«ԱԶԴԱԿ» ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

ՇԱ­ՀԱՆ­ԴՈՒԽՏ

84 տա­րե­կան է «Ազ­դակ»: Պար­տա­կա­նու­թիւն ստանձ­նած է ամէն օր զրու­ցե­լու իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ: Պատ­մած է ու կը շա­րու­նա­կէ պատ­մել մեր լաւ ու վատ, ու­րախ ու տխուր օրե­րուն մա­սին: Լա՞ւը շատ էր, թէ՞ վա­տը, տխո՞ւրը աւե­լի էր, թէ՞ ու­րա­խը. Աստ­ուա՛ծ գի­տէ, կա­րե­ւո­րը այն է, որ «Ազ­դակ» ներ­կայ է Լի­բա­նա­նի մէջ, բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած Պուրճ Հա­մուտ, «Շաղ­զոյ­եան» կեդ­րո­նի առա­ջին յար­կի վրայ: Բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք մըն է, կ՛ապ­րի հա­մե­րաշխ: Այս ըն­տա­նի­քին իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մը ստանձ­նած է պար­տա­կա­նու­թիւն մը, որ այն­քան ալ դիւ­րին չէ, որով­հե­տեւ լրջու­թիւն կը պա­հան­ջէ, կա­տա­կե­լու կամ զուար­ճա­նա­լու առիթ­նե­րը քիչ կը պա­տա­հին, որով­հե­տեւ հա­զիւ գլուխդ վեր առ­նես, կրնաս սխալ մը գոր­ծել, գիր մը պա­կաս կամ աւե­լորդ, խօսք մը ան­տե­ղի կամ շա­րա­հիւ­սու­թիւնը շե­ղած: Միշտ կեդ­րո­նա­ցած:

Մեր մօտ ամէն ինչ արդ­ի­ա­կա­նա­ցած է` տո­ղա­շար-գրա­շար մե­քե­նա­նե­րէ մին­չեւ պատ­ճէ­նա­հա­նը, էջադ­րի­չը, մին­չեւ մա­մու­լը: Ներ­կա­յիս նո­րու­թիւն մըն ալ ու­նե­ցանք. գու­նա­ւոր էջեր տպե­լու նո­րա­գոյն սարք մը, շնոր­հիւ մեր բա­րե­րա­րին` Եր­ջօ Սամ­ուէլ­եա­նին: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն` այս առա­տա­ձեռն հա­յոր-   դի­ին: Մօտ օրէն, այ­սօր կամ վա­ղը, մեր ըսա­ծը դուք ալ կը վկա­յէք:

Ամէն առա­ւօտ կա­նուխ ժա­մե­րուն «Ազ­դակ» թեւ կ՛առ­նէ ու կը թռչի հե­ռա­ւոր ափեր, ովկ­ի­ա­նոս­նե­րէն ան­դին: Այս թռիչ­քին թեւ կու տայ մեր Նել­լին, որ կը սրտնե­ղի յա­ճախ, երբ առա­քիչ մե­քե­նան խան­գա­րուն, չ՛ու­զեր, որ ու­շա­նայ, ժա­մադ­րու­թիւնը պէտք է յարգ­ուի: Ներ­կա­յիս «Ազ­դակ»-ի ըն­թեր­ցող­նե­րուն թիւը շատ աւե­լի է:

Տա­սը էջե­րու մէջ «Ազ­դակ» կը տե­ղադ­րէ նիւ­թեր` աշ­խար­հի ամէն կող­մե­րէն վերց­ուած: Պէտք է թարգ­մա­նենք այդ լու­րե­րը: Ու­նինք արա­բա­գէտ­ներ, անգ-  լ­ի­ա­գէտ­ներ, թրքա­գէտ­ներ, ֆրան­սա­գէտ­ներ, ան­շուշտ նա­եւ` հա­յա­գէտ­ներ, որոնց կա­մայ-կա­մայ սխալ­ին սրբագ­րու­թիւնը կը թո­ղունք տոքթ. Ար­մե­նակ Եղ­իայ­եա­նին: Մեր տնօ­րէն ըն­կեր Շա­հա­նը ազատ ձգած է բո­լորս` ար­տա­յայ­տե­լու մեր կար­ծի­քը, տե­սա­կէ­տը, իսկ տոք­թո­րը կ՛օգտ­ուի այս բար­եա­ցա­կամ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն…

Կեան­քը կ՛ըն­թա­նայ այն­պէս, ինչ­պէս որ է. այ­սու­հան­դերձ, ու­նե­ցած ենք մեզ­մէ յա­ւէտ բաժն­ուած գոր­ծա­կից­ներ, ոմանք` բնա­կան մա­հով, ու­րիշ­ներ լի­բա­նան­եան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կամ եղ­բայ­րաս­պան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով: Այ­սօր ցա­ւով կը յի­շենք այդ ան­բնա­կան օրե­րը, երբ «Ազ­դակ»-ի խմբագ­րա­տու­նը կը գտնուէր Պէյ­րութ մայ­րա­քա­ղա­քի արեւմտ­եան շրջա­նի Ուաթ­ուաթ թա­ղա­մա­սին մէջ: Եր­կու տար­բեր, բայց դրա­ցի շէն­քե­րու մէջ տե­ղա­ւոր­ւած էին տպա­րա­նը եւ խմբագ­րա­տու­նը: Դի­մա­ցի շէն­քին մէկ յար­կա­բա­ժի­նին մէջ կը գտնուէր «Բա­գին»-ի խմբագ­րա­տու­նը, որ կը ծա­ռա­յէր կարգ մը աշ­խա­տա­կից­նե­րու, խմբա­գիր­նե­րու կե­ցու­թեան վայր` գի­շե­րա­յին կամ ցե­րե­կա­յին ժա­մե­րուն: Գի­շե­րա­յին աշ­խա­տո­ղնե­րը հոն կը քնա­նա­յին կէս քուն, կէս ար­թուն: Ռում­բե­րու պայ­թում­նե­րը կը խան­գա­րէ­ին աշ­խա­տանք եւ հան­գիստ, բայց ձեւ մը կը գտնուէր թեր­թը լոյ­սին բե­րե­լու եւ հասց­նե­լու արե­ւել­եան Պէյ­րութ: Դժուար կա­ցու­թիւն մը, ճգնա­ժա­մա­յին վի­ճակ, որ նոյն ատեն կ՛անց­նէր յոյ­սով եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ: Այս մա­սին` փոքր մէջ­բե­րում մը: Տպա­րա­նին շէն­քին վեր­նա­յար­կին կը բնա­կէր հան­րա­ծա­նօթ երգ­չու­հի Մա­թիլտ Պու­տաք­եան, որ երե­կոյ­եան ժա­մե­րուն տղոց խան­դա­վա­ռու­թիւն ներշն­չե­լու հա­մար կ՛եր­գէր: Հի­ա­նա­լի ձայն ու­նէր Մա­թիլ­տը, որուն հիւ­րը եղայ քա­նի մը ան­գամ` սուրճ մը առ­նե­լու: Հիւ­րա­սէր եւ լա­ւա­տես տրա­մադ­րու­թեամբ ար­ուես­տա­գի­տու­հի մըն էր: Հոգի­ին լոյս իջ­նէ:

Երբ թնդա­նօթ­նե­րու որո­տում­նե­րը պար­բե­րա­բար լռէ­ին, կա­րե­լի կ՛ըլ­լար արեւմ­տեան արե­ւել­եան շրջան անց­նիլ յա­տուկ շար­ժա­վա­րի մը առաջ­նոր­դու­թեամբ, որ «Ազ­դակ»-ին մնա­յուն ԹԱՔ­ՍԻն էր:

Կէ­սօր­ուան ժա­մե­րը հա­ճե­լի պա­հեր կ՛ըլ­լայ­ին հա­ւա­քա­կան ճա­շի սպա­սար­կու­մով: Այդ տա­րի­նե­րուն ու­նէ­ինք մար­զա­կան խմբա­գիր մը` Յա­կոբ Գալ­փաք­եան, որ լաւ խո­հա­րար էր նոյն ատեն եւ յօ­ժա­րա­կամ ստանձ­նած էր ճա­շի պատ­րաս­տու­թիւնը: Հա­ճե­լի պա­հեր կ՛ըլ­լա­յին, ըն­թաց­քին` կը վա­յե­լէ­ինք լու­սա­հո­գի Յա­կոբ Սա­րաֆ­եա­նին սրամ­տու­թիւն­նե­րը` ՃՈ­Քե­րով հա­մեմ­ուած: Մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն էր խմբագ­րա­պետ Սար­գիս Մահ­սէ­րէճ­եան, որ կը      մի­ա­նար Սա­րաֆ­եա­նին, եւ կը շա­րու­նակ­ուէր փո­խա­սա­ցու­թիւնը: Տրտմու­թիւնը, յու­սա­հա­տու­թիւնը կը վե­րած­ուէր ծի­ծա­ղի: Ողոր­մի մըն ալ տանք Յա­կոբ Սա­րաֆ­եանի­ին, ական­ջը խօ­սի Սա­գօ Մահ­սէ­րէճ­եա­նին:

Եր­կու­շաբ­թի օրե­րը ԹԱՔ­ՍԻն մեզ կը փո­խադ­րէր Պուրճ Հա­մու­տէն «Ազ­դակ»ի խմբագ­րա­տու­նը, Ուաթ­ուաթ փո­ղոց, կը վե­րա­դառ­նա­յինք շա­բաթ օրե­րը` ապա­ւի­նե­լով հան­դարտ ժա­մե­րուն: Ես երե­կո­նե­րը կ՛եր­թա­յի Համ­րա թա­ղա­մա­սին մէջ բնա­կող Գլպաշ­եան ազն­ուա­կան ըն­տա­նի­քին տու­նը: Հոն ծա­նօ­թա­ցայ հի­ա­նա­լի հա­յուհիի մը` օրդ. Ռոզ Բե­ւե­ռին, Ամե­րիկ­եան հա­մալ­սա­րա­նի նախկին քար­տու­ղա­րուհի­ին, որ հանգստ­եան կոչ­ուած ըլ­լա­լով` կրնար սի­րով ըն­դու­նիլ տագ­նա­պի մատն­ուած հիւ­րե­րը: Յա­կոբ եւ Վա­հէ Գլպաշ­եան­նե­րուն մօ­րա­քոյրն էր ան, որ եղած էր նա­եւ անոնց սի­րե­լի մայ­րը: Ան ալ հրա­ժեշտ առաւ մեզ­մէ, որուն թաղ­ման չկրցանք ներ­կայ գտնուիլ դժբախ­տա­բար: Կա­յին, բայց չկան: Յի­շա­տակ­ներ կան, ան­մո­ռա­նա­լի եւ քաղցր:

Տա­րի­ներ տե­ւեց այս կա­ցու­թիւնը: Խմբագ­րա­տու­նը փո­խադր­ուե­ցաւ Պուրճ Հա­մուտ, բայց տպա­րա­նը մնաց միւս կող­մ: Եր­կու­շաբ­թի առա­ւօտ մը Սար­գիս Մահ­սէ­րէճ­եան պատ­րաստ է խմբագ­րա­տան մէջ, կը սպա­սէ քա­նի մը գրա­շար­նե­րու եւ էջադ­րող­նե­րու: Յօդ­ուած­նե­րը պատ­րաստ են եւ պի­տի տա­նին: ԹԱՔ­ՍԻն կը սպա­սէ վա­րը նեղ­լիկ փո­ղո­ցին մէջ:

– Տղա՛ք, ու­շա­ցանք, պէտք է եր­թանք,- կը խնդրէ Սար­գիս:

Տղա­քը լուռ են: Կա­րա­պե­տը ձայն տուաւ ժխտա­կան:

– Ըն­կեր Սա­գօ, չե՞ս լսեր ռում­բե­րու, հրթիռ­նե­րու պայ­թու­մը:

– Կը լսեմ, ես պի­տի եր­թամ, ո՛վ որ կ՛ու­զէ, թող գայ…

Գա­ցին` յանձն­ուած ճա­կա­տագ­րի ան­համ կա­տակ­ներ­ուն…

Այս­պէս ան­ցան օրե­րը 1976-էն մին­չեւ 1985, երբ տնօ­րէ­նու­թեան պաշ­տօ­նը ստանձ­նեց Վա­րանդ Փա­փազ­եան, որ արեւմտ­եան Պէյ­րու­թէն կու գար` փոր­ձանք­նե­րը դի­մա­կա­լե­լով: Կար­ճա­տեւ ժա­մա­նակ մը տպա­րա­նը փո­խադ­րե­ցին Պուրճ Հա­մու­տի մէջ գտնուող տպա­րան մը, ուր գէշ-աղէկ շա­րու­նակ­ուե­ցաւ աշ­խա­տան­քը` ան­խա­փան լոյս ըն­ծա­յե­լով մեր սի­րե­լի «Ազ­դակ»-ը:

Ի վեր­ջոյ… Հա­սանք 1990 թուա­կա­նը, երբ փո­խադր­ուե­ցանք «Շաղ­զոյ­եան» կեդ­րո­նի առա­ջին յար­կը եւ գետ­նա­յար­կի տպա­րա­նը ու­նե­ցանք: «Ազ­դակ» մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ իր ազ­գան­ուէր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը` Շա­հան Գան­տա­հար­եա­նի տնօ­րէ­նու­թեամբ: Անձ­նա­կազ­մը երի­տա­սար­դա­ցած է, նոր դէմ­քեր եկան շա­րու­նա­կե­լու հե­ռա­ցած­նե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րը: Կը շնոր­հա­ւո­րենք նո­րա­գոյն գի­տու­թիւն­նե­րու ըն­ձե­ռած բա­րիք­նե­րով օժտ­ուած «Ազ­դակ»-ը: Հա­զար շնոր­հա­կա­լու­թիւն` այն բո­լոր ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ բա­րե­րար­նե­րուն, որոնք օժան­դա­կե­ցին նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս, սա­տար հան­դի­սա­ցան օրա­թեր­թի վե­րել­քին:

Այժմ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը կը հրա­ւի­րենք` բա­րե­կամ մնա­լու «Ազ­դակ»-ին, ուր որ ալ գտնուին, մօ­տե­նան անոր հա­մա­կարգ­չա­յին գի­տու­թեամբ, հա­մա­ցան­ցի առաջ­նոր­դու­թեամբ: Ըն­թեր­ցա­նու­թիւնը հո­գե­կան հա­ճոյք է, թեր­թը ի ձե­ռին ու­նե­նալ ու կար­դա­լը առա­ւել հա­ճոյք է եւ հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թիւն: Կը խնդրենք մեր ըն­թեր­ցող­նե­րէն` նկա­տի առ­նել այս ճշմար­տու­թիւնը, «Դա­րը որ­քան ալ փոխ­ուած ըլ­լայ»…

Հա­ւա­տա­ցէք` «մենք չենք փոխ­ուած»: Հա­յուն խառն­ուած­քին չի պատ­շա­ճիր փոխ­ուիլ:

«Հայ ապ­րինք, եղ­բարք, մարդ­կու­թեան մէ­ջը»…

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES