ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ
Անկախութիւն. սքանչելի բառ մը, որ կը նշանակէ կախեալ չըլլալ ոեւէ մէկէն իսկ հայրենիքի անկախութիւն… այս մէկը շքեղ ըլլալէ աւելի` հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան զգացում կու տայ անհատին. այսպիսի զգացումներէ մղուած` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը այս տարի եւս որոշած էր տարբեր շուքով տօնել Լիբանանի անկախութիւնը: Արդարեւ, 25 նոյեմբեր 2011-ին, լիբանանեան բանակի յատուկ ուժերու ջոկատը հրաւիրուած էր Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ` նորահաս սերունդին ներկայացնելու զինուորական մարզումներէ բաժին մը: Այս ջոկատը դպրոց ժամանեց զրահապատով մը:
Ձեռնարկը սկսաւ կէսօրուան ժամը մէկին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի բոլոր աշակերտները` մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, հաւաքուած էին դպրոցին բակը: Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկին բացումը, ապա խօսք առաւ Էլմոն Գալֆայեան, որ բարի գալուստի խօսք ուղղելէ ետք դպրոց ժամանած լիբանանեան բանակի յատուկ ուժերու ջոկատին, բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերը հայրենիքի պաշտպանութեան աշխատանքին մէջ, ու մասնաւորեց յատուկ ուժերու ունեցած դերակատարութիւնը հայրենիքի գոյատեւման պայքարին մէջ: Ի վերջոյ, մատնանշեց անկախ Լիբանան հայրենիքի գոյութեան անհրաժեշտութիւնը եւ դրուատեց զայն: Բացման խօսքէն ետք քոլեճին պարախումբը, կազմուած` երրորդ եւ չորրորդ դասարաններու աշակերտներէն, ներկայացուց արաբական տապքէն, որ գոհունակութիւն պատճառեց զինուորներուն եւ միաժամանակ զարմանք առթեց անոնց մօտ` ի տես մեր մանուկներու սքանչելի ներկայացման: Պարէն ետք Լիբանանի բանակին զինուորներու ջոկատին հրամանատար Ժորժ Սալիպէ ողջունեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնն ու աշակերտները եւ ներկայացուց կիրարկելիք զինուորական վարժութիւնները:
Զինուորական վարժութիւններուն բացումը կատարուեցաւ շարային քալուածքով, որուն յաջորդեց զրահապատ մը կասեցնելու եւ չէզոքացնելու պատկերը: Այսպէս, զրահապատը սկսաւ քալել. զինուորները մէկ առ մէկ զրահապատին տակ պառկելով` «ռումբ»-եր զետեղեցին անոր տակը: Զրահապատը սկսաւ դանդաղիլ, մինչ այդ խումբ մը զինուորներ գնդացիրներով յարձակում գործեցին զրահապատին վրայ, քանի մը հոգի զրահապատ բարձրացաւ եւ ի վերջոյ անշարժութեան մատնուեցաւ ան: Պէտք է նշել, որ անոնք գործածեցին ձայնաւոր, բայց պարապ փամփուշտներ եւ ռումբեր: Երկրորդ ցուցադրութիւնը, զոր ըրին, կրակէ օղակն էր, որուն մէջէն զինուորները նետուելով անցան. ապա անոնք ներկայացուցին ինքնապաշտպանութեան ձեւեր` ձեռքով բիրերով, դաշոյնով եւ ատրճանակով: Աւարտին խումբ մը զինուորներ պարզեցին Լիբանանի դրօշակը:
Ցուցադրութիւններուն վերջինը պարանով բարձունքէ մը վար իջնելն էր: Անոնք օգտագործեցին քոլեճի շէնքին տանիքը: Այս մարզաձեւի աարտին անոնք առիթ տուին աշակերտներուն, որ իրենք եւս փորձեն այս մէկը: Մեծ թիւով աշակերտներ մեծ խանդավառութեամբ եւ անվախօրէն կիրարկեցին այս վարժութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ յատուկ ուժերու զինուորներուն անձնազոհութիւնը` հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անկախութեան պահպամնան գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժոզեֆ Պիթարին, որուն միջնորդութեան շնորհիւ յատուկ ուժերու զինուորներուն այս խումբը ներկայ եղած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, եւ հրաւիրելով սպայ Ժորժ Սալիպէն անոր յանձնեց յուշանուէր մը Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին անունով, որմէ ետք միասնաբար կտրեցին լիբանանեան դրօշակը ներկայացնող կարկանդակը, որ հիւրասիրուեցաւ ջոկատի բոլոր անդամներուն: Կարկանդակ հիւրասիրուեցաւ նաեւ վարժարանի բոլոր աշակերտներուն:
Ազգային հպարտութիւն ներկայացնող բանակի այս վարժութիւններէն ետք, հայ աշակերտները մեկնեցան իրենց տուները` անմոռանալի յիշատակներ տանելով իրենց հետ:
Կեցցէ՛ Լիբանանը:
Կեցցէ՛ Լիբանանի անկախութիւնը եւ ա՛յդ անկախութիւնը պաշտպանող լիբանանեան բանակը: