«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄՈՒՏՔԸ` ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Ազդակ»ի խմբագրութենէն հասած երկտող մը կը հաղորդէր ուրախ լուր մը. թերթը օժտուած է գունաւոր տպագրութեան նոր սարքերով, կը ծրագրուի լոյս ընծայել յատուկ թիւ մը, ուր տեղ պիտի տրուին նաեւ արդիականացման նախընթաց հանգրուաններուն, ու հարց կը տրուէր, թէ այս ծիրին մէջ արդեօք յուշեր ունի՞մ ընթերցողներուն հետ բաժնեկցելու:
Ահա խոստումիս արդիւնքը: (Նշեմ, որ անցեալին, այս մասին գիրով արտայայտուած եմ «Ազդակ»-ի մէկ բացառիկ թիւին մէջ, սակայն վստահ եմ` այս սիւնակները նոր մանրամասնութիւններ պիտի տան):
Հիմնականին մէջ կանգ պիտի առնեմ 1993-1994 տարիներուն վրայ, երբ մաս կը կազմէի «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ ինծի վստահուած էր խմբագիրի ու տնօրէնի պարտականութիւնը: Նաեւ առաւելաբար պիտի կեդրոնանամ տպարանի բաժինին վրայ, թէեւ խմբագրական կազմն ալ հանգրուան առ հանգրուան ապրած է արդիականացման ի՛ր պատմութիւնը, նոր ուժեր եկած են միանալու անձնակազմին, ճամբորդողներ կամ այլ ասպարէզ նետուողներ փոխարինուած են նորեկներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունեցած է հաւաքական դրօշարշաւին մէջ:
Յիշեալ տարիներուն է, որ «Ազդակ» ի վերջոյ մուտք գործեց տպագրութեան արդի արհեստագիտութեան աշխարհը` որդեգրելով համակարգչային գրաշարութեան-էջադրումի ու օֆսեթ տպագրութեան դրութիւնը: Նման ոստում տեղի կ՛ունենար բաւական ուշացումով. պատճառը` Լիբանանի պատերազմական վիճակն ու անոր «պարգեւած» տնտեսական անկումներն էին (անկումը ապրած էր բազմաթիւ հանգըր-ւաններ, յատկապէս սրելով 1987-88 տարիներէն սկսեալ, երբ ամերիկեան տոլարին սակը 3 լիբ. ոսկիի սահմաններէն սկսաւ թռչկոտիլ դէպի վեր-վեր, օր մըն ալ քերելով 3,000 լիբ. ոսկիի սահմանները):
Պատմութեան համար պէտք է արձանագրել, որ արդիականացման նախընթաց քայլերն ալ առնուած են որոշ ուշացումով. օրինակ, 1969-70 տարիներուն է, որ «Ազդակ» օժտուած է միաժամանակ 8 էջ տպագրող «Տիւպլեքս» մեքենայով, որ կու գար փոխարինելու նախկին` կէս մեքենական տպագրական սարքը. նախորդ մամուլը կրնար չորս էջ տպել` երկու անգամով. նախ պէտք էր տպել թերթին մէկ երեսը, յետոյ` երկրորդը: Տպագրողը պէտք էր ձեռքով «կերակրէր» թուղթը… Այդ շրջանին տպարանը արդէն ունէր տողաշարական համեմատաբար արդի մեքենաներ, որոնք կապարի հալոցի միջոցով տող առ տող կը կազմէին սիւնակները, իսկ էջադրողը պէտք էր խորագիրներուն բառերը մէկ առ մէկ շարէր ձեռքով, ինչպէս որ գրաշարները կ՛ընէին յիշեալ մեքենաներու տպարան մուտքէն առաջ, այսինքն ամբողջ սիւնակները պէտք էր շարէին ձեռքով, տող առ տող, սիւնակ առ սիւնակ, ու էջադրողը անոնցմով պէտք էր կազմէր էջերը: «Ազդակ»ին ու այլ տպարաններու համար այդ ժամանակաշրջանը կարելի է կոչել «հին ու նոր կապարի դարեր», որովհետեւ ձեռքով թէ մեքենայով տողաշարութիւնը կը կատարուէր կապարաձոյլ մեծ ու փոքր գիրերով: Կ՛արժէ նշել, որ այդ օրերուն տպարանի աշխատաւորին` գրաշարին, էջադրողին ու տպագրողին համար, ամէն օր կար մղձաւանջային պահ մը. սա այն պահն էր, երբ կազմուած էջը պիտի փոխադրուէր մամուլին վրայ: Եթէ պատահէր, որ որեւէ պատճառով (ոչ միայն մարդկային թերութեան), փոխադրուող էջը արկածի հանդիպէր, տողերը կամ սիւնակները թոյլ կերպով կազմուած ըլլային ու յանկարծ տողերն ու սիւնակները շրխկալով թափէին գետին, խմբագիր ու աշխատաւոր չըսուելիք «օրհնութիւններով» կը հակազդէին «արկածին» ու ստիպուած կ՛ըլլային այլապէս քնանալու տրամադըր-ւելիք ժամերէն «ուտել», որպէսզի էջը վերակազմուէր ու դրուէր մամուլին տակ: Նման արկածի պարագային, գրաշար մը կը սկսէր երգել «Առաւօտ լուսոյ»: (Աւելորդ չ՛ըլլար արձանագրել, որ «Ազդակ»ը հինէն ի վեր եղած է գիշերային թերթ, այսինքն` տպագրութիւնը կը կատարուի կէս գիշերին կամ անկէ ժամեր ետք): Այդ դրութիւնը նաեւ երբեմն առիթ կու տար անհաճոյ կատակներու. կազմուած էջը մամուլին փոխադրող աշխատաւորին հետեւող գրաշար մը յանկարծ գետին կը թափէր նախապէս գործածուած ու հալելու համար սնտուկներու մէջ դրուած տողերու «փունջ» մը, վեր-վեր ցատկեցնելով բոլորին սիրտերը եւ գահ-գահ մը պայթեցնելով խաբուած պաշտօնակիցներուն դիմաց…
ՓԱԿՈՒՄ «ԿԱՊԱՐԻ ԴԱՐ»ՈՒՆ
Վերադառնանք 90-ականներու յիշեալ հանգրուանին:
Ինչպէս նշեցի, «Ազդակ» 70-ականներու սկիզբը ապրած էր արդիականացումի նախորդ գլխաւոր հանգրուանը: 1975-ին ապրիլին, երբ պայթեցան Լիբանանի ծանօթ դէպքերը, յետոյ, 16 տարի ետք, պատմութեան անցան լիբանանեան պատերազմ որակումով, աշխարհը շարունակած էր մեքենական ու համակարգչային արդիականութեան խօլ վազքը, մինչդեռ, ինչպէս տագնապահար որեւէ երկիր` Լիբանան մտած էր տեղքայլի ու դանդաղումի ընթացքի մէջ: Պատերազմական վիճակը Լիբանանին հարկադրեց ուշացումով հետեւիլ այդ քայլերուն, նաե՛ւ տպագրական կալուածին մէջ: Ոչ հայկական թերթեր ու տպարաններ, որոնք ունէին նիւթական աւելի բարօր վիճակ կամ արտաքին ու ներքին աջակիցներ, համակարգչային ու օֆսեթ տպագրական դրութիւնները որդեգրեցին աւելի կանուխ: «Ազդակ»ի (նաեւ հայկական այլ թերթերու) համար այդ գարունը հարկադրաբար եկաւ բաւական ուշ, երբ արդէն տողաշարական ու տպագրական մեքենաները սկսած էին դառնալ թանգարանային, այլեւս կը դժուարանար «նախնադարեան» մեքենաներուն փոխնորդ կտորներ ապահովելը: Ստեղ-ծուած էր աներեւոյթ «դամոկլեան սուր» մը, որ ամէն օր կը սպառնար թերթին լոյս ընծայումը անկարելի դարձնել:
Այս վիճակը ծանօթ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին, որուն պաշտօնաթերթն է «Ազդակ»: Եւ ինչպէս նախընթաց հանգըրւաններուն, այս անգամ եւս Կեդրոնական Կոմիտէն տուաւ բարեփոխման որոշումը, ապահովեց նիւթական միջոցները, եւ անոր գործադրութիւնը վստահեցաւ, տնօրէնութեան կողքին, այս արհեստագիտութեան քաջածանօթ ու մասնագէտ ընկերներու, որոնք սկսելով ուսումնասիրական փուլէն` մինչեւ ծրագիրին ամբողջացումը, ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ նուիրումով կատարեցին իրենց պարտականութիւնը: Այս ծրագիրին իրագործման նպաստ բերին բազմաթիւ ընկերներ ու բարեկամներ: Յատկապէս կ՛ուզեմ յիշել անունները չորս ընկերներու, որոնք խորհրդատուութեամբ թէ գործնական աջակցութեամբ մասնակից եղան այդ աշխատանքին: Անոնք են, համակարգիչներու ապահովման ու առնչակից աշխատանքներու գծով` հանգուցեալ Վազգէն Էթեմեզեանը, Վաչէ Փափազեանը, Ժիրայր Պէօճէքեանը եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանը: (Վ. Էթեմեզեան նախապէս ալ աջակցած էր թերթին, երբ կարգ մը բացառիկներ պէտք էր պատրաստել համակարգչային դրութեամբ, որ, այս սկզբնական շրջանին, չունէր այսօրուան դրութեան առաւելութիւնները. տալու համար օրինակ մը` յիշեմ, որ շարուած սիւնակները կը տպուէին յատուկ թուղթի վրայ, կը փակցուէին էջին, տողի մը մէջ սրբագրութեան համար, տուեալ տողը կը շարուէր դարձեալ ու կը փակցուէր սիւնակի տուեալ տողին վրայ: Սա մեծ բարեփոխութիւն էր` համեմատած «կապարի դար»ու միջոցներուն, մեծապէս կը դիւրացնէր գրաշարութեան թէ էջադրումի գործը, սակայն եթէ բաղդատենք այսօրուան դրութեան հետ, կարելի է զայն ալ դասել նախնադարեան):
Տպարանը արդի արհեստագիտութեան դարաշրջանը փոխադրել` կը նշանակէր առնել երկու գլխաւոր քայլ. գրաշարութեան ու էջադրումի համար ձեռք բերել համակարգիչներ, իսկ մամուլը փոխարինել տպագրումի արդիական մեքենայով:
Յիշեալ ընկերներուն կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններով ու խորհրդատուութեամբ, տնօրէնութիւնը հասաւ յարմարագոյն որոշումին: Փաստօրէն, պէտք էր ընտրել լաւագոյն ու վստահելի ընկերութեան մը համակարգիչները. այս արհեստագիտութեան տարածումն ալ, ինչպէս այլ մարզերու մէջ, ունէր որակաւորն ու «աժաննոցը»: Թերթը չէր կրնար ունենալ նուազ որակաւոր համակարգիչներ, որոնք կրնային որեւէ պահու «դաւաճանել» ու աշխատանքին ամբողջացումը խափանել: Այլ ասպարէզներու պարագային, յաճախ կարելի է գործ մը վաղուան ձգել: Օրաթերթը նման պերճանքէ զուրկ է: Որակաւորը բնականաբար պիտի արժէր աւելի սուղ… (այսօր կարելի է մեծ կարողութիւններով օժտուած համակարգիչ մը գնել քանի մը հարիւր տոլարով, այդ օրերուն, շատ աւելի սահմանափակ կարողութեամբ սարքեր կը պահանջէին բազմատասնեակ հազարաւոր տոլար):
Համակարգիչներուն հետ պէտք էր ունենալ արդիական տպիչներ` laser printer-ներ: Սարքերուն ապսպրանքը կատարուեցաւ ու բացուեցաւ առաքումին սպասման շրջան մը: Այդ օրերուն արձանագրուեցաւ միջադէպ մը, որուն կ՛արժէ ակնարկել հպանցիկ կերպով ժպիտ բաշխելու համար ընթերցողներուն: Օր մը խմբագրատուն ներկայացաւ օտար պաշտօնատար-ներկայացուցիչ մը` հարց տալու համար, թէ յիշեալ տպիչները ի՞նչ բանի համար պիտի գործածուէին: Խմբագրութեան համար զարմանալի էր նման հարցում ու հետաքրքրութիւն: Բացատրեցինք, որ օրաթերթ ենք, բնականաբար պիտի գործածենք մեր հրատարակչական աշխատանքին համար: Զրոյցին շարունակութենէն ի յայտ եկաւ, որ նման տպիչներ ծախուած են Իրաքի, ուր այս արհեստագիտութեան չեմ գիտեր ո՞ր բաժինը օգտագործուած է… հիւլէական արհեստագիտութեան մէջ (Ծոցի Ա. պատերազմը քանի մը տարի առաջ տեղի ունեցած էր, երբեմնի բարեկամ-գործակից Իրաքը դարձեր էր թշնամի, բարեկամին շնորհւած ընծաները անակնկալներու մատնած էին նուիրողները, որոնք տասը տարի ետք հաճոյքով պիտի դիտէին Սատտամ Հիւսէյնի կախաղան բարձրացուիլը…):
Զուգահեռաբար, ձեռնարկուեցաւ արդիական մամուլի մը որոնումին, մեքենայ մը, որ բաւարարէր թերթին այդ օրերու ու անմիջական ապագայի կարիքները: «Ազդակ» 70-ականներու սկիզբէն ի վեր լոյս կը տեսնէր 8 էջով, պահանջ ու ակնկալութիւն կար, որ թերթին էջերուն թիւը բարձրանար (էջերու թիւի յաւելումը` ութէն տասի բարձրացումը տեղի ունեցաւ 1994-ի կէսերուն): Բաւական երկար որոնումէ ետք, կարելի եղաւ ձեռք բերել առաւելագոյնն 12 էջ միաժամանակ տպող մեքենայ մը, որ ունէր 3 մաս (իւրաքանչիւրը` չորս էջ տպող), նաեւ` «աճելու» հնարաւորութիւն, այսինքն, անոր վրայ կարելի էր աւելցնել չորրորդ կամ աւելի մասեր: Մամուլի սարքերուն որոնումին ու ձեռքբերման մէջ ալ խմբագրութիւնը ունեցաւ ընկերոջ մը` Կարպիս Մխճեանի գործակցութիւնը (աշխատակազմի անդամներու եւ այլ աջակիցներու անունները այս սիւնակներէն դուրս պահելը անոնց նուիրումին արհամարհանք կամ մոռացութիւն թող չնկատուի, ոչ ալ յիշատակուածներուն արձանագրումը` անոնց համեստութեան ուղղուած վիրաւորանք):
Քանի մը ամիսներու վրայ երկարող այս գործընթացը ի վերջոյ հասաւ իր լրումին. «Ազդակ» օժտուեցաւ համակարգիչներով ու արդիական մամուլով: Նախկին սարքերը, որոնք ատենին նկատառելի նիւթական ներդրում պահանջած էին, քանդուեցան ու տարուեցան վերջնական հանգստարան` ձուլարան…
ՆՈՐ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՀԱՐՑ
Արդի արհեստագիտութեան որդեգրումը այսպէսով չաւարտեցաւ: Կար լուծելի այլ հարց մը` տպարանի անձնակազմին «արդիականացում»ը:
Գրաշարներու եւ էջադրողներու կազմը` տպարանի աշխատաւորները մեծ մասամբ միջին եւ անկէ վեր տարիքի մարդիկ էին. անոնք ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու հաւատարմութեամբ աշխատած էին «Ազդակ»ի յարկին տակ: Պատերազմական վիճակի տարիներուն, մանաւանդ մինչեւ 1987, երբ «Ազդակ» լոյս կը տեսնէր Արեւմտեան Պէյրութի մէջ, այս մարդիկը մասնակից եղած էին թերթին հրատարակութեան գործը ըստ կարելւոյն անխափան շարունակելու, խմբագիրներուն ու աշխատակիցներուն չափ նուիրում ու ծառայութիւն ունէին: Անոնք յաճախ, ստիպողաբար, շաբաթներ շարունակ հեռու մնացած էին իրենց ընտանիքներէն` երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկի անկարելիութեան պատճառով: Տակաւին, ու այդ բոլորէն աւելի՛ կարեւորը, այդ խմբակին անդամները հայերէնին քաջածանօթ էին, պատրաստ` խմբագիրէն ակամայ վրիպած սխալ մը ինքնակամ կերպով սրբագրելու (երբ խմբագիր մը ստիպուած է, ժամանակի սղութեան պատճառով, լուր մը կամ յօդուած մը թուղթին յանձնել կարճ ժամանակի մէջ, կրնայ բառ մը պակաս գրել կամ նախագահի մը անունին առջեւ արձանագրել նախարար, մինչեւ անգամ ունենալ շարադասութեան սխալներ: Գրաշարներու այդ սերունդը պէտք չէր զգար ամէն քայլափոխի խմբագիրին ուշադրութեան յանձնելու վրիպումը, այլ ուղղակի ճիշդ բառերը կը շարէր,` մեծապէս դիւրացնելով ստուգող սրբագրիչին գործը): Այս ու նման առաւելութիւններով օժտուած անձնակազմ մը կարելի չէր մէկ օրէն միւսը հեռացընել թերթին ընտանիքէն, որովհետեւ դժուարութեան կամ անկարելիութեան պիտի մատնուէր նոր սարքերը օգտագործելու:
Կարգ մը անդամներ ինքնակամ կերպով հեռացան «Ազդակ»էն, այլ ասպարէզի մէջ գործելու, կամ` ճամբորդութեան պատճառներով: Միւս ները ստանձնեցին փորձերու սրբագրութեան կամ էջերը տպագրութեան պատրաստելու աշխատանքներ: Այսօր այդ խմբակէն շատեր առյաւէտ բաժնուած են այս աշխարհէն, ոմանք` կանխահասօրէն: Յարգա՛նք անոնց յիշատակին, նաեւ` թերթին հանդէպ անոնց նախանձախնդրութեան ու անսակարկ ծառայութեան: Այս տողերը կ՛արձանագրեմ այն նկատառումով, որ մամուլի աշխատաւորներու այս տեսակը ընդհանրապէս կը մնայ լուսարձակէ հեռու, չի նմանիր խմբագիրին ու աշխատակիցին, որ իր ստորագրութեամբ ծանօթ կը դառնայ ընթերցողին: Յիշենք նաեւ, որ «կապարի դար»ուն, տպարանային աշխատանքը ի՛սկապէս «սեւ աշխատանք» էր, կապարին ու մելանին հետքերը կը սեւցնէին աշխատաւորին ձեռքը, քիթն ու բերանը…: Ուրեմն կ՛արժէ, որ այդ մարդիկը յիշենք սիրով ու յարգանքով:
Համակարգիչներու վրայ աշխատանքի կոչուած աշխատակազմը կը բաղկանար պատանութիւնը նոր ետին ձգած երիտասարդներէ: Թէեւ անոնք ծանօթ էին համակարգիչ կոչուած հրաշալիքին, սակայն թերթի աշխատանքը ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնք կը կոչ-ւին արագութիւն, էջադրումի մանրամասնութիւններ, բայց մանաւանդ… նուիրում եւ յանձնառութիւն: Թերթին համար աշխատո ղը չի նմանիր ոեւէ այլ պաշտօնեայի, որուն աշխատանքի ժամերը յստակօրէն սահմանուած են: Մանաւանդ ան, որ մաս կը կազմէ գիշերային աշխատակազմին, ի սկզբանէ աչք պիտի առնէ, որ պարտադիր ուշացումները կրնան յաճախ զինք համակարգիչին դիմաց պահել ընկալեալ ժամէն անդին, օրինակի համար` երբ պատահի մեքենական անակնկալ խանգարում, կամ` ուշ գիշերին հասնող լուրի մը խմբագրման հարկադրանք:
Գրաշարներու եւ էջադրողներու նոր կազմը պէտք էր անցնէր թերթի աշխատանքին ծանօթացման ու մանրամասնութեանց վարժե ցումի «դասընթացքէ» մը, որ տեւեց աւելի քան 3 ամիս: Այդ շրջանին թերթին աշխատանքը անխափան պահելու համար որդեգրուե ցաւ զուգահեռ աշ խատանքի դրութիւն: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր օրուան թերթը գրաշարուեցաւ ու էջադրում կատարուեցաւ թէ՛ նախկին եւ թէ՛ նոր դրութեամբ: Սա կը նշանակէր խմբագրական-սրբագրութեան արդէն իսկ ծանրաբեռնեալ աշխատանքին կրկնապատկումը: Ստիպուած էինք այդպէս ընել, որովհետեւ նոր մամուլին սարքաւորումը տակաւին չէր ամբողջացած եւ այդ ամիսներուն պէտք էր թերթին տպագրութիւնը կատարել այլ թեր թի մը տպարանին մէջ, որ կը գտնուէր Էշրեֆիէի կեդրոնական մէկ շրջանը. պայման էր, որ տպագրելի էջերը տպարան հասցնէինք առաւօտեան ժամը 2-էն առաջ, որովհետեւ այդ տպարանէն լոյս կը տեսնէին նաեւ այլ օրաթերթեր. որեւէ ուշացում` մեր կողմէ, պիտի նշանակէր տպագրութիւնը կատարել առաւօտեան ժամը 4-էն ետք, այսինքն ուշացնել ցրուիչներուն գործը եւ… հազար ու մէկ արդարացի գանգատ լսել ընթերցողներէն: Այլ անպատեհութիւն պիտի ըլլար նաեւ հեռու քաղաքներ «Ազդակ»ի առաքման յետաձգումը` յաջորդ օրուան:
Նոր կազմը քանի մը ամիս ետք վարժուեցաւ աշխատանքի հեւքին, գաղտնիքներուն եւ բաւական բան իւրացուց նախորդ սերունդի նախանձախնդրութենէն ու աշխատանքին կապուածութենէն: Ահա այդ բոլորէն ետք էր, որ «հնադարեան» մեքենաները հանգստեան կոչուեցան, տպարանը ստացաւ արդիական դիմագիծ:
ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՈՒՄ` ՆԱԵՒ
ԼՐԱՏՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ
Կ՛արժէ հակիրճ կերպով անդրադառնալ նաեւ յարակից մարզի մը` լրատու աղբիւրներու սարքերուն ու միջոցներուն արդիականաց ման:
Պատերազմական վիճակի տարիներուն, նաեւ անկէ առաջ, բոլոր թերթերուն պէս, «Ազդակ»ն ալ միջազգային լուրերու համար կ՛ապաւինէր միջազգային լրատու աղբիւրներու, քիչ մըն ալ` ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի կայաններու: Լուրերը կը ստացուէին հեռատիպերու միջոցով: Չկար համացանց կոչուած հրաշալիքը, որուն միջոցով այսօր ոեւէ անհատ կրնայ վայրկեան առ վայրկեան լուրեր ստանալ, լուսան կարներ տեսնել ու լրատուական ժապաւէններ դիտել ափին մէջ իսկ:
90-ականներու սկիզբները միջազգային լրատու գործակալութիւնները մտան համակարգչային դրութեան մէկ նոր դարաշրջանը` օգտագործելով արբանեակային հաղորդակցութեան միջոցները: «Շաղզոյեան» կեդրոնի դրացիները օր մըն ալ տեսան, որ շէնքին գագաթը թառած է լայնածիր ափսէ մը, որ աշխարհի չորս ծագերէն տեղեկութիւններ կ՛որսայ ու կը տրամադրէ վարի յարկերուն աշխատող խմբագիրներուն:
Այսօրուան արագահոս լրատուութեան բաղդատմամբ, սկզբնական այդ շրջանին լուրերու ստացումը ըստ բաւականին դանդաղ էր: Հարկադ րաբար աւելի «նախնադարեան» էին հայերէն լուրերու հաղորդումները: Նախապէս, գլխաւորաբար Դաշնակցութեան լրատու միջոցները կ՛օգտագործէին հեռատիպը, որուն միջոցով, անգլիատառ հայերէնով բազմաթիւ էջեր կը հասնէին խմբագրութեան. յաճախ գիշերուան ուշ ժամերուն հասնող այդ լուրերը պէտք էր տաժանքով կարդալ, ամփոփել ու գրաշարին յանձնել: Իսկ երբ համակարգիչը փոխարինեց հեռատիպը, աշխատանքը որոշ դիւրութիւն ճանչցաւ, թէեւ` ոչ այսօրուան չափ դիւրին: Սկզբնական այդ շրջանին, հայերէն տառերով խմբագրուած լուրերու փոխանցման դրութիւնը այսօրուան չափ զարգացած չէր. լուրերը կը հասնէին «չինարէնով», այսինքն, ստացուած լուր մը կամ յօդուած մը պէտք էր անցընել հայերէնի «թարգմանող» համակարգչային ծրագիրէ մը. գործը նուազ տաղտկալի չէր, քան` անգլիատառ հայերէ նով հասնող հեռագրալուրերուն վերծանումը: Արդիականացումը ունէր իր հաճելի ու անխուսափելիօրէն անհաճոյ հարկադրանքները, որոնք այսօր, «կապարի դար»ու սարքերուն պէս, պատմութեան անցած են բարեբախտաբար:
Այդ օրերէն ասդին, համակարգչային արհեստագիտութիւնը ապրած է նոր նուաճումներ, որոնք վստահաբար մեծապէս կը դիւրացնեն խմբագիրին ու տպարանային աշխատանք ընող աշխատակազմին գործը: Այսօր կարելի է ո՛չ միայն աւելի դիւրամատչելի միջոցներով գունաւոր ու գեղեցիկ թերթ ունենալ, այլ համացանցային կայքէջներու միջոցով, օրը օրին թերթը կարդալ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր մէկ անկիւնին մէջ, չսպասել թղթատարին ճամբով առաքումներուն:
Այս բոլորով հանդերձ, կարելի չէ երանութեամբ չյիշել «հին դարաշրջան»ի մինչեւ իսկ վատը ու նախանձով չնայիլ արդի արհեստագիտութեան արագասլաց թռիչքն ու ընձեռած դիւրութիւնները օգտագործող խմբագիրներուն ու աշխատակազմի անդամներուն:
Արդիականացման որեւէ քայլ ողջունելի է, անկասկած: Վաղը, տասնեակ տարիներ ետք, այսօրուան խմբագիրին համար նորութիւն ու արդիականացում, իր կարգին, պիտի դառնայ «հնադարեան»: Ճարտարարուեստի յեղաշրջումէն` ուշ միջնադարէն ի վեր, ա՛յդ ցոյց կու տայ պատմութիւնը:
Կայ սակայն բան մը, որ անփոփոխ է ու պէտք է մնայ այդպէս. այդ ալ հայ մամուլին դերակատարութիւնն է, իսկ դաշնակցական մամուլը անոր վրայ կ՛աւելցնէ նախանձախնդրութեան ու նուիրումի բաժին մը. նուիրում` ասպարէզին, նախանձախնդրութիւն` լաւագոյնը տալու, գաղափարական ուղղութիւն պահպանելու եւ զայն նոր հանգրուաններ առաջնորդելու, առանց անտեսելու մայրենիին անաղարտ պահպանման ու զարգացման նախանձախնդրութիւնը: Այս բոլորին բանալիները արդիական սարքերը օգտագործող խմբագիրներն են ու աշխատակիցները, որոնք մեր թերթը պիտի կենսաւորեն այլ տեսակի արդիականութեամբ…

