ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԵՔ ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ես, իբրեւ Հրանդ Տինքի փաստաբան, ներկայ գտնուեցայ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դատավարութեան:

Հոն ներկայացուցի Տինքին գործը, նպատակն ու պայմանները: Ան «Ակօս» թերթի խմբագիրն էր, եւ յաճախ իր գաղափարներով կ’արթնցնէր ժողովուրդը եւ պետութիւնը: Տինքին նպատակն էր Թուրքիան դարձնել ժողովրդավար, որպէսզի կարելի ըլլայ քննել Ցեղասպանութեան հարցն ու ապահովել ճանաչումը:

Ան կը շեշտէր, որ իւրաքանչիւր մարդ ունի խօսքի ազատութիւն: Ան նաեւ կ’ուզէր, որ հայ-թուրք յարաբերութիւնները ըլլան բարեկամական:

Իբրեւ փաստաբան` փորձեցի բոլորին հասկցնել, որ թուրք իշխանութիւնը երկու գլխաւոր պատճառներով պատասխանատու է Հրանդ Տինքի սպանութեան. առաջին` Թուրքիոյ սահմանադրութեան թիւ 301 յօդուածը, որ կ’ըսէ, թէ ոեւէ անձ, որ կը վիրաւորէ Թուրքիոյ արժանապատուութիւնը, կը դատապարտուի, եւ այս բոլորին մէջ Ցեղասպանութեան մասին խօսիլն ալ դատապարտելի է:

Բնականաբար, երբ ժողովուրդը եւ մանաւանդ ծայրայեղները կը լսեն պետութեան առած այս որոշումները, ապա պիտի մտածեն, որ Հրանդ Տինքի կեցուածքը հանդուրժողական չէ, եւ ուստի, ան պիտի ճանչցուի իբրեւ Թուրքիոյ դաւաճան:

Երկրորդ պատճառը ա՛յն է, որ Տինք իր վերջին խօսքերուն մէջ ինքզինք նմանցուցած է աղաւնիի մը, որ միշտ հալածանքի ենթակայ է, եւ նաեւ տեղեկացուցած է, որ կը ստանայ շարք մը սպառնալիքներ:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս լսելով` ինչո՞ւ չփորձեցին զայն պաշտպանել. ինչո՞ւ կարեւորութիւն չտուին Տինքի մտահոգութիւն-ներուն եւ, տակաւին, ընդհակառակը, ինչո՞ւ ոճրագործին տրուեցաւ ոճիրը գործելու պատրաստ ենթահող մը:

Այս փաստերովս եւ տեղեկութիւններովս յաջողեցայ համոզել դատարանը եւ ներկաները, որոնք ապշած` կը հետեւէին խօսքերուս: Բոլորին վստահեցուցի, որ ոչ մէկ պատճառ ունէին Հրանդ Տինքին ճանչնալու իբրեւ դաւաճան: Համոզեցի, որ Տինք ունէր բարի նպատակներ: Տինք կ’ուզէր, որ Թուրքիա ժողովրդավար դառնար, որպէսզի թուրքերը քաջութիւն ունենան ներողութիւն խնդրելու հայերէն: Ան կ’ուզէր պահել իր հայկականութիւնը եւ թուրքերուն ծանօթացնել հայոց պատմութիւնը:

Պարտականութիւնս կատարելէ ետք հեռացայ հպարտ եւ ուրախ: Արդէն կրցած էի պաշտպանել Հրանդ Տինքը, իր ընտանիքն ու հայուն իրաւունքները:

ԱԼԻՔ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքի
Ա. մրցանակագիր

 

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ
15.09.1954-19-01.2007

Մարդ մը պէտք է իր կեանքին մէջ ազատ ապրի: Ազատութեան ձգտումը կը ստիպէ մէկ կողմ դնել ամէն ինչ, նոյնիսկ` հրաժարելով իր կեանքէն:

Ինքզինք հպարտ կրնայ զգալ ա՛յն անձը, որ կրնայ դէմ ելլել կեղծիքին եւ անարդարութեան, իսկ այս բոլորը կրնայ ընել ա՛յն անձը, որ կը գիտակցի, թէ ի՛նչ է իր հայրենասիրութեան ու իր հայրենիքին հանդէպ ունեցած իր պարտականութիւնը: Այդպիսին էր Հրանդ Տինքը:

Անուն մը, որ գրաւած է համայն հայութեան միտքն ու հոգին: Անոր պայքարը պարզ պայքար մը չէր, այլ` կենաց մահու պայքար, իր ինքնութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ հայրենիքին համար:

Հրանդ Տինք յայտնի հայ լրագրող մըն էր, հրապարակագիր եւ մտաւորական: Ան Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող միակ երկլեզու` «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրն էր: Անոր ազդեցիկ գրիչն ու խօսքը սարսափեցուցած էին ամբողջ Թուրքիան: Ան այն քիչ լրագրողներէն եղած է, որ կրցած է իր միտքերն ու զգացումները արտայայտել անվախօրէն ու համարձակօրէն` գիտնալով, որ այսօրուան թուրքը 1915-ի նոյն թուրքն է:

Ան չէր կրնար իր մէջ պահել այդ ցաւալի եւ անընդունելի իրողութիւնը, որ կատարած էր թուրքը հայուն դէմ` 1915-ին: Տինք իր ազատ խօսքի եւ արդարութեան ձայնը բարձրացնելու համար կ’ենթարկուէր քննադատութեան, դատապարտումի եւ նոյնիսկ մահուան սպառնալիքներու: Սակայն ան կանգ չառաւ, այլ շարունակեց իր արդար պահանջատիրութեան գործը:

Ոչ մէկուն համար զարմանալի էր Տինքին հանդէպ գործուած ոճիրը, որովհետեւ հո՛ս, թուրքը անգամ մը եւս փաստեց, որ թուրք մանուկը օրօրոցէն կը սնանի արիւնով եւ կը դառնայ ոճրագործ:

Եւ ահա կանխամտածուած եւ ծրագրուած ոճիրը իրագործեց թուրք անչափահաս 17-ամեայ մոլեռանդ երիտասարդ Սամաստը` «Ակօս»ի խմբագրատան մուտքին, Տինքին վրայ արձակելով փամփուշտը` կասեցնելու արդարութեան ձայնը:

Անոնք չէին գիտեր, որ տակաւին կան շատ տինքեր, նոյնիսկ թուրք մտաւորականներ, որոնք պիտի բարձրացնեն բողոքի ձայնը, դատապարտեն Թուրքիան, եւ պահանջեն, որ Թուրքիա ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն, իր 1,500,001 անմեղ զոհերուն համար: Հայը պէտք չէ լռէ, եւ եղեռնագործը պէտք է ստանայ իր արդար պատիժն ու տայ համապատասխան հատուցում:

Այսօր այլեւս չկայ հայուն համարձակ եւ յանդուգն զաւակը` Հրանդ Տինքը, որուն աչքերուն մէջ կը շողար մեր յոյսը, որուն հայեացքը սէր կը ներշնչէր մեր սրտերուն մէջ, ու միեւնոյն ժամանակ կ’արթնցնէր հպարտութեան զգացումը: Հրանդ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն, բայց երբեք չբաժնուեցաւ մեր սրտերէն: Մենք Տինքին յիշատակը յաւերժ պիտի պահենք մեր սրտերուն մէջ:

Եւ եկէք, մենք ալ ըլլանք արդար,
Թշնամիին թոյնին նուիրենք նեկտար,
Քալենք ճամբաներով մեր սուրբ պատմութեան
Եւ լոկ մեր ուժով կերտենք Հայաստան:

ՌՈԼԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարան
Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքի
Բ. մրցանակագիր

ՃԵՐՄԱԿ ՈՒ ԱՆՄԵՂ ԱՂԱՒՆԻԻ ՄԸ ՆՄԱՆ…

Թուրքը պիտի յիշէ իր ըրածը ու պիտի շարունակէ… Ամենամեծ փաստը Հրանդին այս աշխարհէն ֆիզիքապէս ջնջելն է, բայց հոգիով` երբե՛ք:

Հրանդ Տինք ծնած է 1954-ին: Ան շատ դժուար պայմաններու մէջ ապրած է: 1996-ին հիմնուած է «Ակօս» թերթը, նպատակ ունենալով պաշտպանել Հայ դատը եւ տէր կանգնիլ հայերուն իրաւունքներուն: Իր կեանքին ընթացքին խօսած է ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներուն մասին: Ան հակառակ անոր, որ թրքական քաղաքացիութիւն ունէր, բայց այդ մէկը պատճառ չդարձաւ, որ ան փոխէ իր գաղափարը ու կասեցնէ իր ձայնը:

Միշտ յաջող անձը կը հալածուի… 19 յունուար 2007-ին Սամաստ կոչուող թուրք երիտասարդը Տինքը կը սպաննէ եւ գետին կը փռէ այդ անմեղ ու ճերմակ աղաւնին:

Տինքին ընտանիքը կը դիմէ փաստաբանին, որպէսզի գտնէ ոճրագործը: Երանի՜ մէկ հոգի ըլլար… Հրանդի փաստաբանը ամբողջովին ու արդար կերպով կը պաշտպանէ դատը, սակայն թուրք դատախազը չի դատեր ոճրագործը…

Ինչո՞ւ: Փաստաբանը չի դադրիր ու կը շարունակէ իր գործը, որովհետեւ այս դատը միայն չի պահանջեր Տինքի արեան գինը, այլ` մէկուկէս միլիոն նահատակներունը: Փաստաբանը դատարանին մէջ կ’ըսէ. «Հրանդը միայն խմբագիր չէ, ընտանիքի հայր է ու հայոց համայնքի արդարութեան փաստաբանը, հայերուն իրաւունքները պաշտպանողն ու յարգողը»: Թուրք դատախազները ապշած կը մնան… Ուրիշ բան չէին կրնար ընել` բացի ոճրագործը պատժելէ:

Եթէ հարց տաք, թէ բաւարա՞ր է այս պատիժը. վստահ ո՛չ: Այդ 17-ամեայ երիտասարդին ետեւ արդեօք չէ կանգնա՞ծ Թուրքիոյ իշխանութիւնը:

Մինչ դատավարութիւնը տեղի կ’ունենայ, դուրսը հազարաւոր մարդիկ կը շարունակեն «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ պահանջել իրենց իրաւունքները: Բոլորը յոյս ունին, որ արդարութիւնը ուշ կամ կանուխ երեւան պիտի գայ, եւ թուրքը իր ձեռքով պիտի վերադարձնէ հայկական հողերը:

Իսկ ես, իբրեւ աշակերտուհի, երբեք պիտի չմոռնամ մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ մէկը` Հրանդ Տինքը: Ճիգ պիտի թափեմ շարունակելու նահատակին ուղին, փաստելու իրականութիւնները եւ պայքարելու հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար: Պիտի շարունակեմ, մինչեւ որ հայ ազգը վերատիրանայ իր հողերուն:

Պիտի շարունակեմ, որովհետեւ`
«Բոլորս հայ ենք, բոլորս Տինք ենք»:

ՍԱԼԲԻ ԿԱՆԻՄԵԱՆ

Հայ Կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի
Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքի
Գ. մրցանակագիր

Share this Article
CATEGORIES