ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԷՃԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 25 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 1:30-ին, նախակրթարանի եւ միջնակարգ-երկրորդականի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ վարժարանի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ` հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշելու Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը: Հաւաքին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հովիւ տէր Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, վարժարանի խնամակալութիւնը, Շրջանաւարտից միութեան վարչութիւնն ու ծնողական խորհուրդը:

Հաւաքին բացման խօսքը արաբերէնով փոխանցեց Ը. դասարանէն Շողեր Արուշեան, որ վեր առնելով անկախութեան գաղափարը` շեշտեց լիբանանեան հայրենիքը պահպանելու իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտաւորութեան վրայ:

Բացման խօսքէն ետք ԺԱ. դասարանէն Ալին Կէօքճեան եւ Արին Պուրսալեան Սաննին լերան նուիրուած բանաստեղծութեան տարբեր հատուածներով ասմունքեցին:

Այնուհետեւ, Ե. դասարանէն աշակերտներու պատմողական ընթերցումներով բեմին վրայ ներկայացուեցան  Ռաշայայի պատմական բերդը եւ Լիբանանի անկախութիւնը կերտած կերպարները` նոյն կարգի աշակերտներու խաղարկութեամբ: Թատերախաղը ընդմիջեցին Ա. դասարանի փոքրիկները` արաբերէն ասմունքով: Թատերախաղը ներկայացուց անկախութեան ծնունդը, իսկ անոր անմիջապէս յաջորդող պատմական հանգրուանը ներկայացուց Դ. դասարանէն Նարօտ Գառնէշեան` եզրափակելով թատերախաղը:

Ձեռնարկին պատգամը փոխանցեց քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց լիբանանեան հայրենիքը բաղկացնող տարբեր համայնքներու համակեցութեան եւ այլազանութեան հարստացուցիչ արժէքները: Ան անդրադարձաւ մասնաւորաբար լիբանանահայ համայնքին դերակատարութեան: Ան լիբանանեան իւրայատկութեան եւ անոր անկախութեան պահպանման մէջ տեղադրեց լիբանանահայ համայնքի զօրութիւնը` մաղթելով, որ Լիբանան հեռու մնայ ցնցումներէ եւ բարգաւաճի խաղաղ պայմաններու մէջ:

Տնօրէնին խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ սահիկներու ներկայացում մը (power point), որ կ՛անդրադառնար Լիբանանի անկախութեան, անոր պատմական կարեւոր հանգրուաններուն, վարչաձեւին, ինչպէս նաեւ տեսարժան վայրերուն ու քաղաքակրթական ժառանգութեան:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ նախակրթարանի աշակերտութեան կողմէ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES