«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԳՐԱՇԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ

«Երբ ձեռ­նար­կե­ցինք «Ազ­դակ»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան, մեր ամ­բողջ դրա­մագ­լու­խը կը կազ­մէ­ին քա­նի մը սնտուկ մա­շած տա­ռեր, քա­նի մը կտոր հին­ցած տպագ­րա­կան գոյ­քեր եւ ձեռ­քի փոքր մե­քե­նայ մը», կը գրէ Հայկ Պալ­եան` «Ազ­դակ»-ի ծննդո­ցին անդ­րա­դառ­նա­լով:

1927-ին «Ռի­ատ Սոլհ» շրջա­նին մէջ գտնուող տպա­րա­նին մէջ ծնունդ առած «Ազ­դակ»-ը կը սկսի հրա­տա­րակ­ուիլ 4 էջե­րով` իւ­րա­քան­չիւր չո­րեք­շաբ­թի ու շա­բաթ օրե­րը, եռօր­եայ ու ապա եր­կօր­եայ դրու­թեամբ` ձեռ­քով շա­րուող ու բա­նող սար­քե­րու եր­կուն­քով:

Երբ Հայկ Պալ­եան կը նա­խա­ձեռ­նէ «Ազ­դակ»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան գոր­ծին, իր թի­կուն­քին կ՛ու­նե­նայ քա­ջա­լե­րանքն ու գործ­նա­կան աջակ­ցու­թիւնը ՀՅԴ-ի Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­ին: Հայկ Պալ­եան կը գնէ «Նոր Փիւ­նիկ»-ին տպագ­րա­կան գոր­ծիք­նե­րը եւ տա­ռե­րը, որոնք հե­տա­գա­յին տա­րի­ներ շա­րու­նակ կը ծա­ռա­յեն «Ազ­դակ»-ին:

Իր հրա­տա­րա­կու­թեան առա­ջին տա­րի­նե­րուն «Ազ­դակ» կը գոր­ծէ նախ­կին Ժո­ղովր­դա­յին տան վա­րի յար­կը, տպագ­րա­կան սահ­մա­նա­փակ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով: Սա­կայն աւե­լի ուշ` 1930-ին թեր­թը կը դառ­նայ եր­կօր­եայ, իսկ 1932 մարտ 1-ին` օրա­թերթ:

1957-ին տպա­րանն ու խմբագ­րա­տու­նը կը փո­խադր­ուին Ուաթ­ուա­թի շրջան` Ճե­մա­րա­նէն քիչ մը ան­դին, «Արա Երե­ւան­եան» կեդ­րո­նա­կան ակում­բին քո­վը: Բարձ­րա­յարկ շէն­քի մը գետ­նա­յար­կը, նկու­ղէ մը, քա­նի մը սեն­եա­կէ եւ շա­րող ու տպող մե­քե­նա­նե­րէ բաղ­կա­ցած էր տպա­րա­նը: Շէն­քի մուտ­քին, ոս­կե­գոյն ցու­ցա­տախ­տա­կի մը վրայ գրուած էր «Ազ­դակ» եւ… դէ­պի ձախ ուղ­ղու­թիւն տուող սլաք մը կ՛առաջ­նոր­դէր աւե­լի ընդ­յա­տակ­եայ դուռ մը, ուր կա­րե­լի էր մուտք գոր­ծել, ապա այ­ցե­լել զա­նա­զան են­թա­բա­ժա­նում­ներ:

Հոն թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւնը կը կա­տար­ուի «Վուա­րան» տպագ­րա­կան սար­քի մը ճամ­բով: Այս մե­քե­նան ինք­նաշ­խատ չէր, այլ կը բա­նէր ձեռ­քով եւ իւ­րա­քան­չիւր էջ առան­ձինն կը տպուէր: 4 էջը եր­կու հանգր­ուա­նով լոյս կը տես­նէր, նախ պէտք էր տպել թեր­թին մէկ երե­սը, յե­տոյ` երկ­րոր­դը: Տպագ­րո­ղը պէտք էր ձեռ­քով «կե­րակ­րէր» թուղ­թը… Թեր­թը պաշ­տօն­եա­նե­րուն կող­մէ կը ծալ­ուէր:

«Ազ­դակ»-ի երկ­րորդ շրջա­նը կը սկսի թեր­թին պաշ­տօ­նա­կան փո­խան­ցու­մով ՀՅԴ-ի Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­ին` 1965-ին, Հայկ Պալ­եա­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ:

1969-70 տա­րի­նե­րուն է, որ «Ազ­դակ» կ՛օժտ­ուի մի­ա­ժա­մա­նակ 8 էջ տպագ­րող «Տիւպ­լեքս» մե­քե­նա­յով, որ կու գար փո­խա­րի­նե­լու նախ­կին` կէս մե­քե­նա­կան տպագ­րա­կան սար­քը: Այդ շրջա­նին տպա­րա­նը ար­դէն ու­նէր տո­ղա­շա­րա­կան հա­մե­մա­տա­բար ար­դի մե­քե­նա­ներ` 3 Intertype եւ մէկ Lynotype, որոնք կա­պա­րի հա­լո­ցի մի­ջո­ցով տող առ տող կը կազ­մէ­ին սիւ­նակ­նե­րը, իսկ էջադ­րո­ղը պէտք էր խո­րա­գիր­նե­րուն բա­ռե­րը մէկ առ մէկ շա­րէր ձեռ­քով, ինչ­պէս որ գրա­շար­նե­րը կ՛ընէ­ին յիշ­եալ մե­քե­նա­նե­րու տպա­րան մուտ­քէն առաջ, այ­սինքն ամ­բողջ սիւ­նակ­նե­րը պէտք էր շա­րէ­ին ձեռ­քով, տող առ տող, սիւ­նակ առ սիւ­նակ, ու էջադ­րո­ղը անոնց­մով պէտք էր կազ­մէր էջե­րը: «Ազ­դակ»-ին ու այլ տպա­րան­նե­րու հա­մար այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կա­րե­լի է կո­չել «հին ու նոր կա­պա­րի դա­րեր», որով­հե­տեւ ձեռ­քով թէ մե­քե­նա­յով տո­ղա­շա­րու­թիւնը կը կա­տար­ուէր կա­պա­րա­ձոյլ մեծ ու փոքր գի­րե­րով:

Այս կազ­մա­ծին ստեղ­նա­շա­րե­րը երեք մա­սի բաժն­ուած էին. սե­ւը կը նշէր այ­բու­բե­նի ոչ գլխա­գիր տա­ռե­րը, կա­պոյ­տը` կէ­տադ­րա­կան նշան­նե­րը եւ թուան­շան­նե­րը, իսկ ճեր­մա­կը` այ­բու­բե­նի գլխա­գիր­նե­րը:

Երբ գրա­շա­րը լուր մը պի­տի շա­րէ, ստեղ­նա­շա­րե­րուն դիպ­չե­լով պի­տի շա­րէ, մին­չեւ որ տո­ղը լեց­ուի եւ քոմ­փա­սը ամ­բող­ջա­նայ, ապա պի­տի ղրկէ մե­քե­նա­յին այն բա­ժի­նը, ուր կը սկսի «գոր­ծո­ղու­թիւնը»: Մե­քե­նա­յին այդ բա­ժի­նը գի­րե­րու կա­ղա­պար­նե­րէ բաղ­կա­ցած այդ  տո­ղը կ՛իջեց­նէ կա­պա­րի կաթ­սա­յին ծակ­տիկ­նե­րուն քով, ուր հա­լած տաք կա­պա­րը կայ, եւ մխո­ցը (փիս­թոն) երբ կը կո­խէ այդ հա­լած կա­պա­րին վրայ, ծակ­տիկ­նե­րէն հա­լած կա­պա­րը գի­րե­րու կա­ղա­պար­նե­րուն կու գայ եւ այդ­պի­սով շար­ուած կա­ղա­պար­նե­րը կա­պա­րի վրայ տո­ղի կը վե­րած­ուին: Հա­լած կա­պա­րը քա­նի մը երկ­վայրկ­եա­նէն կը սա­ռի եւ տո­ղի վե­րած­ուե­լով` դուրս կու գայ:

Յե­տոյ գի­րե­րու կա­ղա­պար­նե­րը մե­քե­նա­յին ու­րիշ կտո­րի մը մի­ջո­ցով դարձ­եալ իրենց տե­ղե­րը կ՛իջ­նեն` սնտու­կին մէջ:

Վեր­ջա­պէս, շա­բաթ օրե­րը եր­կու արաբ պաշ­տօն­եա­ներ տո­ղե­րու վե­րած­ուած կա­պար­նե­րը կը հա­լեց­նէ­ին կաթ­սա­յի մը մէջ եւ յա­տուկ կա­ղա­պար­նե­րու մէջ թա­փե­լով` դարձ­եալ սա­ռած կա­պար­նե­րու կը վե­րա­ծէ­ին:

1970-ի վեր­ջե­րը «Ազ­դակ» կ՛ու­նե­նայ իր բազ­ման­դամ խմբագ­րա­կազ­մը. լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ապ­րած վե­րել­քի այդ տա­րի­նե­րուն եւ ՀՅԴ Բիւ­րո­յի Լի­բա­նա­նի մէջ գտնուե­լու հան­գա­ման­քին բե­րու­մով ձե­ւով մը յա­ւել­եալ պար­տա­կա­նու­թիւն կը դրուի «Ազ­դակ»-ի ու­սե­րուն` դառ­նա­լու գա­ղու­թին պատ­կե­րը փո­խան­ցող հիմ­նա­կան հա­յե­լին: Այս պայ­ման­նե­րու լոյ­սին տակ թեր­թին 4 էջե­րը կը սկսին շատ նեղ թուիլ, ուս­տի կը ծրագր­ուի էջաթիւը բարձ­րաց­նել 8-ի, ինչ որ կ՛են­թադ­րէ մա­մու­լի եւ գրա­շա­րա­կան կազ­մած­նե­րու փո­փո­խու­թիւն:

«Ազդակ»-ի 8 էջի վերածման առիթով կայացած հանդիսութիւն. 2 դեկտեմբեր 1970

2 դեկ­տեմ­բեր 1970-ին «Ազ­դակ» կը սկսի լոյս տես­նել 8 էջով:

8 էջա­նոց «Ազ­դակ»-ը հա­զիւ քա­նի մը տար­ուան թափ առած` վրայ կը հաս­նի Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մը` մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թը բաժ­նե­լով եր­կու­քի: Ասոր իբ­րեւ հե­տե­ւանք` «Ազ­դակ» խմբագ­րե­լը, տպելն ու ցրուե­լը կը վե­րած­ուի ամէ­նօր­եայ տա­ժա­նա­կիր աշ­խա­տան­քի:

«Ազ­դակ» կը գոր­ծէ արեւմտ­եան Պէյ­րու­թի մէջ, իսկ անոր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւնը կ՛ապ­րի արե­ւել­եան Պէյ­րու­թի մէջ: «Ազ­դակ»-ը Պէյ­րու­թի արեւ­մուտ­քէն արե­ւելք հաս­նե­լու հա­մար կը շրջէր Լի­բա­նա­նի լեռ­նա­յին շրջան­ներն ու գիւ­ղե­րը` 5 վայրկ­եան խլող ճամ­բան դարձ­նե­լով 3-4 ժամ­ուան ու­ղե­ւո­րու­թիւն:

Ան­հա­ւա­տա­լի, բայց իրա՛ւ. հա­կա­ռակ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն` պա­տե­րազ­մի այդ տա­րի­նե­րուն «Ազ­դակ» կը շա­րու­նա­կէ կա­պի մէջ մնալ իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ:

Այս վի­ճա­կին վերջ տա­լու մտա­հո­գու­թեամբ,  1982-ին կ՛որոշ­ուի «Ազ­դակ»-ը փո­խադ­րել արե­ւել­եան Պէյ­րութ, Պուրճ Հա­մուտ: Հոն «Ազ­դակ» կը սկսի հրա­տա­րակ­ուիլ տպա­րան Սար­գիս­եա­նի մէջ, սա­կայն այս տպա­րա­նին դիւ­րու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փակ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով «Ազ­դակ» 2 ամիս ետք  կը վե­րա­դառ­նայ իր տպա­րա­նը, ուր 5 տա­րի եւս պա­տե­րազ­մի դա­ժան պայ­ման­նե­րու եւ  ռում­բե­րու տա­րա­փին տակ կը շա­րու­նա­կէ լոյս տես­նել:

1987-ին «Ազ­դակ» հրա­ժեշտ տա­լով իր 30 տար­ուան խմբագ­րա­տան` կը փո­խադր­ուի Պուրճ Հա­մուտ, ուր 2 տարիէ ի վեր ար­դէն կը գոր­ծէր իր առ­ժամ­եայ մէկ խմբագ­րա­տու­նը: «Ազ­դակ» կը սկսի լոյս տես­նել Ժո­ղովր­դա­յին բնա­կա­րան­նե­րու շրջա­նին մէջ գտնուող տպա­րան «Նա­նոր»-էն եւ ապա` տպա­րան «Էրե­բու­նի»-էն: Մէ­կու­կէս տա­րի այս պայ­ման­նե­րով հրա­տա­րակ­ուե­լէ ետք, 1988-ի օգոս­տո­սին «Ազ­դակ»-ի տպա­րա­նը կը հաս­տատ­ուի «Շաղ­զոյ­եան» կեդ­րո­նին մէջ:

1993-1994 տա­րի­նե­րուն է, որ «Ազ­դակ»-ի վեր­ջոյ մուտք կը գոր­ծէ տպագ­րու­թեան ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան աշ­խար­հը` որ­դեգ­րե­լով հա­մա­կարգ­չա­յին գրա­շա­րու­թեան-էջադ­րու­մի ու օֆ­սեթ տպագ­րու­թեան դրու­թիւնը:

1975-ին ապ­րի­լին, երբ պայ­թե­ցան Լի­բա­նա­նի ծա­նօթ դէպ­քե­րը, յե­տոյ, 16 տա­րի ետք, պատ­մու­թեան ան­ցան լի­բա­նան­եան պա­տե­րազմ որա­կու­մով, աշ­խար­հը շա­րու­նա­կած էր մե­քե­նա­կան ու հա­մա­կարգ­չա­յին արդ­ի­ա­կա­նու­թեան խօլ վազ­քը, մինչ­դեռ, ինչ­պէս տագ­նա­պա­հար որե­ւէ եր­կիր, Լի­բա­նան մտած էր տեղ­քայ­լի ու դան­դա­ղու­մի ըն­թաց­քի մէջ: Պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կը Լի­բա­նա­նին հար­կադ­րեց ու­շա­ցու­մով հե­տե­ւիլ այդ քայ­լե­րուն, նաե՛ւ տպագ­րա­կան կալ­-ւա­ծին մէջ: «Ազ­դակ»-ի հա­մար եւս այդ գա­րու­նը հար­կադ­րա­բար եկաւ բա­ւա­կան ուշ, երբ ար­դէն տո­ղա­շա­րա­կան ու տպագ­րա­կան մե­քե­նա­նե­րը սկսած էին դառ­նալ թան­գա­րա­նա­յին, այ­լեւս կը դժուա­րա­նար «նախ­նա­դար­եան» մե­քե­նա­նե­րուն փոխ­նորդ կտոր­ներ ապա­հո­վե­լը: Կը ստեղծ­ուի անե­րե­ւոյթ «դա­մոկլ­եան սուր» մը, որ ամէն օր կը սպառ­նար թեր­թին լոյս ըն­ծա­յու­մը ան­կա­րե­լի դարձ­նել:

Մինչ այդ «Ազ­դակ» 70-ական­նե­րու սկիզ­բէն ի վեր լոյս կը տես­նէր 8 էջով, ու­րեմն նա­եւ կար պա­հանջ ու ակն­կա­լու­թիւն թեր­թին էջե­րուն թիւը բարձ­րաց­նե­լու:

Այս վի­ճա­կը ծա­նօթ էր ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­ին, որուն պաշ­տօ­նա­թերթն է «Ազ­դակ»: Եւ ինչ­պէս նա­խըն­թաց հանգր ւան­նե­րուն, այս ան­գամ եւս ան կու տայ բա­րե­փոխ­ման որո­շու­մը, կ՛ապա­հո­վէ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը:

Տպա­րա­նը ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան դա­րաշր­ջա­նը փո­խադ­րել` կը նշա­նա­կէր առ­նել եր­կու գլխա­ւոր քայլ. գրա­շա­րու­թեան ու էջադ­րու­մի հա­մար ձեռք բե­րել հա­մա­կար­գիչ­ներ, իսկ մա­մու­լը փո­խա­րի­նել տպագ­րա­կան արդ­ի­ա­կան մե­քե­նա­յով:

Թեր­թը չէր կրնար ու­նե­նալ նուազ որա­կա­ւոր հա­մա­կար­գիչ­ներ, որոնք կրնա­յին որե­ւէ պա­հու «դա­ւա­ճա­նել» ու աշ­խա­տան­քին ամ­բող­ջա­ցու­մը խա­փա­նել: Այլ աս­պա­րէզ­նե­րու պա­րա­գա­յին, յա­ճախ կա­րե­լի է գործ մը վաղ­ուան ձգել: Օրա­թեր­թը նման պեր­ճան­քէ զուրկ է:

Հա­մա­կար­գիչ­նե­րուն հետ պէտք էր ու­նե­նալ արդ­ի­ա­կան տպիչ­ներ` laser printer-ներ:

Զու­գա­հե­ռա­բար, կը ձեռ­նարկ­ուի արդ­ի­ա­կան մա­մու­լի մը որո­նու­մին, մե­քե­նայ մը, որ բա­ւա­րա­րէր թեր­թին այդ օրե­րու ու ան­մի­ջա­կան ապա­գա­յի կա­րիք­նե­րը:

Բա­ւա­կան եր­կար որո­նու­մէ ետք կա­րե­լի կ՛ըլ­լայ ձեռք բե­րել առա­ւե­լա­գոյնն 12 էջ մի­ա­ժա­մա­նակ տպող «Կոս» մակ­նի­շի մե­քե­նայ մը, որ ու­նէր 3 մաս (իւ­րա­քան­չիւ­րը` չորս էջ տպող), նա­եւ` «աճե­լու» հնա­րա­ւո­րու­թիւն, այ­սինքն անոր վրայ կա­րե­լի էր աւելց­նել չոր­րորդ կամ աւե­լի մի­ա­ւոր­ներ:

Քա­նի մը ամիս­նե­րու վրայ եր­կա­րող այս գոր­ծըն­թա­ցը ի վեր­ջոյ կը հաս­նի իր լրու­մին. «Ազ­դակ» կ՛օժտ­ուի հա­մա­կար­գիչ­նե­րով ու       արդ­ի­ա­կան մա­մու­լով: Կ՛որ­դեգր­ուին հա­մա­կարգ­չա­յին ու օֆ­սեթ տպագ­րա­կան դրու­թիւն­նե­րը:

Հա­մա­կար­գիչ­նե­րու վրայ աշ­խա­տան­քի կոչ­ուած աշ­խա­տա­կազ­մը կը բաղ­կա­նար պա­տա­նու­թիւնը նոր ետին ձգած երի­տա­սարդ­նե­րէ: Թէ­եւ անոնք ծա­նօթ էին հա­մա­կար­գիչ կոչ­ուած հրա­շա­լի­քին, սա­կայն թեր­թի աշ­խա­տան­քը ու­նի իր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, որոնք կը կոչ­-ւին արա­գու­թիւն, էջադ­րու­մի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, բայց մա­նա­ւանդ… նուի­րում եւ յանձ­նա­ռու­թիւն:

1994-ի կէ­սե­րուն կը կա­տար­ուի էջե­րու թիւի յա­ւե­լու­մը` ու­թէն տա­սի բարձ­րա­ցու­մը:

Այդ հանգր­ուա­նէն ետք «Ազ­դակ» բար­գա­ւաճ­ման եւ բա­րե­նո­րո­գու­թեան ճամ­բուն վրայ որոշ զար­գա­ցում­ներ կ՛ապ­րի: Ար­դա­րեւ, 25 նո­յեմ­բեր 2005-ին «Ազ­դակ» բա­ցու­մը կը կա­տա­րէ իր վե­րա­նո­րոգ­ուած խմբագ­րա­տան, որ կը հաս­տատ­ուի ամ­բող­ջա­կան յար­կի մը վրայ, ուր կ՛ամ­փոփ­ուին իր ցե­րե­կա­յին ու գի­շե­րա­յին խմբագ­րա­տու­նե­րը եւ վար­չա­կան բո­լոր բա­ժան­մունք­նե­րը: Այս վե­րա­կա­ռու­ցու­մը կ՛իրա­կա­նա­նայ շնոր­հիւ Սար­գիս եւ Ժիւ­լի Պու­տաք­եան ամո­լին կա­տա­րած նուի­րա­տուու­թեան:

21 նո­յեմ­բե­ր 2009-ին «Ազ­դակ» բա­ցու­մը կը կա­տա­րէ իր «Փիւ­նիկ» սրա­հին, որուն կա­ռու­ցու­մը կ՛իրա­կա­նա­նայ Մարդ­կա­յին պա­շար­նե­րու «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ անոր նա­խա­գահ Գաբրի­էլ Չեմ­պերճ­եա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ:

Սրա­հը լի­բա­նա­նա­հայ իմաս­տով ու­նե­ցաւ իր ու­րոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը` տար­բեր ձեռ­նարկ­նե­րու ու ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կա­յաց­ման իմաս­տով: Անի­կա ձե­ւով մը հա­մախմբ­ման վայր հան­դի­սա­ցաւ եւ լայն կա­րե­լիու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռեց լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան: «Փիւ­նիկ» սրա­հին մէջ կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ նա­եւ «Ազ­դակ»ի մամ­լոյ լսա­րան­նե­րը եւ այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, հան­դի­սու­թիւն­ներ եւ ձեռ­նարկ­ներ:

Երջօ Սամուէլեան

2011-ի կէ­սե­րուն Եր­ջօ Սամ­ուէլ­եա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ  «Եռա­գոյն ֆոնտ»-ի նուի­րա­տուու­թեամբ «Ազ­դակ»-ի տպագ­րա­կան գոր­ծիք­նե­րը հիմ­նո­վին վե­րա­նո­րո­գե­լու ծրա­գիր կը մշակ­ուի եւ կ՛իրա­կա­նա­նայ, ինչ որ սփիւռ­քա­հայ յա­ռա­ջա­տար թեր­թին կ՛ըն­ձե­ռէ գու­նա­ւոր էջե­րով լոյս տես­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն: Նախ­կին տպագ­րա­կան մե­քե­նա­յին կող­քին կ՛աւել­նայ նոր մը` Goss Universal մակ­նի­շով:

Մա­մու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն մե­ծա­պէս հա­ւա­տա­ցող եւ անոր յա­րա­տե­ւու­թեան սա­տա­րե­լու մնա­յուն պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րող Եր­ջօ Սամ­ուէլ­եան այս նուի­րա­տուու­թեամբ ան­գամ մը եւս փաս­տեց, որ հա­կա­ռակ ար­հես­տա­գի­տա­կան դա­րուն բե­րած բո­լոր նո­րու­թիւն­նե­րուն` տպա­գի­րի մա­մու­լի զար­գա­ցումն ու բա­րե­զար­դու­մը կա­րե­ւոր երե­ւոյթ է: Մա­մու­լի աշ­խա­տան­քին նուիր­ուած­նե­րուն բա­ւա­կան մեծ զօ­րակ­ցու­թիւն եւ խթան է այս նուի­րա­տուու­թիւնը:

Նոր կազ­մած­նե­րով եւ հիմ­նա­կան նո­րո­գու­թիւն­նե­րով, «Ազ­դակ»-ի տպա­գիր, աւան­դա­կան տար­բե­րա­կին կ՛ապա­հով­ուի յա­ւել­եալ գե­ղա­տի­պու­թիւն:

Թէ­եւ նա­խորդ տա­րի­նե­րուն յա­տուկ առիթ­նե­րով թեր­թը գու­նա­ւոր հրա­տա­րա­կե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կա­տար­ուած են, սա­կայն անոնք կ՛իրա­կա­նա­նա­յին «Ազ­դակ»-ի տպա­րա­նէն դուրս. այս­պիս­ով «Ազ­դակ» ու­նե­ցաւ իր անձ­նա­կան մե­քե­նան, որ աւե­լի լայն ու բազ­մա­զան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու դուռ կը բա­նայ օրա­թեր­թին դի­մաց` քայլ պա­հե­լու արդ­ի­ա­կա­նու­թեան հետ եւ իբ­րեւ աւե­լի «բու­րում­նա­ւէտ» հաց ներ­կա­յա­նա­լու իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն:

Ի՛նչ ալ ըլ­լան պա­րա­գա­նե­րը, հայ մա­մու­լին դե­րա­կա­տա­րու­թեան վրայ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լը կ՛աւելց­նէ նա­խան­ձախնդ­րու­թեան ու նուի­րու­մի բա­ժին մը. նուի­րում` աս­պա­րէ­զին, նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն` լա­ւա­գոյ­նը տա­լու, գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղու­թիւն պահ­պա­նե­լու եւ զայն նոր հանգր­ուան­ներ առաջ­նոր­դե­լու` առանց ան­տե­սե­լու մայրենի­ին անա­ղարտ պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման նա­խան­ձախըն-դ­րու­թիւնը:

Այս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ «Ազ­դակ» կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը` գի­տա­կից իր առա­քե­լու­թեան, հա­ւա­տա­րիմ նախ­նի­նե­րու ուղի­ին եւ հե­տա­մուտ նո­րա­նոր նուա­ճում­նե­րու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES