ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեանց Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 18 մարտին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու միջեւ արտասանական մրցում` նուիրուած Մուշեղ Իշխանի մահուան 20-ամեակին: Սոյն մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ազգային Ե. Մանուկեան, Ազգ. Ս. Խանամիրեան, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններէն 14 աշակերտներ:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ` Սօսէ Ճինպաշեան: Ան ներկայացուց դատական կազմին անդամները` Շաքէ Եագուպեան, Զարուկ Պոշնաքեան, Յասմիկ Պերթիզլեան, Արփի Կոստանեան: Ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մ. Իշխանի կենսագրական գիծերը, նաեւ կարդաց կարգ մը հեղինակներու գրած կարծիքները Մ. Իշխանի մասին:

Այնուհետեւ, կարգով բեմ բարձրացան միջնակարգի, ապա երկրորդականի բաժնի մասնակցող աշակերտները: Միջնակարգի պարտադիր կտորն էր Մ. Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն», իսկ երկրորդականի պարտադիր կտորը Մ. Իշխանի «Ես մասիսը չտեսայ» բանաստեղծութիւնը: Մասնակցողները նախ արտասանեցին պարտադիր, ապա ազատ կտորը:

Մրցումի աւարտին դատական կազմը ընտրեց միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժինէն լաւագոյն 3 ասմունքողները: Արդարեւ, միջնակարգի բաժինէն առաջին հանդիսացաւ Ռիթա Կրակեան (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարան), երկրորդ` Գարեն Գանտահարեան (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարան), երրորդ` Աւօ Մարտիրոսեան (Ազգ. Ե. Մանուկեան վարժարան): Իսկ երկրորդականի բաժինէն առաջին հանդիսացաւ Թամար Ազնիկեան (Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարան), երկրորդ` Լոռի Գանթարճեան (Ազգ. Ե. Մանուկեան վարժարան), երրորդ` Իսկուկ Տումանեան (Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):

Բոլոր յաղթողները ստացան նուէրներ` տրամադրուած Ուսումնական խորհուրդին կողմէ, ինչպէս նաեւ մէկական գրքոյկ` նուիրուած Շուշիկ Տասնապետեանի կողմէ` «Մթնալոյս» խորագրով:

Share this Article
CATEGORIES