«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ` «ԽՈՐՎԻՐԱՊԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆԻՆ ԵՒ «ԶՕՐԱՆՈՑ»-ԻՆ ՄԷՋ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսանող էի, երբ «Ազդակ»-ի մէջ աշխատանքի մտայ: Ընկերս` Պետիկ Հերկելեան, որ թերթին մէջ սրբագրիչի պաշտօն կը վարէր, անակնկալօրէն հիւան դացած էր եւ ժամանակ մը պիտի բացակայէր: Քերականութեան ուսու ցիչս` Յարութիւն Քիւրքճեան, զիս յանձնարարած էր: Խմբագրութենէն Հայագիտական լուր ղրկած էին` ներկայանալու: Տնօրէնս` Երուանդ Փամպուքեան, իր թելադրութիւնները փոխանցեց: Ըսուեցաւ, որ աշ խատանքը կ՛ընդգրկէ սրբագրութեան գիշերային բաժինը, եւ ուշ ժամե րուն տուն վերադառնալու հնարաւորութիւն չըլլալով` սենեակ մը պիտի յատկացուէր, ուր բնակութիւն պիտի հաստատէի:
«Ազդակ»-ի տպարանն ու խմբագրատունը կը գտնուէին Պէյրութի արեւմտեան կողմը, Ուաթուաթ թաղին մէջ, Ճեմարանէն քիչ մը անդին, «Արա Երեւանեան» կեդրոնական ակումբին քովը: Շրջանին անծանօթ ըլլալով` Ճեմարանի ուսուցիչ Մատթէոս Պէրպէրեանին թելադրուած էր, որ դասերէն ետք, երեկոյեան զիս «Ազդակ»-ի տպարանը առաջնորդէ:
Բարձրայարկ շէնքի մը գետնայարկը, նկուղէ մը, քանի մը սենեակէ եւ շարող ու տպող մեքենաներէ բաղկացած էր տպարանը: Ըսուեցաւ, որ առանձին թուղթերու վրայ տպուած փորձերը պիտի սրբագրէի:
Առաջին փորձառութիւնը չի մոռցուիր, եւ յաճախ յետին մանրամասնութիւններն իսկ կը յիշուին:
Առանձին նիւթերու, լուրերու եւ յօդուածներու սրբագրութենէն ետք կար նաեւ էջի սրբագրութիւնը: Իւրաքանչիւր նիւթի սրբագրութիւնը պիտի ստուգուէր էջին վրայ, պիտի ստուգուէր, որ սիւնակներն ու խորագիրները ճիշդ դրուած եւ շարուա՞ծ են: Պիտի ստուգ-ւէին նաեւ էջաթիւն ու թուականը:
Էջը եւ փորձերը դրուեցան սեղանին վրայ: Թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պէտք էր սրբագրել, ատիկա չէի գիտեր, չէր ըսուած: Թէ ո՞վ էր պատասխանատուն եւ որո՞ւ հետ պէտք էր խօսիլ, որո՞ւ պէտք էր հարցընել, ատիկա ալ չէի գիտեր. բոլորն ալ անծանօթ էին: Իւրաքանչիւրը իր գործին վրայ կեդրոնացած, մեքենաներուն կամ գրասեղաններուն առջեւ, կ՛աշխատէր: Բայց կար մէկը, որ ձեռքերը ետին, նրբանցքին վրայ հանդարտօրէն կ՛երթար կու գար: Մտածելով, որ ուրեմն ան պէտք է ըլլայ գործին պատասխանատուն, ըսելիքս եւ հաւանական հարցումներուն պատասխանները մտքիս մէջ պատրաստելէ եւ քանի մը անգամ հոլովելէ ետք, սրբագրութիւնները ձեռքս` մօտեցայ, խնդրելով բացատրել, թէ ի՛նչ պէտք էր ընել:
Հազիւ հարցուցած, բոլորը մէկ բարձրաձայն խնդուք մը փրցուցին: Շուարած եւ ամօթահար` «հիմա ասոնք կը վռնտեն զիս», ըսի ես ինծի եւ աչքիս առջեւ պատկերացաւ գիշերուան այդ ժամուն դուրս դրուելու ուրուականը:
Կուշտ ու կուռ ծիծաղելէն հանդարտելէ ետք, պաշտօնեաներէն մէկը, ան, որ սրբագրութիւնները տուած էր ինծի, մօտեցաւ եւ ըսաւ.
– Տղաս, Լեւոնը տպագրիչի օգնական է եւ սրբագրութենէ բան չի հասկնար: Սխալ անձի հարցուցիր: Եթէ բանի մը պէտք ունենաս, ինծի հարցուր, անունս Արմէն է: Կ՛ուզես` անգամ մը պատասխանատու խմբագիրին հետ խօսիր:
Պատասխանատու խմբագիրը Սարգիս Մահսէրէճեանն էր, որուն գրասենեակը առաջնորդուեցայ: Ծանօթացումի քանի մը խօսքերէ ետք Սարգիս հարցուց, որ առաջի՞ն անգամն է տպարան կը տեսնեմ: Ըսի` այո, առաջին անգամն է, Պետիկը փոխարինելու եկած եմ եւ չեմ գիտեր, թէ մնայո՞ւն պիտի աշխատիմ: Ըսաւ, որ իբրեւ մնայուն աշխատակից պիտի ընդունին զիս, եւ առաջնորդեց` գործին ու աշխատակիցներուն ծանօթացնելու համար:
Տպարանի մուտքին ձախ կողմը, պատի երկայնքին երեք մեծ մեքենաներ շարուած էին: Իւրաքանչիւրէն կապարէ հաստ ու երկար կաղապար մը կախուած էր դէպի հալոցը, անիւը կը դառնար, եւ գրաշարները, մեքենային առջեւ նստած` կը շարէին:
Կարգով մօտեցանք եւ ծանօթացանք. Կարապետ Գրիգորեան, Աղաճան Եագուպեան եւ Վրէժ Մատթէոսեան:
Գրաշարներուն ետին երկար եւ բազմաթիւ դարակներէ բաղկացած պահարանն էր: Իւրաքանչիւր տառ եւ տառատեսակ իր պահարանը ունէր. այդ տառերով կը շարուէին խորագիրները:
Պահարանին կողքին, մուտքի դրան քովէն դէպի նկուղին խորքը կ՛երկարէր մարմարէ երկար սեղանը, որուն վրայ էջադրումի աշխատանքը կը կատարուէր: Թերթի էջի ծաւալով երկաթեայ ութ կազմուածքներ կային: Կապարի վրայ շարուած տողերը հոն կը դասաւորուէին, եւ կողքի պահարանի տառերէն ալ խորագիրները կը շարուէին, որմէ ետք երկաթները կ՛ամրացուէին եւ էջը կազմուած կ՛ըլլար: Էջադրողը` Արմէն Պետրոսեան. պաշտօնակից մը, որուն նկատմամբ առաջին օրէն ջերմ համակրանք մը զգացի, եւ ան մինչեւ վերջ ալ հոգածու վերաբերմունք մը պահեց ինծի նկատմամբ:
Տպագրական մեքենան յարակից ընդարձակ սենեակին մէջն էր: Թուղթի լայնածաւալ կլոր փաթթոցը կապարէ էջերուն վրայէն դառնալով` կը ծալուէր, կը կտրուէր եւ մեքենային առջեւէն թերթի վերածւած լոյս կը տեսնէր: Տպագրութեան պատասխանատուն` Մունիր Ապպուտ. երբեմն զայն կը փոխարինէր եղբայրը` Ուաժիհ. անոնց օգնականը` Լեւոն Սարգիսեան:
Գործի սկսելէն քանի մը օր ետք, ուսուցիչս` Յարութիւն Քիւրքճեան, երեկոյ մը, դասերէն ետք, մէկ կողմ քաշեց զիս, հետաքրքրուեցաւ աշխատանքին ընթացքով, թելադրութիւններ ըրաւ, քաջալերեց եւ հաւաքական աշխատանքի առաւելութիւնները բացատրելէ ետք յաջողութիւն մաղթեց:
Պետիկին աշխատանքի վերադառնալէն ետք, աշխատանքային բաժանումով մը, միասին ստանձնեցինք գործին պատասխանատուութիւնը, բայց Պետիկ իրեն վերապահեց ամենայն հայոց սրբագրիչի տիտղոսը:
Բնակարանը, որ յատկացուած էր, բարձրայարկ շէնքի մը առաջին յարկին վրայ գտնուող «Բագին»-ի նախկին խմբագրատունն էր, տպարանին եւ «Արա Երեւանեան» ակումբին միջեւ գտնուող բաց տարածութեան դիմացը: Մէկ մեծ եւ ապակիներուն մէկ մասը կոտրտած սենեակէ, երեք փոքր (մէկը անգործածելի դարձած) սենեակներէ եւ իր խառնիճաղանճութեամբ «անգլիական թանգարան» կոչումին արժանացած խոհանոցէ մը ու լուացարանէ մը, մինչեւ առաստաղը գիրքերով եւ «Բագին»-ի հին հաւաքածոներով լեցուած եւ փոշիներու մէջ թաղուած եւ կահաւորումն ալ քանի մը հին ու մաշած աթոռէ, սեղանէ եւ շարժական փոքր մահճակալներէ բաղկացած տուն մը, որ Պետիկին կողմէ «զօրանոց» կոչումին արժանացած էր:
Նոյն փողոցին վրայ, «Արա Երեւանեան» ակումբին դիմացը, լայն շէնքի մը առաջին յարկին վրայ կը գտնուէր խմբագրատունը, որ բաղկացած էր մուտքին` քարտուղարուհիի փոքր սենեակէն, լայն աշխատասենեակէ մը եւ ուրիշ երեք փոքր սենեակներէ, որոնցմէ մէկուն մէջ կը գտնուէր գրադարանը:
Հետագային, ապահովական կացութեան վատթարացման եւ երթեւեկի դժուարութեան պայմաններուն տակ, Պուրճ Համուտի մէջ առժամեայ խմբագրատուն մը բացուեցաւ եւ խմբագրական կազմի աշխատակիցներ հոնկէ թղթակցութիւններն ու յօդուածները տպարան կ՛ուղարկէին:
Տպարանին աշխատանքը կ՛ընդգրկէր ցերեկային եւ գիշերային բաժին: Ցերեկը ներքին` երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ էջերը կը պատրաստուէին եւ կը շարուէին, գիշերը` արտաքին չորս էջերը: Գրաշարները երկու խմբակի բաժնուած էին, իւրաքանչիւրը շաբաթ մը ցերեկը, շաբաթ մը գիշերը: Միւս խմբակը կը կազմէին Աւետիս Պաւուկեան եւ Վարդան Պոյաճեան: Էջադրումի ցերեկային բաժինը ստանձնած էր արեւմտեան Պէյրութի բնակիչ Յակոբ Գալայճեան:
Աշխատակազմին առանձնայատուկ դէմքն էր Հենցը` Գրիգոր Արիստակէսեան, տպարանին պահակը, աշխատակիցներուն պահապանը, հաւատարիմ ընկերը եւ հաճելի զրուցակիցը:
Ժամանակ մը ետք, ապահովական կացութեան վատթարացումով եւ գիշերային երթեւեկի անկարելիութեան պատճառով, տպարանին միւս աշխատակիցներն ալ, որոնք արեւելեան Պէյրութ կը բնակէին, հարկադրուած եղան բնակութիւն հաստատելու «զօրանոց»էն ներս եւ շաբաթավերջերուն միայն տուն երթալու: Ցերեկային աշխատանքի բաժինը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ գրաշարները մէկ խմբակի վերածուեցան:
*
* *
Տունէն գործ եւ գործէն տուն շաբաթական երթեւեկը, Սարգիսին եւ Արմէնին ինքնաշարժներով, խմբովին կը կատարէինք: Շաբաթ առտու տպարանէն ճամբայ կ՛ելլէինք, իսկ կիրակի կէսօրէ ետք ժամը երկուքին Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» ակումբին առջեւը կը հաւաքուէինք եւ ճամբայ կ՛իյնայինք: Յաճախ մեզի կ՛ընկերակցէին նաեւ պահակութեան կամ այլ գործերով արեւմտեան Պէյրութ ուղղուողներ կամ հոնկէ տուն վերադարձողներ: Եղան ժամանակներ, երբ շաբաթավերջերուն ալ կարելի չեղաւ վերադառնալ: Մայրաքաղաքին «արեւելեան» եւ «արեւմտեան» կողմերուն միջեւ սահմանագիծը հատող ճամբաները արձակազէններու եւ զինեալ տարրերու քմահաճոյքին ենթակայ էին: Ճամբայ ելլելէ առաջ պէտք էր հարցնել, ստուգել, թէ ո՛ր ճամբան բաց էր եւ նուազ վտանգաւոր, ո՛ր ճամբան` գոց կամ աւելի վտանգաւոր: Արձակազէններու փամփուշտներուն ու ռմբակոծումներու կրակին բռնուելու վտանգը միշտ աչքի առջեւ էր, եւ քանի անգամ ալ մազապուրծ ազատեցանք կամ պատահականութիւնը փրկեց մեզ:
Անգամ մը, տունէն գործի գացած ժամանակ, չորս հոգիով` Արմէնին, Մունիրին եւ Լեւոնին հետ, սահմանագիծին վրայ, արեւմտեան կողմը զինեալ տարրերու կողմէ բռնուեցանք: Զնտան մը իջեցուցին մեզ, ուր քանի մը մոմեր վառած էին եւ խորքէն խոշտանգումի ձայներ կը լսուէին: Արագահարուածները ուղղեցին մեր վրայ, «Նապաայի վրէժը լուծել» սպառնացին եւ մահը ցոյց տալէ ետք արձակեցին:
Ուրիշ անգամ մը, գործէն տուն վերադարձին, երբ Սարգիսին հետ ձիարձակարանին պատին առջեւէն հետիոտն կ՛անցնէինք, արձակազէններու կրակին բռնուեցանք. նոյն պահուն ռմբակոծումը սկսաւ եւ հազիւ հազ մենք մեզ աւազէ տոպրակէ դիրքի մը ետեւ նետեցինք: Յետոյ իմացանք, որ նոյն այդ ժամուն հոն քանի մը զոհեր ինկած էին:
Անգամ մըն ալ իմաստասիրութեան դասախօսիս` Վազգէն Էթիեմեզեանին հետ տուն կը վերադառնայինք: Արեւելեան կողմը անցնելէն ետք զինեալներ կեցուցին մեզ եւ զիս ինքնաշարժէն վար առին, իսկ դասախօսիս հրահանգեցին հեռանալ: Վճռական կերպով եւ ինքզինք վտանգելու գնով Էթիեմեզեան միջամտեց եւ ըսաւ, որ ինք իմ դասախօսս է, չի կրնար զիս ճամբան ձգել եւ աւելցուց, որ եթէ չձգեն զիս, ինք տեղէն պիտի չշարժի: Դասախօսիս վճռական կեցւածքը իր ազդեցութիւնը գործեց եւ ձգեցին զիս:
*
* *
Պատերազմի, անապահովութեան, ռմբակոծումներու, թաղային կռիւներու, առեւանգումներու եւ սպանութիւններու այդ օրերուն ամբողջ օրը միասին էինք: Ստեղծուած էր հաւաքական կեանքի գոյավիճակ մը, ընկերական մտերմիկ ջերմ մթնոլորտ մը, որ տարբեր էր սովորական նկատուող կեանքէն, եւ անբացատրելի համ ու հոտ ունէր:
Գիշերը, աշխատանքը որոշ հանգրուանի մը հասցնելէ եւ ընդհանրապէս ներքին չորս էջերուն ստուգումը կատարելէն ետք, սովորաբար լուրերու պահուն, հաւաքական ճաշի ժամն էր. «կէսօրուան ճաշ» կը կոչուէր, բայց Պետիկին համար` «նախաճաշ»:
Ուտեստեղէնի գնումներուն պարտականութիւնը Լեւոնին եւ օֆիս պոյ Հիւսէյնին յանձնուած էր, իսկ դրացի մսավաճառը` Ահմէտ ստանձնած էր ճաշերու պատրաստութեան պատասխանատուութիւնը: Կարգ մը ճաշեր ալ տպարանը կը պատրաստէինք: Բոլոր ծախսերը խմբագրութիւնը ստանձնած էր:
Կէս գիշերին, գործը բաւական կարգի դնելէն եւ արտաքին երկու-երեք էջերուն ստուգումը կատարելէն ետք դադարի պահն էր, եւ իբրեւ տպարանին կրտսերը կամ «չոճուխը», սուրճ կամ թէյ պատրաստելու «ազգային պարտականութիւնը» ինծի յանձնուած էր:
Յետոյ կը սկսէր «վերջին ճակատամարտը»` սպասելով պատկերասփիւռէն, ձայնասփիւռէն կամ «Ռոյթըրզ» եւ «ԱՖՓ» լրատու գործակալութիւններէն քաղուող վերջին լուրերուն, թարմ լուրերուն: Սարգիս ամենայն բարեխղճութեամբ կը սպասէր եւ սպասցնել կու տար, որպէսզի նորութիւն մը դուրս չմնայ, եւ թերթը վերջին լուրերով լոյս տեսնէ:
Ելեկտրականութեան ընդհատման, մեքենական խանգարման, կապարները սառելու եւ կամ շարուած ու ամրացուած էջերէն մէկը փրթելու եւ թափելու պարագային, բաներ, որոնք այնքան ալ արտասովոր երեւոյթներ չէին, գործը կ՛երկարէր եւ յաճախ ալ արշալոյսը կը խնկարկէինք:
Լարուած աշխատանքի, յոգնութեան, անուշադրութեան, ինչպէս նաեւ էջադրումի սխալի կամ մաշած գիրերու պատճառով վրիպակներ կը սպրդէին: Համագումարը անգամ մը շարուած էր մահագումար: Զօրի Բալայեանը եղած էր Ջորի Բալայեան: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` մմենայն հայոց կաթողիկոս: Իբրեւ հայոց պատմութեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն արձանագրուած էր Աշոտ Ողորմած թագաւորին կողմէ Բագրատունիներու ախոռը Անի տեղափոխելու իրադարձութիւնը: Սպիտակ տունը եղած էր Սպիտակ շունը: Ուրիշ անգամ մըն ալ «Եասէր Աարաֆաթ Հիւսէյն թագաւորին հաւերով» (հրաւէրով) Ամման ժամանած էր:
Կը պատահէր, որ տպագրութիւնը սկսելէն ետք սխալ մը նկատուէր. այդ ժամանակ տպագրութիւնը կը կեցնէինք եւ կը սրբա- գրէինք: Անգամ մը, նախագահ Իլիաս Սարգիսի յուղարկաւորութեան խորագիրը շարուած էր` «Վերջին յարգանգ նախագահ Իլիաս Սարգիսի»: Տպագրութիւնը սկսելէն բաւական ետք Սարգիս սխալը նկատելով` ըսաւ. «Այս ի՜նչ յարգանք է»: Տպագրութիւնը կեցուցինք, սրբագրեցինք, բայց որովհետեւ բաւական, հաւանաբար քանի մը հարիւր թիւ արդէն տպուած էր եւ կարելի չէր զանոնք թափել, «ասիկա ալ մեր կողմէն յարգանք մը թող ըլլայ», ըսինք: Թերթին մէկ մասը լոյս տեսաւ «յարգանգ»-ով, մնացեալ մասը` «յարգանք»-ով:
Այլ անպատեհութիւն մըն էր կապարին ծուխն ու մուրը, մանաւանդ` կապարները հալեցնելու ժամանակ. բան մը, որ հակաառողջապահական էր եւ թոքերուն կ՛ազդէր: Բայց կաթն ու մածունը հակաթոյն էին:
Գործը աւարտելէն ետք, գիշերուան ժամը երկու, երեք կամ աւելի ուշ` ընթրիքի պահն էր, բայց Պետիկին համար կէսօրուան ճաշ էր ատիկա:
Յետոյ, մինչ Մունիր եւ Լեւոն տպագրութեան կը սկսէին (անոնք տպարանը կը քնանային), բոլորս մէկ, խմբովին «զօրանոց» կը բարձրանայինք: Քնանալէ առաջ օրուան լուրերուն եւ քաղաքական ու զինուորական վերիվայրումներուն քննարկումը կը կատարուէր, եւ երբեմն ալ թղթախաղի սեղանին շուրջ արեւածագը կը դիմաւորւէր:
Թղթախաղի սեղանին շուրջ ուրիշ մթնոլորտ մը կը ստեղծուէր: Ակնարկութիւններ կ՛ըլլային` դուն այսպէս պէտք էր ընէիր, այնպէս պէտք չէր ընէիր, այս թուղթը պէտք էր խաղայիր, միւսը պէտք չէր խաղայիր: Կարապետ ամէնէն մոլի եւ լարուած խաղացողն էր եւ շատ կը նեղուէր ու կը կարմրէր պարտութեան պարագային: Երբ շահէր, բոլորս մէկ կը ձայնակցէինք` «Սահթէյն Կարապետ սահթէյն, սահթէյն Կարապետ սահթէյն»: «Կերէ՛ք, հա, կերէ՛ք, աչքով կերէք», կ՛ըլլար Կարապետին պատասխանը:
Վերջին քնացողը միշտ Պետիկն էր. առանձին քաշուած` բանաստեղծութիւն կը գրէր, «պսակ կը հիւսէր», արագ-արագ կը խմէր, կը ծխէր, սենեակը ծուխով կը պատէր եւ առտուն կամ կէսօրուան մօտ, «ընթրելէ» ետք, կը քնանար:
*
* *

Սարգիս Մահսէրէճեան, Աւետիս Պաւուկեան, Կարապետ Գրիգորեան, Փանոս Մանճեան, Վրէժ Մատթէոսեան. նստած` Լեւոն Սարգիսեան
Կէսօրին, արթննալէ ետք, տպարան` «Խոր Վիրապ» առաջին իջնողը Սարգիսն էր: Օրուան լուրերու ընթացքին կը հետեւէր, նիւթերը կը դասաւորէր, եւ անձնակազմի դժուարութեան պայմաններուն տակ` շուրջ տասնչորս-տասնհինգ ժամ բացառիկ լարուած կեդրոնացումով էջերը կը լեցնէր. կարելի է ըսել` խմբագրական գործին մեծագոյն մասը ինք կը կատարէր:
Սարգիս, եղբօր մը նման, հոգատարութեամբ կը հետեւէր մեր առօրեային, թելադրութիւններ կ՛ընէր, որ հոգ տանինք մեր կենցաղին եւ անապահովութեան պայմաններուն տակ` վտանգաւոր կացութիւններու չենթարկուինք:
Սարգիս Մահսէրէճեան ինք քաջալերեց զիս յօդուածագրութեան սկսելու, ուղղութիւն տուաւ, թելադրութիւններ ըրաւ եւ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ Հայաստանի աշխարհագրութեան նուիրուած առաջին յօդուածաշարքս աւարտին հասցնելու համար:
Աւետիս` տպարանին Պապուկը կամ Ծերունին, մոլի ծխող էր եւ սիկարեթը բերնէն չէր ձգեր: Արագ եւ գրեթէ առանց մեքենային առջեւէն շարժելու աշխատելուն համար «աննահանջ թնդանօթ» կոչումին արժանացած էր: Այնքան մաքուր կը շարէր, որ երբեմն իր շարածը սրբագրելու ժամանակ կը մօտենար եւ կ՛ըսէր. «Ի զուր սխալ կը փնտռես»: Եւ իսկապէս ալ երկար եւ դժուար ընթեռնլի ձեռագիրներ անսխալ կը շարէր: Ամէնէն «խրթին» նկատուող յօդուածները ինք կը ստանձնէր եւ այնպիսի արագութեամբ կը շարէր, որ աւարտելէն ետք կ՛ըսէր. «Սկիզբէն մինչեւ վերջ շարեցի, վերջացուցի, բայց նոյնիսկ չհասկցայ, թէ նիւթը ի՛նչ բանի մասին է»: Պապուկ հպարտ էր իր հաճընցիութեամբ եւ միշտ տարակարծիք էր Պետիկին հետ. Մուսա լերան 1915-ի քառասուն օրուան հերոսամա՞րտը պատմական աւելի մեծ իրադարձութիւն էր, թէ՞ Հաճընի 1920-ի ութամսեայ գոյամարտը:
Վարդան` տպարանին Ռոզը, անցեալին երկար տարիներ եկեղեցին դպիր եղած էր եւ լաւ ձայն ունէր: Սովորութիւն ունէր աշխատանքի ժամանակ երգելու կամ խունկ մը աղօթք շարականելու: Ատենին ան վիրաւորուած եւ մէկ աչքն ու ականջը կորսնցուցած էր: Պետիկ յատուկ երգ մը նուիրած էր անոր` «Ռոզ պոյիդ մեռնեմ»:
Կարապետ` տպարանին Կրպակը կամ Սիւփըրմարքեթը, հաղորդական եւ կատակասէր էր: Մաքուր կը շարէր, բայց երբեմն դիտմամբ արտառոց սխալ մը կը սպրդեցնէր եւ վերջին պահուն բռնելով կամ բռնել տալով` զուարճալիքներ կը հիւսէր: Ստամոքսի անհանգըս-տութենէ կը տառապէր, ճաշերուն ուշադրութիւն կ՛ընէր, չէր ծխեր եւ ոգելից ըմպելի չէր գործածեր: Օր մը «Արա Երեւանեան» ակումբին դիմացի ճաշարանը մտած էր պատառ մը բան ուտելու, եւ շէկ ըլլալուն պատճառով զինեալներուն կողմէ օտարական կարծուելով` բռնուած, բայց յետոյ, ինքնութիւնը հաստատուելէն ետք ազատ արձակուած էր: Այդ օրէն անունը մնաց Շիկամօրուս, եւ Պետիկ «պատմականօրէն» փաստարկեց, որ ան խաչակիր առաջնորդ Ֆրետերիք Շիկամօրուսի սերունդէն է: Ֆրետերիք Մուսա լեռ այցելած է եւ Սեբաստիա փոխադրուած անոր շառաւիղներէն է Կարապետ:
Աղաճան` տպարանին Աղան, յարաբերաբար աւելի ինքնամփոփ էր, անիրաւութիւններ չէր հանդուրժեր եւ խաչբառ լուծելու մեծ հետաքրքրութիւն ունէր: «Վալիզ» կոչումին արժանացած մեծ տոպրակ մը ունէր, որ թանկագին գանձի պէս միշտ քովը կը պահէր` տպարանէն «զօրանոց» եւ «զօրանոցէն» տպարան: Նապաթիէն միշտ Նաապաթիէ կը շարէր, պաաս կուսակցութիւնը` պասս կուսակցութիւն: Հպարտ էր իր կարմուճցիութեամբ եւ միշտ կ՛ըսէր, որ Կարմուճի քաջերը ուրֆացիներուն փառքն ու պարծանքը եղած են: Իր տեսաշխարհին մէջ կեդրոնական տեղ ունէր Արաբփունարը, ուր ապրած էր իր մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը:
Վրէժ` տպարանին Ֆրեզը կամ Ելակ հօրեղբայրը, անցեալին «Լ՛օրիան լը ժուր» ֆրանսատառ թերթին մէջ աշխատած էր եւ հայերէնը «Ազդակ»-ի մէջ սորված էր: Առանց գրութեան իմաստին հետեւելու կը շարէր, աւելի ճիշդ` «կը նկարէր», եւ երբեմն անկապ նախադասութիւններ կը կազմէր ու ծիծաղելի սխալներ կը սպրդեցնէր: Խօսակցութեան մէջ ալ սխալ բառեր կը գործածէր եւ սիկարեթը վառելէն ետք «մոխրապնակը» կը փնտռէր: Նշանաւոր էր ծովային արկածախնդրութեան իր պատմութիւնը, որ բազում անգամներ յետին մանրամասնութեամբ պատմած էր. պատմած ժամանակ ձեռքերը թիավարելու ձեւով շարժելով` կ՛ըսէր. «Թէա՛վարեցինք, թէա՛վարեցինք»:
Արմէն` տպարանին Սրբազանը կամ Պատրիարքը, էջադրումի աշխատանքին վրայ հակած, սիկարեթը ձեռքը, միաժամանակ երբեմն սուրբ պատարագի երգեցողութիւն կը կատարէր: Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ ունէր. տպարան բերուած արաբերէն բոլոր թերթերը աչքէ կ՛անցընէր, պատմական, գրական կամ կրօնական գիրքեր ձեռք կը ձգէր կամ փոխ կ՛առնէր եւ աշխատանքէն ետք կամ հանգիստի ժամերուն ինքզինք ընթերցանութեան կը նուիրէր: Ընտանիքը Հալէպ կը մնար եւ յետոյ Պէյրութ փոխադրուեցաւ: Գործի բերումով ինք քիչ առիթներով կինն ու զաւակները տեսնելու հնարաւորութիւն ունէր: Մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին յուզումով կ՛արտայայտուէր, որ ընտանեկան կեանքէն հեռու ապրեցաւ եւ չկրցաւ հօրենական իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարել զաւակներուն հանդէպ: Քանի անգամ արաբական թերթերէ գործի առաջարկներ եկան իրեն, անգամ մըն ալ Հալէպէն աշխատանքի հրաւէր ստացաւ, եւ` վարձատրութեան աւելի լաւ պայմաններով, բայց Արմէն միշտ ալ մերժեց ճակատը լքել: Հետագային, արեւելեան շրջան փոխադրուելէն ետք ան քահանայ եղաւ տէր Վարանդ անունով, Քանատա փոխադրուեցաւ եւ հոն ալ վախճանեցաւ:
Հենց, փաղաքշականօրէն` Հենցուկը, իր արկածալից յուշերով, պատմութիւններով, պատմական քննարկումներով ու զուարճալիքներով իւրայատուկ մթնոլորտ կը ստեղծէր: Հետաքրքրական էին անոր պատմական քննարկումներն ու «գիտական» փաստարկումները: Կ՛ըսէր, որ Բաբելոնէն ելլելէն ետք Հայկ նահապետ կրնար բարեբեր երկիրներ եւ քարիւղով հարուստ վայրեր ալ նուաճել: Մեծ թշնամի էր Արա Գեղեցիկին, որ չէր ընդառաջած Ասորեստանի Շամիրամ թագուհիին ամուսնութեան առաջարկին: «Եթէ ընդառաջած ըլլար, հիմա Իրաքը մեզի կ՛ըլլար», կ՛ըսէր: «Աշխարհի մէջ ինչ կ՛ուզես ըրէ, ոճիր գործէ, ցեղասպանութիւն գործադրէ, թերեւս Աստուած կը ներէ, Վերջին դատաստանի օրը կրնաս ինքզինքդ արդարացնել. բայց եթէ աղջիկ մը ինք առաջարկէ եւ մերժես, ատիկա աններելի յանցանք է», կ՛եզրակացնէր Հենց:
Զաւէն Թորիկեան մարզական էջի խմբագիրն էր, մինչեւ ուշ երեկոյ լուրերուն կը սպասէր եւ տպարանի առօրեայ զուարճալիքներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր: Զաւէն արեւմտեան Պէյրութի բնակիչ էր:
*
* *
Թաղային, հակամարտ զինեալ խմբակներու կողմէ տպարանին մօտակայքը մղուող կռիւները կամ ծանր ռմբակոծումները կը խախտէին «բնականոն» մթնոլորտը: Պետիկ կը մերժէր տեղէն շարժիլ` առարկելով, որ կռուողները իր կարծիքը չեն առներ, հետեւաբար ինքն ալ պարտաւոր չէ անոնց քմայքին ենթարկուելու եւ տեղէն շարժելու: Իսկ Հենց, որ կը սիրէր ռմբակոծումներուն կամ արձակուող հրթիռներուն «հաճոյքը առնել» եւ «նաշան վայելել», պահ մը լուռ ականջ կտրելէ ետք, կռուող կողմերէն մէկուն կամ միւսին ուղղուած դիտողութիւններ կ՛արձակէր եւ յետոյ ալ զինուորական գիտելիքներու իր պաշարէն մեզի բաժին կը հանէր:
Եղաւ ժամանակ մը, մանաւանդ` հայերու իրերայաջորդ առեւանգումներու եւ սպանութիւններու շրջանին, երբ գիշերը տպարանէն տուն բարձրանալը, ճամբան քանի մը մեթրը կտրելը վտանգաւոր դարձաւ: Բարձրանալէն առաջ հեռաձայնային ներքին գիծով ակումբի պահակ տղոց լուր կու տայինք, արագահարուածներով ակումբին առջեւը, փողոցին ուղղութեամբ դիրք կը բռնէին, տպարանի շէնքին առջեւ ալ Լեւոն արագահարուածը ձեռքին կը սպասէր եւ այդպէս կը բարձրանայինք:
Արմէնին հետ երբեմն, հանդարտ օրերուն, յետմիջօրէները Սանայեհ, մօտակայ հանրային պարտէզ երթալու եւ քիչ մը զբօսնելու սովորութիւն ըրած էինք: Օր մըն ալ առանձին գացած էի: Նշմարեցի, որ քիչ մը անդին երեք հոգի կը փորձեն լուսանկարել զիս: Անմիջապէս անկիւնը դարձայ: Քիչ ետք նկատեցի, որ այլ ուղղութեամբ մը մօտեցան եւ դարձեալ փորձեցին լուսանկարել: Արագօրէն հեռացայ եւ այլեւս չմտածեցինք այդ կողմերը երթալ:
Երեկոյ մը բոլորը գործի իջած էին եւ «զօրանոցի» սենեակները քիչ մը կարգի կը դնէի, երբ դուռը զարնուեցաւ. խոհեմութիւն չնկատեցի բանալ: Քանի մը օր ետք դարձեալ նոյնը կրկնուեցաւ, եւ այլեւս նախընտրեցիք նոյնիսկ ցերեկը առանձին չմնալ:
Նուպար Չարխուտեան` թերթին մէջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող «Խաւարի ասպետներ»-ուն հեղինակը, որուն բնակարանը տպարանէն քանի մը տասնեակ մեթր անդին էր, ինքզինք անապահով զգալով` անկողինը մեր մօտ փոխադրեց: Տպարան իջնելէն ետք, Նուպար, որ չափազանց ճշդապահ էր աշխատանքի իր ժամերուն մէջ, կը սիրէր նախ օրուան թերթը աչքէ անցընել եւ յետոյ գործի սկսիլ: Զուարճալիք մը պատրաստելու մտքով, Լեւոն, որ իւրաքանչիւրին բաժին թերթը մէկ կողմ դրած կ՛ըլլար, Նուպարին բաժինը վերցնելով` կը պահէր:
– Աշխարհի մէջ ամէն տեղ կրնաս «Ազդակ» օրաթերթ գտնել, բացի «Ազդակ» օրաթերթի տպարանին մէջ,- կ՛ըլլար Նուպարին սովորական գանգատը:
*
* *
Այդ օրերու առօրեային մաս կը կազմէր նաեւ տպարանին ճիշդ վրան, շէնքի մուտքին բնակող երգչուհի Մաթիլտ Պուտագեանը: Ամէնօրեայ հիւրը, գիշերային զրուցակիցը, որ բոլորին ըսելիք մը, կատակ մը ունէր, կը խնդար, կը խնդացնէր եւ մթնոլորտը կը թեթեւցնէր: Պետիկ յաճախ անոր կը դիմէր, աշուղական այս կամ այն երգին բառերը կը խնդրէր, եւ յետոյ, «սիրային տարեգրութիւնը հարստացնելու համար» ձեռքը բռնելով` խնդակցութիւնը կը յայտնէր:
Օր մը ռմբակոծումներուն ժամանակ Մաթիլտին տունը վնասուեցաւ. վազեցինք, ելանք եւ կարելիութեան սահմանին մէջ օգնեցինք: Յաջորդ օր Մաթիլտ անուշեղէնով եկաւ շնորհակալութիւն յայտնելու: Սարգիս, քաղցրաւենին ճաշակելէն ետք մաղթեց. «Մաթիլտ, ամէն օր ռումբ մը թող գայ տունդ եւ ամէն օր մեզի անուշեղէն բեր»:
Տպարանին եւ ակումբին միջեւ գտնուող բաց տարածութեան վրայ երկու փոքր ճահիճներ կազմուած էին: Պահակ տղոցմէ մէկը այդ ճահիճները Վանայ եւ Սեւանայ լիճերուն նմանցուց: Մաթիլտ ձայնը բարձրացուց. «Ինչպէ՛ս կը համարձակիս այդ աղտոտ ճահիճները մեր աննման լիճերուն հետ բաղդատել»:
«Արա Երեւանեան» ակումբը, իր պահակ տղոցմով, շէն էր եւ յաճախակի այցելութիւններ կը փոխանակէինք: Պահակ տղաքը պարբերաբար կը փոխուէին: Մնայուն պահակն էր Յակոբ Պզտիկեան եւ կինը` Ալիս մայրիկը. բարեհամբոյր եւ ծառայասէր, անոնք միշտ աշխատեցան օգտակար ըլլալու բոլորին:
*
* *
Ճեմարանը մաս կը կազմէր առօրեայ կեանքին: Հայագիտականին արեւելեան շրջան փոխադրուելէն ետք ալ շրջանաւարտ գիշերօթիկներէն ոմանք, գլխաւորաբար` պարսկահայերը, մնացած էին: Պահակ տղաքն ալ իրենց կարգին մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծած էին:
Մանկավարժութեան դասախօսիս` Մուշեղ Իշխանին հետ երկար կը ճեմէինք Ճեմարանի բակը: Զուարթախոհ, պարզ եւ հաղորդական` կը սիրէր զուարճալիքներ պատմել: Օր մը սորվեցուց, որ ձուկին արու կամ էգ ըլլալը գիտնալու համար պէտք է շօշափել. եթէ մարմինդ գրգռուի` էգ է, այլապէս` արու:
Հայագիտականի ընկերուհիներս քրոջական ջերմ եւ հոգածու վերաբերմունք ունէին, յաճախ ճաշի կը հրաւիրէին կամ իրենց պատրաստած քաղցրաւենիներով կը հիւրասիրէին:
Սուրբ Նշան եկեղեցին Ճեմարանէն քիչ մը անդին էր: Մուտքի կողմի դիրքը վտանգաւոր կը նկատուէր եւ առաւելաբար ետեւի բակի կողմէն ելումուտ կը կատարուէր: Մեծ պահքի կամ Աւագ շաբթուան ընթացքին` յետմիջօրէները, կամ` կիրակի առաւօտ, աղջիկները եկեղեցի երթալու աւանդութիւնը պահած էին. միշտ ձայն կու տային եւ իբրեւ «պատուոյ պահակ» կ՛ընկերակցէի անոնց:
Տէր Վրթանէս քահանան, որ անցեալին Քեսապի հովիւը եղած էր, միշտ կը հետաքրքրուէր գիւղական նորութիւններով եւ գիւղացիներուն վիճակով:
Պետիկին հետ երբեմն Համրա` Պօղոս Սնապեանենց այցելութեան կ՛երթայինք: Երբ Սնապեանները Այնճար երթային, տունը Պետիկին կը վստահէին: Երբեմն ալ եւ յատկապէս շաբաթավերջերուն Պետիկ հոն կը քնանար:
Անգամ մը Համրա երթալու ժամանակ ճամբան կրակոցներու բռնուեցանք: Ուրիշ անգամ մըն ալ Սնապեաններուն տան մօտակայքը բռնուեցանք եւ հարցուփորձի ենթարկուեցանք. Պետիկ քանի մը անկապ բառերով պատասխանեց. «թրքիշ» ըսին եւ ճամբու դրին:
Տպարան վերադառնալէն ետք Պետիկ ըսաւ. «Այսօր շատ վտանգաւոր ցամաքահանում մը կատարեցինք»: Հենց ձայնը բարձրացուց.
– Տղա՛ք, մի՛ երթաք, Աստուած չընէ, եթէ ձեզի բան մը պատահի, ի՞նչ պիտի ընենք:
Ատիկա եղաւ Պետիկին հետ Համրա մեր վերջին ուղեւորութիւնը:
Քանի մը խօսք ալ` այդ օրերու իրերօգնութեան մասին: Եղան ժամանակներ, երբ համայնավարներուն տպարանը թուղթի տագնապի մատնուեցաւ եւ մեզմէ օգնութիւն խնդրեցին: Փոխադարձաբար ալ, երբ մենք թուղթի տագնապի մատնուեցանք, անոնք ձեռք երկարեցին: Տակաւին ճամբաները յարաբերաբար ապահով էին, երբ «Զարթօնք» «Ազդակ»-ին դիմեց` խնդրելով առժամաբար էջադրող մը տրամադրել, յայտնելով, որ այլապէս պիտի չկարենան թերթը լոյս ընծայել: Արմէն օգնութեան փութաց, որպէսզի աշխատակիցի չգոյութեան պատճառով հայ թերթի մը լոյս ընծայումը չընդհատուի:
*
* *
Գործը առաջին ձգողը եղաւ Վարդանը: Մեկնումի պահուն, ողջագուրուելէն ետք, յուզումէն դողդղացող ձայնով մը ըսաւ. «Պիտի տառապիք, կարօտէս պիտի տառապիք… ես ալ ձեր կարօտէն պիտի տառապիմ»: Ամերիկա փոխադրուած ընտանիքին քով գնաց եւ շատ չանցած` մահացաւ: Պետիկ, որ սովորութիւն ունէր միշտ եւ ամէն բան զուարճալիքով դիմակալելու, ըսաւ. «Ով գիտէ` Ամերիկայի ո՛ր ածխահանքը գնաց ճգնեցաւ, քանի տակառ ասիտ, քանի տակառ պենզին խմեց, որ այդքան շուտ մահացաւ»:
Իբրեւ էջադրողի օգնական` տպարանի աշխատակազմին միացաւ Ճոնի Հայտոսթեան, որ իր բարեհամբոյր եւ հաղորդական բնաւորութեան շնորհիւ բոլորին սիրելին եւ մտերիմը դարձաւ: Երբեմն հետը շիշ մը օղի կը բերէր. կը սիրէր մթնոլորտ ստեղծել եւ դիմացինը ուրախացնել: Անգամ մը Արմէն երկու-երեք օրուան համար արձակուրդ առաւ Հալէպ` ընտանիքին քով երթալու: Մեկնելէն առաջ Ճոնի ատրճանակը ցոյց տալով անոր ըսաւ. «Մէկ շաբաթէն առաջ եթէ դառնաս, ոտքերէդ պիտի զարնեմ»: Եւ յօժարակամ ան շաբաթ մը առանձին ստանձնեց ամբողջ գործը: Քանի մը ամիս ետք Ճոնի զոհ գնաց արձակազէնի մը փամփուշտին:
Աշխատակազմին յաջորդ կորուստը եղաւ Պետիկը: Անկանոն իր ապրելակերպը լրջօրէն վնասած էր առողջութեան: Վերջին շրջանին յաճախ յոռետեսական արտայայտութիւններ կ՛ունենար եւ ինքզինք «տկար ծնունդ» կը նկատէր: Ուտելը յաճախ կը մոռնար, ինքզինք աւելի խմելու եւ ծխելու տուած էր, անհանգիստ կը քնանար եւ ջղային դարձած էր: Որոշեց գործը ձգել` հանգստանալու մտքով: Շատ խնդրեցի, որ հրաժարի գործը ձգելու մտադրութենէն, բայց նկատի չառաւ ըսածս: Հրաժեշտի պահուն, երբ պիտի մեկնէր, փորձեցի արգելք հանդիսանալ եւ աղաչեցի, որ մնայ եւ առանձին չձգէ մեզ, բայց Պետիկ ըսաւ. «Յոգնած եմ եւ պիտի երթամ ձիւն տեսնելու, հանգըստանալու»: Հանգիստ մը, որ աւա՜ղ եղաւ անվերջանալի:
«Հայ բանաստեղծները երկար չեն ապրիր», ըսած էր Պետիկ: Վերջին հանդիպումներուն` «պիտի տապալիմ» ըսաւ: Իրապէս ալ շատ չանցած` ծանրօրէն հիւանդացաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Իբրեւ վերջին փափաք, խնդրեց, որ ժողովուրդը չխղճայ վրան: Եւ երբ երեկոյ մը զարմիկը` Վարուժան հայր սուրբը ուրիշ ազգականի մը հետ անակնկալօրէն տպարան մտան, տակաւին բան մը չըսած` հասկցայ, որ Պետիկ այլեւս ոչ եւս էր:
*
* *
Արեւմտեան Պէյրութի 1987 փետրուարի կռիւները եկան վերջակէտ մը դնելու արեւմտեան շրջանին մէջ մեր աշխատանքին: Կռիւները, ծանր զէնքերով, կը մղուէին մեր անմիջական շրջակայքը: Վերջին թիւը տպարանէն լոյս տեսաւ, բայց կարելի չեղաւ ցրուել: Մէկ շաբաթ մեր բնակած շէնքին ապաստանարանը անցուցինք: Արձակազէնին փամփուշտները մինչեւ ապաստանարանին դուռը կը հասնէին: Գիշեր մը ռմբակոծումներէն բաժին ինկաւ նաեւ մեր բնակած յարկաբաժինին. հրդեհ բռնկեցաւ, եւ շատ մը գիրքեր ու հաւաքածոներ հրոյ ճարակ դարձան:
Յետոյ Պուրճ Համուտ փոխադրուեցանք (խմբագրատունը արդէն շատոնց փոխադրուած էր) եւ ժամանակաւոր կերպով այլ տպարանի մը մէջ թերթը լոյս տեսաւ, մինչեւ որ «Շաղզոյեան» կեդրոն փոխադրուեցանք: Ժամանակ մը ետք կապարով բանող lynotype մեքենաները համակարգիչներով փոխարինուեցան, եւ աշխատանքին ընթացքը փոխուեցաւ:
Այսօրուան աշխատանքի ձեւը, մթնոլորտը եւ պայմանները, բնականաբար, տարբեր են: Այլեւս չկայ «խորվիրապեան» տպարանը. խղճուկ նկուղը` իր փոքր սենեակներով. չկան կապարի ծուխն ու հոտը, մելանի եւ մեքենաներու մուրն ու փոշին: Պատմութեան անցած է գիրքերու կոյտերու եւ փոշիներու մէջ կորսուած «զօրանոցը»: Այլեւս անհուն եւ ախտագին կարօտի վերածուած քաղցր յուշ դարձած է հաւաքական այդ կեանքը, որ իւրայատուկ էր եւ անվերականգնելիօրէն պատմութեան գիրկը անցած է:
Կեանքի բնականոն ընթացքով` տերեւաթափը իրարու ետեւէ տարաւ հին աշխատակիցները. անոնք ափ մը հող դարձան: Ոմանք ալ հեռացան, գաղթեցին, եւ նոր աշխատակիցներ եկան շարունակելու անոնց առաքելութիւնը: Տարիներու հեռաւորութեան վրայ արձանագրուած այս տողերը թող վկայութիւն մը ըլլան յիշատակին այն մարդոց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր միտքէն, հոգիէն, սիրտէն, արիւնէն եւ էութենէն բան մը տուաւ եւ իր ներդրումը ունեցաւ թերթի անխափան հրատարակութեան մէջ:



