«ԱԶԴԱ՜Կ» – «ԱԶԴԱ՜Կ»…

Պ. Ս.

Մու­սա Լե­րան ժո­ղո­վուր­դին երկ­րորդ` 1939-ի տա­րագ­րու­թեան, ինքս ալ կը գտնուէի կա­րա­ւա­նին մէջ, որ առա­ջին ան­գամ հանգր­ուան գտաւ հե­րո­սա­կան լե­րան հան­դի­պա­կաց ափին, սուր­ի­ա­կան ծո­վափն­եայ Պա­սիթ, ուր հա­զիւ շունչ առած, զա­նա­զան իրեր վա­ճա­ռող­նե­րու շար­քին, մեր տա­ղա­ւա­րին առ­ջե­ւէն ան­ցաւ պա­տան­եակ մը, ճչա­լով.

– «Ազ­դա՜կ», «Ազ­դա՜կ»:

Հե­տաքր­քու­թե­նէ մղուած` մօ­տե­ցայ իրեն: Անու­թին` թուղ­թե­րու կա­պոց մը կար: Ծա­խու ապ­րանք չու­նէր: Ու­րեմն ի՛նչ:

– «Ազ­դա՜կ», «Ազ­դա՜կ»:

Ին­ծի հետ, իմ կրկին տա­րիքս ու­նե­ցող ան­ձեր, շրջա­պա­տե­ցին զինք, դրամ տուին իրեն, պա­տան­եա­կը կա­պո­ցէն թեր­թեր տուաւ անոնց ու շա­րու­նա­կեց իր ճամ­բան նոյն զուարթ տրա­մադ­րու­թեամբ:

«Ազ­դակ»-ի հետ երկ­րորդ ծա­նօ­թու­թիւնս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ պա­տե­րազ­մի վա­ղոր­դայ­նին, մեր ու­սու­ցիչ­նե­րու ձեռ­քին, որոնք իրենց շուր­ջը հա­ւաք­ուած­նե­րուն բարձ­րա­ձայն կը կար­դա­յին անոր էջե­րը, կը մեկ­նա­բա­նէ­ին եր­բեմն կար­դաց­ուա­ծը, գրգռե­լով երե­ւա­կա­յու­թիւնս իրենց եռան­դին ու ունկն­դիր­նե­րուն լրջու­թեան ի տես:

Այդ օրէն սկսեալ, «Ազ­դակ» մաս կազ­մած է իմ կեն­սագ­րու­թեանս, անուղ­ղա­կի թէ ուղ­ղա­կի կա­պե­րով, անուղ­ղա­կի` որով­հե­տեւ այդ առա­ջին ծա­նօ­թու­թե­նէն ի վեր հա­մար­եա՛ ամէն օր հե­տե­ւած եմ անոր էջե­րուն, եւ ուղ­ղա­կի` որով­հե­տեւ ամ­բողջ եօ­թը տա­րի (1966-1973) մաս կազ­մած եմ անոր խմբագ­րու­թեան:

Ես ինք­զին­քիս թոյլ կու տամ մաս­նա­ւոր հրճուանք մը զգալ այն պատ­ճա­ռով, որ խմբագ­րա­կան կազ­մին մէջ կը գտնուէի, երբ չորս էջը ու­թի վե­րած­ուե­ցաւ եւ ես, պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուս հետ, խան­դա­վա­ռու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցայ բո­վան­դա­կու­թեան կազ­մու­թեան եւ այ­սօր խան­դա­վա­ռու­թիւնս ոչ միայն չէ պակ­սած, այ­լեւ եռա­պատկ­ուած է, «Ազ­դակ»-ի եռա­պատկ­ուած ծա­ւա­լին ի տես: Այս կը նշա­նա­կէ յա­րա­ճուն վե­րելք մը ար­ձա­նագ­րած է «Ազ­դակ», որ Սփիւռ­քի մամ­լոյ մեր պատ­մու­թեան մէջ սո­վո­րա­կան երե­ւոյթ մը չէ: Այս կը վկա­յէ նա­եւ այն մա­սին, որ անի­կա հա­ւա­տար­մօ­րէն ծա­ռա­յած է իր կո­չու­մին, հայ­րե­նա­կան, ազ­գա­յին, ժո­ղովըր­դա­յին ու քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թեան, առա­քե­լու­թեան:

Մեր մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, մօ­տէն թէ հեռ­ուէն, երախ­տա­գի­տու­թեամբ կ՛անդ­րա­դառ­նան անոր 80ամ­եա­կին եւ ու­րիշ­ներ ան­շուշտ աւե­լի ծա­ւա­լուն ընդգր­կում­նե­րով պի­տի կազ­մեն անոր տե­սա­կա­րար կշի­ռը, մինչ ին­ծի հա­մար 80ամ­եա­կի այս հո­գե­պա­րար պա­հուն, շա­րու­նակ կը յան­կերգ­ուի պա­տա­նի ցրուի­չին յան­կեր­գը.

– «Ազ­դա՜կ», «Ազ­դա՜կ»…

 

 

Share this Article
CATEGORIES