ԹԵՆԻՍ. ՀՈՒԻԹ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՈՏՔԻ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ
Աւստրալիացի թենիսմեն Լէյթըն Հուիթ նախորդ շաբաթ Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) ենթարկուեցաւ ոտքի վիրաբուժութեան: Ան այդ վիրաբուժութիւնը կատարեց գաղտնօրէն` առանց նախապէս այդ գծով յայտարարութիւններ կատարելու:
Ան այժմ իր ամէն կարելին պիտի ընէ շուտ ապաքինելով իր մասնակցութիւնը բերելու յառաջիկայ մայիսին սկսելիք Ֆրանսայի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին:
Ան ըսաւ, որ այդ վիրաբուժութիւնը կատարեց, որովհետեւ ժամանակէ մը ի վեր իր ոտքը բարդոյթներ կը ստեղծէր:
CATEGORIES Մարզական


