«ԱԶԴԱԿ»-Ի` ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՀԱՅԿ ՊԱԼԵԱՆ

Երբ ձեռնարկեցինք «Ազդակ»-ի հրատարակութեան, մեր ամբողջ դրա­մա­գլու­խը կը կազմէին քանի մը սնտուկ մաշած տառեր, քանի մը կտոր հինցած տպագ­րա­կան գոյքեր եւ ձեռքի փոքր մեքենայ մը:

Պէտք է խոստովանիմ սակայն, որ անհատական նախաձեռնութիւնը եւ աննը­կուն կամքը բաւական պիտի չըլլային զիս նետելու այնքան ծանր եւ պա­տաս­խա­նատու արկածախնդրութեան մը մէջ, եթէ կուսակցական ընկերներու քա­ջա­լե­րանքը զօրավիգ չըլլար ինծի: Մանաւանդ որ դեռ հազիւ քանի մը ամիս ան­ցած էր այդ թուականէն ասդին, երբ կուսակցական օրկանը` «Նոր Փիւնիկ» կը դադ­րէր լոյս տեսնելէ` գլխաւորաբար նիւթական նեղ պայմաններու բերումով:

Շատ դժուարին եղան այն պայմանները, որոնք պարտադրուեցան մեր թեր­թին իր հրատարակութեան առաջին տարիներուն: Դժուարութիւնները եւ ար­գելք­ները, որոնք ընդհանրապէս հետեւանք էին Սուրիոյ եւ Լիբանանի հա­յու­թեան տնտեսական տագնապալի վիճակին, մտաւոր աննախանձելի կացութեան եւ մտայնութեան, սարսեցին թերթին գոյութիւնը: Մէկ կողմէ ընթերցողներու սա­կա­ւութիւնը եւ, միւս կողմէ, գրաշարներու չգոյութիւնն ու օտար տպա­րա­նա­տէ­րերու քմայքները եռօրեայ «Ազդակ»-ին հրատարակութիւնը մեծապէս կը դժուա­րա­ցնէին եւ մեզ յուսահատութեան կ՛առաջնորդէին:

Այսպէս, չափազանց դառն է եղած ճակատագիրը մեր գաղափարական բոլոր թեր­թերուն: Բազմաթիւ հրա­տա­րակ­չական ձեռնարկներ չեն կրցած յաղթահարել իրենց ճամ­բաներուն վրայ բարձրացող խութերը եւ ան­հետ կոր­սուած են` շատ աղօտ յիշատակ մը ձգելով մեր լրագ­րա­կան պատմութեան մէջ: Ուրիշներ չեն կրցած բա­ւա­րարել ժա­մանակի պահանջը կամ միջավայրի պայ­ման­ներուն ան­­հա­մապատասխան ընթացք մը որդեգրած են` զրկուելով ընթերցողներու քա­ջա­լե­րութենէն կամ առաջ­նոր­դուած են խորթ ու սխալ ուղղութիւններու` դառ­նալով վնա­­սակար մեր ժողովուրդին:

Մեր թերթը բախտաւորներէն եղաւ` գրաւելով կարեւոր դիրք մը մեր գաղութին մէջ, ու գիտակից իր դերին ու պար­­տականութեանց անսայթաք ծառայելով մեր ժողո­վուրդին` շահեցաւ արտակարգ ժողովրդականութիւն եւ ար­­ժանացաւ հան­րու­թեան գնահատանքին: Ընթերցող հա­­սարակութեան սրտազեղ ան­կեղ­ծու­թեամբ ունեցած ար­­տայայտութեանց եւ քաջալերութեան շնորհիւ երկու տա­­րի վերջ, 1930-ին, «Ազդակ» դարձաւ երկօրեայ եւ ատ­կէ քանի մը տարի վերջ սկսաւ հրա­տա­րակուիլ որպէս օրա­­թերթ: Ունեցաւ իր սե­փա­կան տպարանը եւ գրաւեց կա­­րեւոր տեղ մը հայ մամուլի շարքին վրայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES