«ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ, ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԿԸ ԶԳԱՄ` ՏԵՍՆԵԼՈՎ «ԱԶԴԱԿ»-Ի ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՎԵՐԵԼՔՆ ՈՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՅՍ ԹԵՐԹԸ ՄԵՐ ՀԱՅԵԼԻՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ

«Ազ­դակ»-ի` ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի պաշ­տօ­նա­թերթ ըլ­լա­լէն ետք, թեր­թին առա­ջին տնօ­րէ­նը հան­դի­սա­ցած է Եր­ւանդ Փամ­պուք­եան, որուն օրով թեր­թը պատ­կա­ռե­լի նուա­ճում­ներ ու յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած է` 4 էջէն 8 էջի բարձ­րա­նա­լով, նոր մա­մու­լով եւ տո­ղա­շա­րե­րով օժտ­ուե­լով: «Ազ­դակ»-ի ար­տա­քին էջե­րը գու­նա­ւոր տպե­լու ծրա­գի­րի յա­ջո­ղու­թեան առի­թով «Ազ­դակ» հե­տեւ­եալ հար­ցազ­րոյ­ցը ու­նե­ցաւ Եր­ուանդ Փամ­պուք­եա­նի հետ, որ անդ­րա­դար­ձաւ այդ հանգր­ուա­նին թեր­թին դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ար­ձա­նագ­րած նուա­ճում­նե­րուն եւ յատ­կան­շա­կան դէպ­քե­րուն:

Մերթ գո­հու­նակ եւ ու­րախ, մերթ մտա­հոգ եւ տխուր դէմ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու ձայ­նի ելե­ւէջ­ներ տի­րա­կան կը դառ­նա­յին Ե. Փամ­պուք­եա­նի մօտ, որ «Ազ­դակ»-ի յար­կին տակ ան­ցու­ցած իր 8 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ապ­րած է լաւն ու վա­տը, պա­տե­րազ­մա­կան ամէ­նէն դա­ժան պայ­ման­նե­րուն տակ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան «հաց» հասց­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը, որով­հե­տեւ «Ազ­դակ»-ը յոյս ներշն­չող աղ­բիւր եղած է: ՀՅԴ Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի պաշ­տօ­նա­թեր­թին առա­ջին տնօ­րէ­նը իր յի­շո­ղու­թեան ծրա­րը բա­նա­լով` ան­կէ դուրս կը բե­րէ ար­ժէ­քա­ւոր եւ իւ­րա­յա­տուկ դէպ­քեր ու պատ­մու­թիւն­ներ, որոնք թեր­թին «կեանք»-ի խճան­կա­րի կազ­մու­թեան մէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած են` ձե­ւով մը կա­ռոյ­ցին հի­մե­րը հան­դի­սա­նա­լով:

Ստո­րեւ` հար­ցազ­րոյ­ցին ամ­բող­ջու­թիւնը:

«ԱԶ­ԴԱԿ».- «Ազ­դակ»-ի տնօ­րէ­նու­թիւնը ստանձ­նած ձեր տա­րի­նե­րուն ի՞նչ էր թեր­թին վի­ճա­կը եւ ի՞նչ փո­փո­խու­թիւն­ներ ար­ձա­նագըր­ւե­ցան:

ԵՐ­ՈՒԱՆԴ ՓԱՄ­ՊՈՒՔ­ԵԱՆ.- 1970 թուա­կա­նի սեպ­տեմ­բեր 23-ին ստանձ­նե­ցի «Ազ­դակ»-ի տնօ­րէ­նու­թիւնը: Մին­չեւ 1965, Հայկ Պալ­եա­նի տնօ­րէ­նու­թեան օրով, անի­կա կի­սա­պաշ­տօն թերթն էր Դաշ­նակ­ցու­թեան, իսկ այդ թուա­կա­նէն սկսեալ դար­ձաւ ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի պաշ­տօ­նա­թեր­թը: Ան­կէ ետք աշ­խա­տանք տար­ւե­ցաւ ու­նե­նա­լու խմբագ­րա­կան կազմ, զոր գլխա­ւո­րեց նախ­կին խմբա­գիր Տիգ­րան Ոս­կու­նին, իսկ անոր ան­դամ­նե­րուն կար­գին էր Պօ­ղոս Սնապ­եան: Հա­կա­ռակ տար­ուած աշ­խա­տան­քին` դժգո­հու­թիւն կար թեր­թի ծա­ւա­լին գծով, որով­հե­տեւ 4 էջ­նոց թեր­թին մօ­տա­ւո­րա­պէս 1,5 էջը ծա­նու­ցու­մով կը լեց­ուէր, կա­յին տե­ղա­կան ու մի­ջազ­գա­յին լու­րեր (այդ հանգր­ուա­նին մի­ջազ­գա­յի­նին լայն տեղ կը տրուէր), ուս­տի յօդ­ուած­նե­րու հա­մար շատ քիչ տեղ կը մնար: Այս ծի­րին մէջ նա­եւ պէտք է անդ­րա­դառ­նալ այն երե­ւոյ­թին, որ 1960-ական տա­րի­նե­րուն լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը վե­րել­քի մէջ էր, լի­բա­նան­եան քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ իր տե­ղը կը գրա­ւէր, հայ­կա­կան կեան­քին մէջ շատ եռուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ծա­ւա­լած էր: Այս կա­ցու­թեան մէջ սահ­մա­նա­փակ էջե­րով թեր­թը ան­կա­րող էր այս իրա­կա­նու­թեան ար­ձա­գանգ ըլ­լա­լու, ցո­լաց­նե­լու գա­ղու­թին իս­կա­կան պատ­կե­րը:

Հե­տե­ւա­բար ծրագր­ուե­ցաւ էջաթիւի յա­ւե­լում կա­տա­րել. բան մը, որ մեծ քայլ էր այդ հանգր­ուա­նին: Յի­շեց­նեմ, որ այդ ժա­մա­նա­կաշըր­-ջա­նին մի­ակն էինք, նա­եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ 8 էջ­նոց թեր­թի ծրա­գիր կը մշա­կէ­ինք: Պէտք է աւելց­նենք, որ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ապ­րած վե­րել­քին պատ­ճառ­նե­րէն էր այն, որ ազ­գա­յին կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու կեդ­րոն­ներ տե­ղա­կայ­ուած էին Պէյ­րու­թի մէջ: Տար­բեր յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րու եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­քին, Դաշ­նակ­ցու­թիւնը եւս իբ­րեւ կեդ­րոն նկա­տի ու­նէր Պէյ­րու­թը, ուր  ՀՅԴ Բիւ­րոն հաս­տատ­ուած էր. աւան­դու­թիւն դար­ձած էր, յատ­կա­պէս «Դրօ­շակ»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան դադ­րե­լէն ետք (1933), որ հոն, ուր կը գտնուի Դաշ­նակ­ցու­թեան Բիւ­րոն, այդ­տե­ղի մա­մու­լը կը ստա­նար կեդ­րո­նա­կան դիրք, այդ­պէս էր օրի­նակ պա­րա­գան «Յու­սա­բեր»-ին, երբ ՀՅԴ Բիւ­րոն Գա­հի­րէ կը գտնուէր: Պէյ­րութ փո­խադր­ուե­լէն ետք «Ազ­դակ» պէտք էր այդ պա­հան­ջին գո­հա­ցում տա­լու ատակ օրա­թերթ ըլ­լար: Տա­կա­ւին կա­յին այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ միու­թիւն­ներ, որոնց աշ­խուժ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ար­ձա­գան­գը պէտք էր  ըլ­լար «Ազ­դակ». թէ­եւ կա­յին նա­եւ այլ թեր­թեր, ինչ­պէս` «Զար­թօնք»-ը, «Արա­րատ»-ն ու «Այգ»-ը, սա­կայն անոնց պատ­կե­րը չէր բաւարարեր այդ պահանջը:

Օր­ուան ՀՅԴ Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն տնօ­րէ­նու­թեան պաշ­տօ­նը ին­ծի յանձ­նե­լէ առաջ ար­դէն իսկ սկսած էր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու. օրի­նակ, տոքթ. Էպ­լի­ղա­թեան սկսած էր մօ­տէն հե­տե­ւիլ «Ազ­դակ»-ի աշ­խա­տե­լա­ձե­ւին, նախ­կին գրա­շա­րա­ձե­ւը, որ մէկ առ մէկ շա­րել կ՛են­թադ­րէր, փո­խա­րին­ուած էր նոր տո­ղա­շար մե­քե­նա­յով, սա­կայն նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ 8 էջ­նոց թեր­թին հա­մար մէկ տո­ղա­շար բա­ւա­րար չէր, գնուե­ցաւ նա­եւ երկ­րորդ մը: Հին մա­մու­լին փո­խա­րէն` գնուե­ցաւ նոր մը, որ 8 էջը մի­աս­նա­բար կրնար տպել ու մե­քե­նա­բար ծա­լել թեր­թը. ասի­կա մե­ծա­պէս պի­տի արա­գաց­նէր գոր­ծը, որով­հե­տեւ նա­խա­պէս այս գոր­ծըն­թաց­նե­րը ձեռ­քով կը կա­տար­ուէ­ին:

Պաշ­տօ­նի կոչ­ուե­լէս ետք պարտք դրուե­ցաւ վրաս եւ ին­ծի պար­տա­կա­նու­թիւն տրուե­ցաւ ամէ­նէն կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին թեր­թը 8 էջի վե­րա­ծել: 2 դեկ­տեմ­բե­րին ար­դէն թեր­թը 8 էջով լոյս տե­սաւ. այդ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ըն­թաց­քին նա­եւ կա­րե­լի եղաւ խմբագ­րա­կազ­մը բազ­մա­մարդ դարձ­նել, կազ­մը հա­մալր­ուե­ցաւ եր­կու հիմ­նա­կան խմբա­գիր­նե­րով եւ 6 օժան­դակ­նե­րով: Ու­նէ­ինք նա­եւ աշ­խա­տա­կից­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ` մշա­կու­թա­յին, երաժշ­տա­կան, թատ­րո­նի, երի­տա­սար­դա­կան, կնո­ջա­կան, մար­զա­կան եւ ման­կա­պա­տա­նե­կան բա­ժին­նե­րու: Այս հանգր­ուա­նին մե­զի մի­ա­ցան երի­տա­սարդ տար­րեր` Նա­զա­րէթ Պէր­պէր­եան, Եւա Տեր­վիշ­եան, Զա­րեհ Մո­նո­ֆար­եան, Նու­պար Չար­խուտ­եան եւ այլն: Փաս­տօ­րէն եր­կու ամս­ուան ըն­թաց­քին կա­րե­լի եղաւ այս բո­լո­րը իրա­կա­նաց­նել, եւ թեր­թը դար­ձու­ցինք գի­շե­րա­յին. գի­շե­րը կը հրա­տա­րակ­ուէր եւ առ­տու շատ կա­նուխ կը հաս­նէր բա­ժա­նորդ­նե­րուն եւ ըն­թեր­ցող­նե­րուն: Բա­ժա­նորդ­նե­րուն թիւը աւել­ցաւ, յա­ւել­եալ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղծ­ուե­ցաւ թեր­թին նկատ­մամբ. թէ­եւ ասոր զու­գա­հեռ կար այլ դժուա­րու­թիւն մը. 8 էջ­նոց ըլ­լա­լէ ետք թեր­թին գի­նը բարձ­րա­ցաւ եւ նախ­կին 15 դա­հե­կա­նին  փո­խա­րէն եղաւ 25, որ ամ­բողջ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին պատ­կա­ռե­լի գու­մար կը նկատ­ուէր ըն­տա­նի­քի մը հա­մար: Ըսեմ, որ քա­նի մը տար­ուան ըն­թաց­քին յստակ դար­ձաւ, որ «Ազ­դակ»-ի ըն­թեր­ցող­նե­րը շատ աւե­լի մեծ թիւ կը կազ­մէ­ին, քան` բա­ժա­նորդ­նե­րը. այ­սինքն շու­կա­յին մէջ, գոր­ծա­տե­ղի­նե­րուն մէջ թեր­թը ձեռ­քէ ձեռք կ՛անց­նէր. հա­ւա­նա­բար մին­չեւ օրս այդ­պէս է կա­ցու­թիւնը:

«Ա.».- Անդ­րա­դառ­նանք նոր սար­քե­րու բեր­ուե­լէն ետք «Ազ­դակ»-ի տպագ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին կրած փո­փո­խու­թեան` անդ­րա­դառ­նա­լով նա­եւ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Ե. Փ.- Յօդ­ուած­նե­րը կը գրուէ­ին, փոր­ձե­րուն կը նայ­ուէր, մե­տաղ­եայ կազ­մած­նե­րու մէջ կը տե­ղա­ւոր­ուէ­ին կա­պա­րի շար­ուածք­նե­րը եւ էջադ­րում տե­ղի կ՛ու­նե­նար: Մեծ խո­րա­գիր­նե­րը ձեռ­քով կը շար­ուէ­ին. այս իմաս­տով նո­րու­թիւն­ներ ար­ձա­նագր­ուե­ցան, որով­հե­տեւ թեր­թի աշ­խա­տա­կից դար­ձաւ Մա­սիս Արա­րատ­եան ծաղ­րան­կա­րի­չը, որ մի­եւ­նոյն ատեն լաւ նկա­րիչ էր եւ տա­ռեր կը յօ­րի­նէր «Ազ­դակ»-ին հա­մար: Թէ­եւ նոր կազ­մած­ներ բե­րած էինք, սա­կայն անոնք այ­սօր­ուան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը չէ­ին ըն­ձե­ռեր բնա­կա­նա­բար: Ար­դա­րեւ, եթէ որո­շէ­ինք, որ տու­եալ դէպ­քի մը կամ ձեռ­նար­կի մը անդ­րա­դար­ձը ար­դէն յա­ջորդ օրը պէտք էր տպէ­ինք, նկար­նե­րու խնդիր կը ստեղծ­ուէր: Նկար­նե­րը մին­չեւ երե­կոյ հա­զիւ կը հաս­նէ­ին, մենք զա­նոնք կը     ղրկէ­ինք զին­կոկ­րա­ֆի, որ­պէս­զի քլի­շէ պատ­րաստ­ուի: Սա­կայն զին­կոկ­րաֆ­նե­րը սո­վո­րա­բար մին­չեւ ժա­մը 7:30-8:00 կ՛աշ­խա­տէ­ին: Մեր խնդրան­քով անոնք եր­բեմն աւե­լի եր­կար կը մնա­յին աշ­խա­տան­քի վրայ` սպա­սե­լով մեր նկար­նե­րուն: Այս իմաս­տով բախ­տա­ւոր կը նկատ­ուինք, որով­հե­տեւ այդ տա­րի­նե­րուն լի­բա­նան­եան մա­մու­լի լու­սան­կա­րիչ­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ հայ տղաք էին, որոնք կա­մա­ւո­րա­բար իրենց լու­սան­կար­նե­րէն առա­տօ­րէն բա­ժին կը հա­նէ­ին «Ազ­դակ»-ին եւ գոհ կ՛ըլ­լա­յին, եթէ մենք այդ լու­սան­կար­նե­րը գոր ծածէ­ինք թեր­թին մէջ:

Լու­րե­րը կը քա­ղէ­ին մի­ջազ­գա­յին լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րէ, որոնք գոր­ծիք­ներ տե­ղադ­րած էին խմբագ­րա­տան մէջ, հիմ­նա­կա­նը` «Ա. Էֆ. Փէ.»ն. նա­եւ կ՛օգտ­ուէ­ինք հա­յաս­տան­եան լրա­տուու­թե­նէն «Թա­աս» գոր­ծա­կա­լու­թե­նէն, որ այլ լու­րե­րու կար­գին Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րող լու­րեր կը փո­խան­ցէր. թէ­եւ այդ­քան ալ շա­հե­կան չէ­ին հա­յաս­տան­եան լրա­տուու­թիւն­նե­րը, սա­կայն գո­նէ չէ­ինք զրկուեր ամ­բող­ջո­վին:

Պէտք է ըսել, որ այս լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րը արա­գու­թիւն եւ թար­մու­թիւն կու տա­յին թեր­թին, որով­հե­տեւ անոնց բա­ցա­կա­յու­թեան խմբա­գի­րը առա­ւօ­տուն աշ­խա­տան­քի կու գար եւ հիմ­նա­կան աղ­բիւր նկա­տի կ՛ու­նե­նար օր մը առաջ լոյս տե­սած «Լ՛օր­ի­ան»-ը, ուր­կէ լու­րեր կ՛ընտ­րէր ու կը թարգ­մա­նէր: Երբ թեր­թը գի­շե­րա­յին դար­ձաւ, այդ մէ­կը ինք­նա­բե­րա­բար կա­րե­լի չէր կա­տա­րել, խմբա­գիր­նե­րը յա­ւել­եալ աշ­խա­տանք պէտք էր տա­նէ­ին լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րուն փո­խան­ցած լու­րե­րէն ընտ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու, թարգ­մա­նե­լու եւ հա­մադ­րե­լու:

Տե­ղա­կան լու­րե­րու պա­րա­գա­յին, հիմ­նա­կա­նօ­րէն լի­բա­նան­եան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը կար, սա­կայն ատի­կա այդ­քան ալ հե­տաքրք­րա­կան չէր, աւե­լի հե­տաքրք­րա­կան էր, երբ մեր թղթա­կից­նե­րը կը ղրկէ­ինք հա­մա­պա­տաս­խան կեդ­րոն­ներ, ինչ­պէս` խորհր­դա­րան, որ­պէս­զի մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեն: Լի­բա­նան­եան առու­մով, լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն չկար, այդ պատ­ճա­ռով ալ քիչ մը դժուա­րու­թիւն կ՛ու­նե­նա­յինք: Նշենք նա­եւ, որ տե­ղա­կան լու­րեր քա­ղե­լու հա­մար կ՛օգտ­ուէ­ինք նա­եւ մեր երես­փո­խան­նե­րէն, որոնք վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն իրա­զեկ կ՛ըլ­լա­յին եւ մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէ­ին:

Այս բո­լո­րին կող­քին, կար շատ կա­րե­ւոր այլ հարց մը` լեզ­ուի խնդի­րը, որուն սրբագ­րու­թիւնը ստանձ­նած էին Պօ­ղոս Սնապ­եան եւ ու­րիշ­ներ:

Այդ հանգր­ուա­նին թեր­թին աշ­խու­ժու­թիւն տուող բա­ժին­նե­րէն յի­շենք երի­տա­սար­դա­կան, ու­սա­նո­ղա­կան եւ պա­տա­նե­կան էջե­րը, խմբա­գիր­նե­րը, յատ­կա­պէս Նա­զա­րէթ Պէր­պէր­եա­նը, կը զբա­ղէ­ին այս բա­ժին­նե­րով, ու­նէ­ինք խմբակ­ներ` տար­բեր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րով: Ազ­գա­յին հար­ցե­րու գծով բա­ւա­կան յար­ձա­կո­ղա­կան էինք, քննա­դա­տա­կան եւ ատի­կա խնդիր կը ստեղ­ծէր, բայց մա­մու­լի գլխա­ւոր առա­քե­լու­թիւնն է հան­րա­յին կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րել, ուղ­ղու­թիւն տալ, լա­ւը գնա­հա­տել, իսկ թե­րու­թիւն­նե­րը մատ­նան­շել: Ասի­կա թեր­թին առա­քե­լու­թեան մէկ երեսն է, այ­լա­պէս թեր­թը պի­տի վե­րած­ւի պարզ լու­րեր հա­ղոր­դո­ղի, իսկ այդ մէ­կը ընո­ղը հե­ռու կ՛ըլ­լայ իրա­կա­նու­թիւնը իր ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րով ներ­կա­յաց­նե­լէ:

Ազ­գա­յին կեան­քի մէջ թե­րու­թիւն­ներ կա­յին. օրի­նակ` փոր­ձե­ցինք, որ ազ­գա­յին մար­մին­նե­րը իրենց նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին լրագ­րող­ներ ըն­դու­նին, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել, եւ կամ խնդրե­ցինք, որ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ հրա­պա­րակ­ուին` փո­խան­ցե­լով, թէ ի՛նչ նիւ­թեր կա­յին օրա­կար­գի վրայ, ի՛նչ լու­ծում­ներ ձե­ւա­ւոր­ւե­ցան: Բայց եւ այն­պէս տղա­քը ի զուր կ՛եր­թա­յին ու կը սպա­սէ­ին, ոչ մէկ տե­ղե­կու­թիւն կը փո­խանց­ուէր անոնց:

Հոս կրնանք ըսել, որ մեր մար­մին­նե­րը հաշ­ուե­տուու­թեան տե­սա­կէ­տով պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն չէ­ին վերց­ներ, կը խու­սա­փէ­ին. կ՛են­թադ­րեմ, որ մին­չեւ հի­մա ալ այդ­պէս է:

Արագ լրա­տուու­թիւնը, որ շատ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կը կա­տար­ուի այ­սօր, չէ­ինք կրնար ընել, որով­հե­տեւ անհ­րա­ժեշտ թիւով թղթա­կից չու­նէ­ինք, ձեռ­նարկ­նե­րու լրա­տուու­թիւնը կա­տա­րե­լու հա­մար պէտք էր օրեր սպա­սէ­ինք:

Բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­ներ կ՛ըլ­լա­յին. 70-ական թուա­կան­նե­րուն սկիզբն էր, երբ Հա­յաս­տա­նէն եկած էր «Արա­րատ» ֆութ­պո­լի խում­բը, որ Պուրճ Հա­մու­տի մէջ մրցում­ներ կա­տա­րեց ՀՄԸՄ-ի խում­բին հետ: Այն ժա­մա­նակ ՀՄԸՄ-ի Մի­ջին Արե­ւել­քի վար­չու­թիւնը ըն­դու­նե­լու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց Պէյ­րու­թի ՀՄԸՄ-ի ակում­բին մէջ: Հրա­ւիր­ւած էի նա­եւ ես, բա­ժա­կա­ճա­ռեր խօս­ուե­ցան, պաշ­տօ­նա­կան խօս­քեր ար­տա­սան­ուե­ցան, եւ այդ առի­թով ես կա­տա­րե­ցի թղթա­կի­ցի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն: Կապ­ուե­ցայ խմբագ­րա­տուն եւ տե­ղե­կու­թիւն տուի` պատ­ուի­րե­լով, որ թեր­թը հա­զիւ լոյս տե­սած` առա­ջին թիւե­րը իս­կոյն բե­րեն հոն, ուր որ էինք: Հան­դի­սու­թեան ներ­կա­նե­րը երբ տե­սան թեր­թը, ափ ի բե­րան մնա­ցին, որով­հե­տեւ քա­նի մը ժամ առաջ խօս­ուածն ու կա­տար­ուա­ծը ար­դէն թեր­թին մէջ տեղ գտած էր, անոնք ըսին, որ նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ նման բան կա­րե­լի չէ ընել:

«Ա.».- Ի՞նչ էր թեր­թին դի­մաց ցցուած գլխա­ւոր դժուա­րու­թիւնը, յատ­կա­պէս` լի­բա­նան­եան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն:

Ե. Փ.- Խմբագ­րա­տունն ու տպա­րա­նը կը գտնուէ­ին Ուաթ­ուա­թի մէջ. պա­տե­րազ­մի ատեն կա­ցու­թիւնը բա­ւա­կան դժուա­րա­ցաւ, յատ­կա­պէս` 1975-էն սկսեալ, երբ եր­թե­ւե­կի հար­ցեր ստեղծ­ուե­ցան դէ­պի Պուրճ Հա­մուտ եւ միւս ար­ուար­ձան­նե­րը, փո­խադ­րու­թիւնը դար­ձաւ դժուար եւ վտան­գա­ւոր: Հրա­մա­յա­կան էր ո՛չ միայն թեր­թը լոյս ըն­ծա­յե­լը, այլ` տեղ հասց­նե­լը: Այդ հանգր­ուա­նին կար հո­գե­բա­նա­կան վի­ճակ մը, գա­ղու­թին մէջ ար­տա­գաղ­թի փու­թա­լու կա­ցու­թիւն կար, եւ պէտք էր առաջ­քը առ­նել այդ մէ­կուն: Այս իմաս­տով հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նէր թեր­թը, որ ամէ­նօր­եայ սնունդ կու տար ժո­ղո­վուր­դին, դի­մադ­րու­թիւն, տո­կու­նու­թիւն կը ներշն­չէր: Իս­կա­պէս կը զգա­յինք այս մէ­կը, որով­հե­տեւ որե­ւէ օր, եթէ որոշ թա­ղա­մաս մը թերթ չհաս­նէր, այդ­տեղ ժո­ղո­վուր­դը տագ­նա­պի կը մատն­ուէր, թէ` ին­չո՞ւ թեր­թը չհա­սաւ: Այդ պատ­ճա­ռով ալ մենք ամէն մի­ջո­ցի կը դի­մէ­ինք, որ­պէս­զի թեր­թը տեղ հաս­նէր. այդ գոր­ծը պաշ­տօն­եա­յի մի­ջո­ցով կա­րե­լի չէր կա­տա­րել, այլ նուիր­եալ­նե­րու կա­րիք կար: Պէտք է ող­ջու­նել մեր տղա­քը, ըն­կեր­նե­րը, որոնք շատ դժուար ու վտան­գա­ւոր այս գոր­ծը ստանձ­նե­ցին. երախ­տա­պարտ ենք անոնց:

Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րու դժուա­րու­թիւն­նե­րուն կար­գին էր նա­եւ ելեկտ­րա­կա­նու­թեան մնա­յուն ընդ­հա­տում­նե­րը, որոնք աշ­խա­տան­քը կը կա­սեց­նէ­ին: Ուս­տի որո­շե­ցինք ելեկտ­րա­ծին մը գնել եւ, ի՜նչ զու­գա­դի­պու­թեամբ, այն օրը, երբ մե­քե­նան աշ­խատ­ցու­ցինք, ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը վերջ­նա­կա­նօ­րէն ընդ­հատ­ուե­ցաւ` 6 ամիս եր­բեք չվե­րա­դառ­նա­լու հա­մար: Հե­տաքրք­րա­կան էր, որ «Ազ­դակ»-ի ելեկտ­րա­ծին սար­քով նա­եւ փո­ղո­ցը կը լու­սա­ւո­րէ­ինք, շէն­քի բնա­կիչ­նե­րուն, «Արա Երե­ւան­եան» կեդ­րո­նին ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն կու տա­յինք: Թա­ղի յանձ­նա­խում­բը եւս դի­մում կա­տա­րեց մե­զի, որ­պէս­զի փռա­պա­նին, ջրհո­րին եւ մսա­վա­ճա­ռին ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն տրա­մադ­րենք: Այդ­պէս ալ ըրինք, յա­տուկ դրու­թիւն ստեղ­ծե­ցինք իրենց հա­մար, պայ­մա­նաւ որ ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը ընդ­հատ­ուէր, երբ շատ հզօր ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն պա­հան­ջող մա­մու­լը աշ­խատց­նէ­ինք:

Այդ վտանգ­նե­րով լե­ցուն տա­րի­նե­րուն կար խմբագ­րա­տու­նէն տուն փո­խադր­ուե­լու հարց, այդ պատ­ճա­ռով ալ միայն շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն կը վե­րա­դառ­նա­յին տուն, այդ ալ` բա­ւա­կան վտան­գա­ւոր պայ­ման­նե­րու տակ, բայց եւ այն­պէս կա­րե­լի եղաւ թեր­թը ան­խա­փան լոյս ըն­ծա­յել, հասց­նել մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն եւ նոյ­նիսկ ար­տա­սահ­ման առա­քել:

«Ազդակ»-ի 8 էջի վերածման առիթով կայացած հանդիսութիւն. 2 դեկտեմբեր 1970

Խոր­քին մէջ թեր­թին ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­մը պա­տուոյ խնդիր էր մե­զի հա­մար, կար գա­ղութն ու կա­ռոյց­նե­րը կան­գուն պա­հե­լու խնդիր, եւ մենք այդ առա­քե­լու­թեան մաս պէտք էր կազ­մէ­ինք եւ յոյս ներշն­չէ­ինք մեր ժո­ղո­վուր­դին` հաս­տա­տե­լով, որ ամէն ինչ վերջ մը ու­նի: Կար նա­եւ այն իրո­ղու­թիւնը, որ Լի­բա­նա­նի նման գա­ղու­թի մը դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ամ­բողջ սփիւռ­քի ազ­գա­պահ­պան­ման, Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իմաս­տով ան­փո­խա­րի­նե­լի էր: Ար­դա­րեւ, մենք ամէն տե­սա­կի զո­հո­ղու­թիւն յանձն կ՛առ­նէ­ինք, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ յա­րա­տե­ւել. եթէ մեր տղա­քը զէն ի ձե­ռին մեր թա­ղե­րը, ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կը պաշտ­պա­նէ­ին, «Ազ­դակ»-ի խմբագ­րա­կան կազմն ու պաշ­տօ­նէ­ու­թիւնը իր կար­գին իրեն բա­ժին ին­կած գոր­ծը պա­տուով կը կա­տա­րէր:

Այն­պէս որ, պէտք է հասկ­նա­լի դառ­նայ, որ անձ­նա­պէս որ­քան ու­րախ եւ հպարտ եմ, հո­գիս հրճուան­քով կը լի­ա­նայ, երբ «Ազ­դակ»-ի շա­րու­նա­կա­կան վե­րելքն ու բար­գա­ւա­ճու­մը կը տես­նեմ, որով­հե­տեւ այս թեր­թը մեր հա­յե­լին է, հա­յե­լին է այն կեն­սու­նա­կու­թեան, բծախնդ­րու­թեան եւ նա­խան­ձախնդ­րու­թեան, որ ցոյց տուած է եւ կը շա­րու­նա­կէ ցոյց տալ այս օրա­թեր­թը: Մի­եւ­նոյն ատեն կայ այն, որ «Ազ­դակ»-ը ոգե­ւո­րու­թիւն կը ներշն­չէ, կը քա­ջա­լե­րէ, կ՛ամ­րապն­դէ հայ­կա­կա­նու­թիւնը, պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը, հայ­րե­նի­քին կառ­չա­ծու­թիւնը, ինչ որ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի: Բո­լոր խմբա­գիր­նե­րը անխը­տիր պէտք է լաւ գիտ­նան, որ նման պար­տա­կա­նու­թեան կոչ­ուած են. կը կար­ծեմ, թէ մեր ժո­ղո­վուրդն ալ ըստ այնմ կը քա­ջա­լե­րէ եւ կը գնա­հա­տէ: Յատ­կան­շա­կան է նա­եւ «Ազ­դակ»-ին ցոյց տուած հե­տաքրք­րու­թիւնն ու գուր­գու­րան­քը հան­դէպ նոր սե­րուն­դին` մտա­ւո­րա­կա­նի խմո­րում ու­նե­նան անոնք թէ ար­ուես­տա­գէ­տի. այս բո­լո­րը շատ բան կ՛ապա­ցու­ցեն: Եր­բեք չեմ զղջար այն 8 տա­րի­նե­րուն հա­մար, զորս իմ աս­պա­րէ­զէս ան­կախ աշ­խա­տան­քով մը տրա­մադ­րե­ցի «Ազ­դակ»-ին, պար­տա­կա­նու­թիւն ստանձ­նե­ցի եւ գոր­ծե­ցի թեր­թին յար­կին տակ:

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց`
ՆՈ­ՐԱ ԲԱՐ­ՍԵՂ­ԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES