մօտակայքը բնակութիւն հաս տատած ապրող եւ բնական ու հարազատ «ժամացոյց» աքլորն էր, որ կը տեղեկացնէր թէ… այս կամ այդ օրուան ժամը 03:00-ն էր: Ժամանակն էր մեր զրոյցն ու ունկնդրութիւնը աւարտելու կամ ընդհատելու: Այս ժամերուն բազմիցս մեզի կը միանար տպագրու թեան պատասխանատու, հայագէտ կամ աւելի ճիշդը` «տեգայահ» Մունիրը: Կարդացողին կամ ընթերցողին համար անյստակ է այդ «տէգայահ»ը: Ո՛չ մէկ հարց: Պարզապէս` հակառակէն գրուած հայագէտ: Արդարեւ, տասնամեակներ շարունակ Մունիր մաս նագիտացած էր իր արհեստին պատճառով հայերէնը կարդալ հակառակ գրութեամբ: Կատակով մը կը տեղեկացնէինք, թէ ան եթով պերէնի եւ վրացերէնի մասնագէտ է, իսկ քայլ մը աւելի անդին երթալով հարց կու տայինք, թէ իրեն համար աւելի դիւրին էր ինքնա շարժը դէպի ետեւ քշե՞լը, այսինքն` «en arrière» ուղղուի՞լը:
Մինչ այդ, նախքան հրաժեշտ առնելը, քանի մը տեղեկութիւն` այս աքլորին մասին: Պետիկ, որ այնքան դիւրութեամբ կրցած էր ծածկանուններ շնորհել իր անմիջական միջավայրի անձերուն ու առարկաներուն, այս աքլորին գծով երկմտանքի մէջ էր: «Լոնժին», «Պրայթլինկ», «Սէյքօ»… կամ պարզապէս` զուիցերիացի՞… արդեօք ճափոնցի՞: Մէկ բան յստակ էր, թէ անիկա կը յարգէր իր ժա մադրութիւնն ու ժամագործութիւնը:
*
* *
Կարճ պիտի անդրադառնամ լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեանին, որ հակառակ «Ազդակ»ի անձնակազմի անդամ չըլլալուն` հետեւո ղական այցելու մըն էր, իսկ իրեն հետ բերած եւ ձրիաբար տրամադրած անմոռանալի լուսանկարները պարզապէս արհեստավար ժութիւն կ՛արտացոլացնէին: Անվախ, պարզ ու համեստ, այս Ճորճ տիպարը ունէր իւրայատուկ մտայղացում եւ ձիրք: Ցայսօր մտքիս մէջ տպուած կը մնայ այդ մէկ նկարը առնուած, հրէական ռմբակոծումներու պատճառով, փակուած Պէյրութի օդակայանի մեկնումի սրահէն… ուր մուտք գործած են ձիեր եւ անտէր ու անտիրական… անոնք ստեղծած են իւրայատուկ իրավիճակ մը: Այս հրեղէն ձիերը ժամանած էին մօտակայ ձիարշաւարանէն, որ իր կարգին ենթարկուած էր կոյր ռմբակոծման:
Այլ լուսանկարով մը Ճորճ կը ներկայացնէր մայր մը, որ շալկած իր զաւակը` կը փորձէր պատսպարան մը ուղղուիլ… իր ետին միեւ նոյն «սենարիօ»ն կը կրկնուէր, յանձին ֆրանսական ժապաւէնի մը որմազդին, որ այդ օրերուն կը ցուցադրուէր Համրայի սրահներէն մէկուն մէջ:
Հաւանաբար Պետիկ Հերկելեան, եթէ մօտէն ծանօթանար Ճորճին, զայն պիտի կնքէր «համեստութեան ամբողջական, լրիւ եւ լաթա կազմ հաւաքածոյ մը» ծածկանունով: Ճորճ սպաննուեցաւ իր մօտէն լուսանկարած լիբանանեան պատերազմի վերջին ռաունտին… Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի մուտքին: Ան կը փորձէր զարհուրելի դէպք մը պատկերացնել իր իւրայատուկ ոսպնեակի ետին, մինչդեռ չէր գիտեր, թէ այլ անխիղճ մը որոշած էր զինք «քաննասահար»ներու շարքին միացնել:
*
* *
Որոշում տրուած էր, որ թեքնիք պատճառներով եւ թերթին տպագրութիւնը աւելի դիւրացնելու համար արեւելեան շրջան` Պուրճ Համուտ փոխադրուինք: Մաթիլտին համար ասիկա գոյժ մըն էր… ապրող մահ: Այդ օրերուն էր, որ ան զօրաւոր հարուածներ ուղղե լով իր ամենամօտիկ ընկերոջ` դաշնակին, մեծ յուզումով եւ համեմատաբար աւելի բարձր ձայնով կ՛երգէր (կամ աւելի ճիշդը` կու լար) մերթ ֆրանսերէնով, մերթ անգլերէնով… Պրելի «Ne me quitte pas» կամ «If you go away»ը:
Ուաթուաթէն առաջին հեռացողը ո՞վ եղաւ, մե՞նք` «Ազդակ»ի անձնակա՞զմը, թէ՞ «տիվա»ն` Մաթիլտը: Դժբախտաբար ինքն ալ միացաւ անդենականին… քանի մը տարի առաջ, Լոս Անճելըսի մէջ:
Յիշողութիւնս սկսած է ինծի դաւաճանել:
Այդ իսկ պատճառով նախընտրեցի ժամացոյցը բաւական առջեւ տանիլ եւ անդրադառնալ Ուաթուաթի «չղջիկային» մեր` «Է՜ր եր բեմն» կեանքին մասին:
Պոսթըն – Մասաչուսեց

