«ԱԶԴԱԿ»Ի ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ
Գ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Հազար ինն հարիւր քառասունական թուականներու երկրորդ կէսին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը մտերիմ վայր մըն էր ինծի համար. շաբաթը քանի մը անգամ կը հանդիպէի հոն, թարգմանութիւններ կ՛ընէի, համադրութիւններ, հրապարակային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ, յօդուածներ կը գրէի սկաուտական կեանքի մասին: Կամաւոր աշխատակից էի:
Ինծի ուղղութիւն տուողներն էին Մուշեղ Իշխանը եւ Տիգրան Ոսկունին: Առաջինը Կարօ Սասունիին հետ կը խմբագրէր շաբաթօրեակը եւ սիւնակագիրն էր օրաթերթին, երկրորդը օգնական-խմբագիրն էր զոյգ հրատարակութիւններուն: Մուշեղ Իշխանը ամէն օր կը տեսնէի Ճեմարանի մէջ, ուր ուսուցիչ էր, բայց ինծի դաս չէր տար սկիզբը: Ոսկունին Դամասկոսէն կը ճանչնայի, բայց հոն մտերմութիւն չունէի հետը:
Առաջին յօդուածս գրեցի 1946ին: Միջերկրական ծովուն կը վերաբերէր: Պատմութեան մեր ուսուցիչը` Գառնիկ Գիւզալեանը, շատ խօսած էր անոր մասին, որոշ տեղեկութիւններ ալ գտած էի օտար հրատարակութիւններու մէջ: Երբ գրութիւնս տպուեցաւ «Ազդակ շաբաթօրեակ»-ի մէջ, ինքզինքս լրագրող կարծեցի…
Մեր տունը այն ատեն Ապտէլ Ուահապ Ինկլիզի փողոցը կը գտնուէր, Նասրայի կողմերը: Երկու միջոց ունէի երթալու Ճեմարան, որ այն ատեն Հրեաներու թաղին ծայրն էր. Ֆըրն Շըպպէքէն փարոս գացող թիւ 2 հանրակառքը կ՛առնէի մինչեւ Հաուզ Սաաթիէ եւ հոնտեղէն կը մագլցէի Ճեմարանի զառիվերը, կամ քալելով կ՛երթայի: Այդ պարագային շեղակի կը կտրէի Խանտաք Էլ Ղամիքը, կը հասնէի հիմակուան Ռիատ Սոլհ հրապարակը, որ անուն չունէր տակաւին, հոնկէ կը բարձրանայի Ս. Նշանի զառիվերը եւ աջ դառնալով` կը մտնէի Հրեաներու թաղը:
«Ազդակ»-ի խմբագրատունը կը գտնուէր զառիվայրին ստորոտը, խճաքարերով սալարկուած լայն աստիճաններու կողքին: Դիմացի կողմը արհեստանոցներ կային, որոնցմէ կը յիշեմ մանաւանդ վերմակագործի մը խանութը:
Խմբագրատունը կը բաղկանար մեծ սրահէ մը եւ երկու նոյնպէս մեծ սենեակներէ: Մուտքի աջին Հայկ Պալեանին գրասենեակն էր, ձախին` Ոսկունիին գրասենեակը, ուր կ՛աշխատէր նաեւ Մուշեղ Իշխանը, երբ խմբագրատուն գար: Օրաթերթը լոյս կը տեսնէր կէսօրէն առաջ եւ քաղաքական լուրերը կը թարգմանուէին ու կը տպուէին առտու կանուխ:
Քալելով դպրոց գացած օրերուս կանուխ կ՛ելլէի տունէն եւ ճամբուս վրայ կը հանդիպէի խմբագրատուն` Ոսկունիին օգնելու: Ան «Լ՛օրիան»-էն թարգմանած կ՛ըլլար արդէն լուրերը եւ հոն եղած ատենս կը զբաղէր սրբագրութեամբ: Ինծի կու տար ձեռագիրը, որ հետեւէի եւ ինք բարձրաձայն կը կարդար ու կը սրբագրէր տպագրական փորձը:
1947-ի ամառը իմ աշխատանքս կրկնապատկուեցաւ. ո՛չ քանակով, այլ` տեսակով: Սկսայ գրաշարութիւն սորվիլ` միշտ կամաւոր ձեւով: Միաժամանակ կը շարունակէի միւս աշխատանքներս:
Սրահին ձախ կէսը յատկացուած էր գրաշարներու տառասնտուկներուն` դէպի արեւելք նայող մեծ պատուհանի մը տակը: Ոսկունիի գրասենեակին մօտ, անոր կռնակ դարձուցած, կ՛աշխատէին օրաթերթի գրաշարները: Անոնցմէ կը յիշեմ Սարաֆեան եղբայրները: Անոնց դիմացը, դէմքով իրենց դարձած, Նիկողոսը կ՛աշխատէր: Ան գլխաւոր գրաշարն էր շաբաթօրեակին: Իրեն կ՛օգնէր Վահրամը, որ ինծի սերընդակից էր: Նոյն ամառը սկսաւ աշխատիլ նաեւ Յակոբ Սարաֆեանը, մեզի տարեկից, որ ի վերջոյ իր ամբողջ կեանքը «Ազդակ»ի յարկին տակ անցուց, նախ իբրեւ գրաշար, ապա` իբրեւ ծանուցումներու պատասխանատու:
Յակոբը եւ ես` երկուքս ալ սկսնակ, կը մրցէինք իրարու հետ: Յաղթողը միշտ ինք կ՛ըլլար: Աւելի ճարտար էր, աւելի արագ: Ես հազիւ կէս սիւնակ շարած կ՛ըլլայի, երբ ինք լման սիւնակ մը վերջացուցած կ՛ըլլար արդէն:
Շատ հետաքրքրական էր գրաշարներու միջավայրը: Սրամիտ ու կատակասէր մարդիկ էին` հեգնութեան շեշտուած հակումով: Իրենց կատակներուն սովորական զոհը Բաբգէնը կ՛ըլլար, նախկին գործակից մը, որ յետոյ երգիծաթերթ մը սկսաւ հրատարակել: Ան երբեմն կ՛այցելէր իրենց, կը կենար տառասնտուկներուն առջեւ ու կը մասնակցէր աշխատանքին: Բաբգէնը կը խրտչէր ճռինչէն: Պատուհանին քով աշխատող գրաշարները, ծանօթ այս մենագրութեան, ատենը մէյ մը մետաղի կտոր մը կը քսէին ապակիին եւ ջղայնացուցիչ ճռինչ մը կը հանէին: Բաբգէնը կը խենթանար, ականջները կը գոցէր ու կը հայհոյէր:
Գրաշարներու այլ մէկ հաճոյքն էր հեղինակ-հեղինակ խաղալը: Այդ օրերուն մաս առ մաս կը տպուէր Արամ Սահակեանի «Մահուան պէս զօրաւոր»-ը: Մաս առ մաս ալ կը գրուէր անպայման: Գրաշարները, մա՛նաւանդ Նիկողոսը, գուշակութիւններ կ՛ընէին դիպաշարի շարունակութեան մասին, հարցումներ կ՛ուղղէին հեղինակին, երբ խմբագրատուն գար, երբեմն նոյնիսկ թելադրանքներ կ՛ընէին անոր: Արամ Սահակեանը հաճոյք կը զգար, ըստ երեւոյթին, այս զրոյցներէն եւ սիրով կը մասնակցէր անոնց:
Հայկ Պալեանը ինք չէր կատակեր, բայց կատակներ եւ հետաքրքրական լուրեր կու տար գրաշարներուն շարելու: Իր գլխաւոր գործիքը մկրատն էր: Հայկական թերթերը աչքէ կ՛անցընէր եւ հաճելի գտած կարճ գրութիւնները կը կտրէր ու կու տար շարելու: 47ի ամառը նոյն գրութիւնը մէկ-երկու ամիս տարբերութեամբ երկու անգամ տուաւ: Թեհրանի «Ալիք»ը «Ազդակ»էն առնելով արտատպած էր զայն, ու Պալեանը մոռցած, որ արդէն տպուած էր ան, նորէն տպել տուաւ:
Ես շատ յարաբերութիւն չունէի Պալեանին հետ, գործս Մուշեղ Իշխանին եւ Տիգրան Ոսկունիին հետ էր: Անգամ մը, սակայն, կապ հաստատեց ինծի հետ … եւ յուսախաբ եղաւ:
1952-ի ամառը արձակուրդով վերադարձած էի Պրիւքսէլէն` ամիս մը Հոլանտա անցընելէ ետք: Հետաքրքրական տպաւորութիւններ ունէի, յօդուածաշարք մը գրեցի անոնց մասին ֆրանսերէնով եւ տուի «Լը Սուար»-ին: Առաջին անգամ ըլլալով նիւթական վարձատրութիւն ստացայ աշխատանքիս համար: Օր մը, երբ «Ազդակ» հանդիպած էի, Պալեանը տեսաւ զիս ու մօտեցաւ:
– Բարի եկեր ես,- ըսաւ,- իմացայ, որ Եւրոպա կ՛ուսանիս: Պէտք է յուշերդ տաս «Ազդակ»-ին տպաւորութիւններուդ մասին:
Երբ իմացաւ, որ յօդուածաշարք գրած եմ արդէն եւ` ուրիշ թերթի տուած, գոհ չմնաց:
Իմ յիշատակներս այս շրջանէն դրական են բոլորն ալ: Չեմ յիշեր որեւէ տհաճ մանրամասնութիւն, բացի անշուշտ, շարուած տողերու, սիւնակներու թափուելէն, որ արդէն անձնական յիշատակ չէ, բոլոր գրաշարներուն հաւաքական ողբերգութիւնն էր:
Վաթսունամեայ անցեալէն յառնող այս յուշերը մելամաղձոտ շեշտ մը ունին սակայն ինծի համար: Ժամանակը իր գործը կատարած է եւ «Ազդակ»-ն ու ես զուգահեռ քալած ենք կեանքի պողոտայէն: Բայց, մինչ ինք իր առոյգ ութսունամեակը կը տօնէ այսօր` վեր ելլելով ժամանակի սանդուխէն, ես վար կ՛իջնեմ անկէ` տարիներու բեռը շալկած…
2007