«ԱԶԴԱԿ»-Ի «ԴՊՐՈՑ»-ԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԴԱՍԵՐԷՆ ԵՐԲ ՈՒԱԹՈՒԱԹԻ ՆԿՈՒՂԱՅԻՆ ՏՊԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԼՍՈՒԵՑԱՒ TELEPRINTER-ԻՆ ԶԱՆԳԸ

Ն. ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱՆ

«Ազ­դակ»-ի ըն­տա­նի­քին հա­մար հին երազ մը ահա՛ իրա­կա­նու­թիւն դար­ձած է: Մեր թեր­թը վեր­ջա­պէս ու­նի իր սե­փա­կան գու­նա­ւոր ու արդ­ի­ա­կան տպագ­րա­կան մե­քե­նան:

«Ազ­դակ»-ի ըն­տա­նի­քին մէջ թեր­թը գու­նա­ւոր տպե­լու յար­մա­րու­թիւն ու­նե­ցող արդ­ի­ա­կան մե­քե­նա­յի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը շա­տոնց զգա­լի էր: Կա­րի­քը կը զգաց­ուէր նոյ­նիսկ 1970-ական­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ «Ազ­դակ» ու­թէջ­եայ իր հրա­տա­րա­կու­թեան շրջա­նը սկսաւ գնե­լով հա­մա­պա­տաս­խան մամ­լոյ տպագ­րու­թեան մեծ մե­քե­նայ մը, որ տե­ղադր­ուե­ցաւ Ուաթ­ուա­թի նկու­ղա­յին մեր տպա­րա­նին առանձ­նաց­ւած մէկ բաժ­նին մէջ, թուղ­թի մեծ գլան­նե­րու պա­հես­տա­ւոր­ման յա­տուկ մթե­րա­նո­ցով հան­դերձ:

Աւե­լի քան քա­ռա­սուն տարիէ ի վեր համ­բե­րա­տար գրաս­տի պէս մեր թեր­թին ծա­ռա­յող այդ մե­քե­նան ահա իր կող­քին կ՛ու­նե­նայ արդ­ի­ա­կան ու գու­նա­ւոր նոր սե­րունդ տպագ­րա­կան մե­քե­նայ մը, որուն «ող­ջերթ» մաղ­թե­լու ու­րախ առի­թով շնոր­հա­ւո­րել միայն կա­րե­լի է «Ազ­դակ»-ի այ­սօր­ուան անձ­նա­կազ­մը եւ անոր հին թէ նոր ըն­թեր­ցող­նե­րը:

Քա­ռա­սուն տա­րի առաջ իս­կա­կան յե­ղաշր­ջում էր նախ ինք­նին ամէ­նօր­եայ ութ էջով հայ­կա­կան թերթ հրա­տա­րա­կե­լը սփիւռ­քի տա­րած­քին, ապա` մե­ծա­դիր չա­փով ու չորս էջէ աւե­լի թերթ մի­ան­գա­մայն տպող մե­քե­նայ ու­նե­նա­լը:

1970-ական­նե­րու Լի­բա­նա­նը եւ որո­շա­պէս մեր գա­ղու­թը անհ­րա­ժեշտ մղում­նե­րը ու հե­ռան­կար­նե­րը ու­նէ­ին` նման յան­դուգն քայլ մը նե­տե­լու հա­մար: Եւ ՀՅԴաշ­նակ­ցու­թեան լի­բա­նան­եան ըն­տա­նի­քը նե­տեց այդ քայ­լը եւ ու­ղի բա­ցաւ հայ մա­մու­լի պատ­մու­թեան մէջ:

«Ազ­դակ»-ի ար­խիւ­նե­րուն մէջ պահ­պան­ուած են մեծ թիւով լու­սան­կար­ներ, որոնք պատ­կեր­նե­րով յա­ւեր­ժա­ցու­ցած են ան­մո­ռա­նա­լի պա­հե­րը քա­ռա­սուն տա­րի առաջ տե­ղի ու­նե­ցած իս­կա­կան տօ­նախմ­բու­թեան` ու­թէջ­եայ «Ազ­դակ»-ի անդ­րա­նիկ հա­մա­րին տպագ­րու­թեան առի­թով: Ազ­գա­յին, կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան օր­ուան աւա­գա­նին, շրջա­պատ­ուած մեր օր­կա­նին առա­քե­լու­թեան ջեր­մօ­րէն հա­ւա­տա­ցող ըն­կեր­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու մեծ բազ­մու­թեամբ, նա­եւ ու մա­նա­ւանդ «Ազ­դակ»-ի ողջ անձ­նա­կազ­մով, ող­ջեր­թի իրենց մաղ­թանք­նե­րը մի­ա­ցու­ցին նոր տպի­չի գոր­ծարկ­ման հետ բարձ­րա­ցած դղրդո­ցին…

Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Վարանդ Փափազեան

Վեր­յի­շե­լով քա­ռաս­նամ­եայ վա­ղե­մու­թիւն ու­նե­ցող տօ­նախմ­բու­թեան այդ պա­հը, մա­նա­ւանդ ի լուր նո­րա­հաս­տատ գու­նա­ւոր տպագ­րա­կան մե­քե­նա­յի գոր­ծարկ­ման առի­թով նա­խա­տես­ուած այս շա­բա­թա­վեր­ջի տօ­նախմ­բու­թեան, բնա­կա­նա­բար չկրցայ դի­մադ­րել հեռ­ուէն մաս­նա­կից դառ­նա­լու փոր­ձու­թեան եւ, ահա՛, թուղ­թին կը յանձ­նեմ «Ազ­դակ»ի մեր հա­րա­զատ Տան ու, մի­ա­ժա­մա­նակ, ան­մո­ռա­նա­լի Դպրո­ցին կապ­ուած խորհր­դա­ծու­թիւն¬յուշ մը:

1972-ին կամ ամէ­նէն ու­շը 1973-ի սկզբնա­ւո­րու­թեան պէտք էր ըլ­լար, որ Ուաթ­ուա­թի մեր նկու­ղա­յին տպա­րա­նին մէջ յան­կարծ սկսաւ հնչել «յոյժ կա­րե­ւոր» լու­րի մը հա­ղոր­դու­մը ազ­դա­րա­րող նո­րա­հաս­տատ հե­ռատ­պի­չի (teleprinter) ան­դադ­րում զան­գը: Մինչ այդ տպա­րա­նին մէջ կը գոր­ծէր, ան­շուշտ, մամ­լոյ ֆրան­սա­կան ԱՖՓ գոր­ծա­կա­լու­թեան թե­լեք­սը, որ սա­կայն թէ՛ ըստ բա­ժա­նոր­դի պա­հան­ջար­կին միայն որոշ մար­զի լու­րեր փո­խան­ցող դան­դա­ղա­շարժ գոր­ծիք մըն էր, թէ՛ զայն տրա­մադ­րող մամ­լոյ գոր­ծա­կա­լու­թիւնը ինք դեռ թե­ւա­կո­խած չէր լու­րե­րու հե­ղե­ղով մը իր բա­ժա­նորդ­նե­րը ողո­ղե­լու ելեկտ­րո­նա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան դա­րաշր­ջա­նը: Հե­ռատ­պի­չի գոր­ծար­կու­մով` մի­ջազ­գա­յին կեան­քի եւ արա­բա­կան աշ­խար­հի լրա­տուու­թեանց ու մեկ­նա­բա­նու­թեանց արագ տի­րա­պե­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնը կ՛ըն­ձեռն­ուէր «Ազ­դակ»-ին:

Եւ իս­կա­կան տօ­նախմ­բու­թեան մը ազ­դան­շան էր հե­ռատ­պի­չի առա­ջին զան­գը մեր տպա­րա­նին մէջ:

Ֆրան­սա­կան ԱՖՓ-ի կող­քին, նա­եւ անգլ­ի­ա­կան «Ռոյ­թըրզ» եւ ամե­րիկ­եան Էյ.Փի. գոր­ծա­կա­լու­թեանց հա­ղոր­դում­նե­րու ողջ պա­շա­րը, վայրկ­եա­նը վայրկ­եա­նին, սկսած էինք ստա­նալ նկու­ղա­յին մեր «թա­գա­ւո­րու­թեան» մէջ, որուն հա­մար մա­նու­կի պէս ու­րա­խու­թե­նէն կ՛ար­տաս­ուէր այդ ժա­մա­նակ «Ազ­դակ»-ի լրա­տուու­թեան բաժ­նի գլխա­ւոր խմբա­գի­րը` վաս­տա­կա­շատ Տիգ­րան Ոս­կու­նին: Ոս­կունի­ին եր­ջան­կու­թիւնը հիմ­նա­ւոր շատ պատ­ճառ­ներ ու­նէր, որով­հե­տեւ լու­րեր հա­մադ­րե­լու եւ թարգ­մա­նե­լու իր արա­գա­շար­ժու­թիւնը ի վեր­ջոյ կը վար­ձատր­ուէր լրատ­ուա­կան հե­ղե­ղով, որուն մէջ այ­լեւս հան­գիստ կրնար լո­ղալ գի­շե­րա­յին աշ­խա­տան­քի դա­տա­պարտ­ուած մեր աւագ ըն­կե­րը:

Արմէն-Զարեհ Մոնոֆարեան

Ոս­կունիի կող­քին էր առա­ջին այդ զան­գի պա­հուն նա­եւ ու մա­նա­ւանդ մեր թեր­թի լի­բա­նան­եան լրա­տուու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գի­րը` ար­ժէ­քա­ւոր Զա­րեհ Մո­նո­ֆար­եա­նը, որ բա­րի նա­խան­ձի յու­զու­մով լեց­-ւած աչ­քե­րով փու­թա­ցած էր հե­ռատ­պի­չին մօտ: Զա­րե­հի բա­րի նա­խան­ձը կը բխէր այն իրո­ղու­թե­նէն, որ լի­բա­նան­եան ներ­քին լու­րե­րը ստա­նա­լու, հա­մադ­րե­լու եւ թարգ­մա­նե­լու հա­մար այդ ժա­մա­նակ դեռ չկար նոյ­նիսկ թե­լեք­սով փո­խան­ցուող լրա­տուու­թիւն. ամէ­նէն կա­տա­րե­լա­գործ­ուած մամ­լոյ գոր­ծա­կա­լու­թիւնը տե­ղե­կա­տուու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ծա­ռա­յու­թիւնն էր, որ խմո­րա­տիպ եւ բազ­մագր­ուած օրա­կան հա­զիւ մէկ տրցակ լուր կը բաշ­խէր խմբագ­րու­թեանց… Իսկ երբ այդ ժլատ աղ­բիւրն ալ ու­շա­նար, կա­րե­լի է երե­ւա­կա­յել, թէ ի՛նչ մռայ­լու­թիւն կ՛իջ­նէր Զա­րե­հի դէմ­քին:

Նո­րա­րարա­կան այդ հնչեղ զան­գին արագ քայ­լե­րով եւ մրո­տած ձեռ­քե­րով փու­թաց ըն­դա­ռա­ջե­լու, նկու­ղի գրա­շար մե­քե­նա­նե­րու եւ էջադ­րու­մի մե­տաղ­եայ սար­քե­րու եւ տա­ռե­րու բաժ­նէն, «Ազ­դակ»-ի այդ տա­րի­նե­րու ան­զու­գա­կան գրա­շա­րա­պե­տը` Վարդ­գէս Տօ­նա­պետ­եա­նը, որ կ՛աճա­պա­րէր ստու­գե­լու, թէ այդ զան­գը ի՞նչ բան էր, որ այդ­քա՜ն հրճուանք եւ բարձ­րա­ձայն տօ­նա­կան բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ կը խլէր Ոս­կունի­էն եւ Զա­րե­հէն:

Խեղճ Վարդ­գէ­սը այդ պա­հուն ի՜նչ գիտ­նար, որ այդ­քան խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ ցնծու­թիւն առ­թող հե­ռատ­պի­չի զան­գը նա­եւ գլխու փոր­ձանք պի­տի դառ­նար ոչ միայն խմբա­գիր­նե­րուս, այլ նա­եւ` գրա­շա­րա­կան ու տպագ­րիչ անձ­նա­կազ­մին հա­մար:

Կը յի­շեմ Մ. Նա­հանգ­նե­րու այդ տա­րի­նե­րու նա­խա­գահ Նիք­սը­նի հրա­ժա­րա­կա­նին լու­րը եր­կա՜ր զան­գով ազ­դա­րա­րող հե­ռատ­պի­չին հան­դէպ բո­լո­րիս… բար­կու­թիւնը: Ան­բան մե­քե­նան ան­շուշտ մեղք չու­նէր, բայց հրա­տապ կա­րե­ւո­րու­թեամբ հա­ղորդ­ուած հրա­ժա­րա­կա­նի լրա­տուու­թեան սկիզ­բը մեծ տա­ռե­րով կը զգու­շաց­նէր, թէ Նիք­սը­նի հրա­ժար­ման լու­րի վա­ւե­րա­կա­նու­թեան հա­մար հար­կադ­րա­կան էր սպա­սել մին­չեւ առա­ւօտ­եան ժա­մը երե­քը (Պէյ­րու­թի ժա­մով)… որ­մէ ետք միայն ար­տօն­ուած էր մա­մու­լին յանձ­նել լու­րը:

Ոս­կու­նին նեղ­ուած էր ան­շուշտ, որով­հե­տեւ հա­մոզ­ուած էր, թէ Նիք­սը­նի հրա­ժա­րա­կա­նը այ­լեւս իրո­ղու­թիւն էր եւ աւե­լորդ ժա­մա­վա­ճա­ռու­թիւն էր մին­չեւ առա­ւօտ­եան ժա­մը երե­քը ար­թուն սպա­սել… ար­դէն ժա­մա­նած «լուր»-ին պաշ­տօ­նա­կա­նաց­ման: Բայց Ոս­կունի­էն աւե­լի կատ­ղած էր Վարդ­գէս Տօ­նա­պետ­եա­նը, որ առ­տու կա­նուխ տպա­րան պէտք էր գտնուէր` իբ­րեւ էջադ­րող Մա­նուկ Գո­զաճ­եա­նին փո­խա­րի­նե­լու հա­մար, իսկ հռչա­կա­ւոր Մա­նու­կը նա­եւ հնչակ­եան ղե­կա­վար գոր­ծիչ էր եւ, ըստ սո­վո­րու­թեան, յան­կարծ յայտ­նած էր, թէ այդ օր կա­րե­ւոր զբա­ղու­մով մը ստիպ­ուած էր բա­ցա­կա­յե­լու գոր­ծէն:

Ան­շուշտ բո­լորս ալ տրտնջա­լով սպա­սե­ցինք եւ սպա­սե­ցինք, լու­րը պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տատ­ուե­ցաւ ժա­մը երե­քէն ետք միայն եւ, մինչ այդ կազմ­ուած առա­ջին էջի գլխա­ւոր լրա­տուու­թեան վրայ, Նիք­սը­նի հրա­ժա­րա­կա­նի պաշ­տօ­նա­կան հաս­տատ­ման լու­րը աւելց­նե­լով` տպա­րա­նէն դուրս ելանք ժա­մը չոր­սին եւ, անք­նու­թեան հա­մար մեր վրէ­ժը լու­ծե­ցինք… ուղ­ղա­կի քել­լէ¬փա­չա ու­տե­լու եր­թա­լով:

Ի՜նչ հա­մով¬հո­տով օրեր էին:

Եւ որ­քա՜ն խոր ար­մատ ու­նէր մեր թեր­թի նո­րոգ­ման եւ արդ­ի­ա­կա­նաց­ման հա­մար ամէն կար­գի դժուա­րու­թիւն յաղ­թա­հա­րե­լու ընդ­հա­նուր վճռա­կա­մու­թիւնը:

«Ազ­դակ»-ի Դպրո­ցին ան­մո­ռա­նա­լի դա­սե­րէն մէկն է, ահա՛, կա­տար­ուած ամէն նո­րա­րու­թիւն, մե­քե­նա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան թէ մար­դու­ժի ներդ­րում` ար­ժեց­նե­լու հա­մար զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնուե­լու այդ յանձ­նա­ռու­թիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES