ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՏՆՕՐԷՆ ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Յակոբ Հաւաթեան

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական միութեան, չորեքշաբթի, 16 մարտ 2011-ին, տեղի ունեցաւ վաստակաշատ տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի մահուան 10-րդ տարելիցը նշող յիշատակի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ միջնակարգի Ը., Թ. եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն ու Ճեմարանի անձնակազմին:

Բացման խօսքը կարդաց Լսարանական միութեան նախագահ Նժդեհ Մկրտիչեան, որ ըսաւ.

«16 մարտ 2001-ը եղաւ լոկ ֆիզիքական բաժանումը մեր սիրելի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանէն, սակայն իր բարոյական տիպարին եւ ղեկավարի կերպարին մէջ իրերայաջորդ սերունդներ ունեցան եւ պիտի ունենան կենդանի ներշնչման աղբիւր եւ գաղափարական մնայուն յենարան: Իւրաքանչիւր օր կը յիշենք իր խօսքերը, որոնք ուժ եւ ոգի կը ներշնչեն ճեմարանականներուս»: Նժդեհ Մկրտիչեան բացման խօսքը աւարտեց մէջբերելով` Հրաչ Տասնապետեանի շրջանաւարտ սերունդի մը ուղղած խօսքը. «Ձեր հետագայ կեանքի ընթացքին, ի՛նչ ալ որ ըլլան պայմանները, ո՛ւր որ ալ գտնուիք, պահեցէ՛ք միշտ այն ոգին, ազատութեան, հաւատարմութեան, ընկերականութեան, փոխադարձ յարգանքի, իրերու եւ երեւոյթներու լայնախոհ եւ անկաշկանդ քննարկումի այն սկզբունքները, որոնք Ճեմարանինն են, եւ զորս Ճեմարանը ներշնչեց ձեզի»:

Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա»ի Լիբանանի Գրասենեակին պատրաստութեամբ «Հրաչ Տասնապետեան. ամբողջական մարդը» տեսերիզը, որ կ՛ընդգրկէր Տասնապետեանի անձամբ ներկայացուցած ինքնակենսագրութենէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ` անոր գործունէութեան յայնածիր դաշտէն: Այնուհետեւ Թ. դասարանէն Սէրուժ Հանտեան ասմունքեց Զ. Խրախունիի «Ծառ մեզի պէս» բանաստեղծութիւնը:

Ձեռնարկին հիւր պատգամաբերն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, որ ներկայ աշակերտներուն մեծամասնութեան թէեւ ֆիզիքապէս անծանօթ էր Հրաչ Տասնապետեան, բայց ճեմարանականի ինքնավստահ հպարտութեան հիմնական գաղտնիքը ո՛չ կրթական մակարդակի, աշակերտութեան արձանագրած նուաճումներուն, ո՛չ ալ դպրոցական կառոյցին մէջ կը կայանայ, այլ` Շանթի, Վրացեանի, Տասնապետեանի նման անձինք նուիրեալներու մէջ, որոնք այդ հպարտութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցեցին, եւ այդ սերունդներու կազմաւորման մէջ Տասնապետեան ունեցաւ իր անջնջելի դրոշմը: Զինք ճանչնալով իբրեւ հանրային, հասարակական, մտաւորական մեծ գործիչի` Հաւաթեան շեշտեց Տասնապետեանի մարդուժի պատրաստութեան հաւատացող մեծ անհատականութիւնը, երիտասարդութեան լաւ խօսակից ըլլալու յատկութիւնը, ինքնավստահութիւն ներշնչող անձը, որ ունէր աշխատանքի յատուկ ձեւ մը, որ վարակիչ էր իր շրջապատին: Հաւաթեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Տասնապետեան եղաւ վրացեաններու սերունդը մեր սերունդին հետ կամրջող լաւագոյն ջահակիրը, դուք ալ դարձէք Տասնապետեանի վաստակը կամրջողները»:

Տիգրան Ճինպաշեան

Յ. Հաւաթեանի խօսքէն ետք աւարտական դասարանէն Դալար Պոյաճեան դաշնամուրով նուագեց «Քամանչա»ն: Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան: Ան նախ գնահատեց Լսարանական միութեան այս նախաձեռնութիւնը, ապա անդրադառնալով ողբացեալ տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանին` ըսաւ. «Բախտը ունեցած եմ զինք ճանչնալու` իբրեւ ուսուցիչի, պաշտօնակիցի, տնօրէնի, ինչպէս նաեւ որոշ չափով` ընկեր-բարեկամի: Ան իր յատուկ նկարագիրով, աշխատանքի կերպով դարձաւ տիպար ուսուցիչի կերպարը շատերուս համար: Ճեմարանի երեք տնօրէնները (Լ. Շանթ, Ս. Վրացեան, Հ. Տասնապետեան) յատուկ կնիք ունեցած են. Տասնապետեանի կնիքը մտածողութեան, գաղափարի, հարցերու ուսումնասիրութեան եղանակի, գիտականութեան վրայ էր: Գիտնական տնօրէն էր ան: Արուեստասէր, մտաւորական, կուսակցական ղեկավար ու ճարտասան ըլլալէ բացի, ան ունէր յատուկ գիծ մը` կուռ տրամաբանութիւն մը: Տիգրան Ճինպաշեան վեր առաւ Տասնապետեանի նկարագրային գիծերէն մէկ քանին: Ան նախ անդրադարձաւ անոր չափազանց աշխատասիրութեան, ապա` կուռ տրամաբանութեան, փաստերու վրայ հիմնուած, աւելորդ խօսքերէ, ածականներէ ու մակբայներէ զերծ արտայայտութեան: Երրորդ յատկութիւնը լայնախոհութիւնն է, իսկ վերջինը` ընկերասիրութիւնը բոլորին նկատմամբ: Ճինպաշեան թելադրեց աշակերտներուն որդեգրել այս յատկութիւնները` ըլլալ աշխատասէր, ժուժկալ` բառերու գործածութեան մէջ, բայց մտածողութեան մէջ` ամբողջական, ըլլալ լայնախոհ,սեփական կարծիքներէ զատ մտիկ ընել գիտնալ, ընդունիլ եւ յարգել նաեւ ուրիշին տեսակէտը, եւ վերջապէս ըլլալ ընկերասէր` հասկցող եւ ներողամիտ շրջապատին նկատմամբ:

Հրաչ Տասնապետեանի մահուան 10 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով:

Share this Article
CATEGORIES