ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՆՃԱՐ. ՔՈՅՐ ՄԱՐԻ ՌՈՔԻ ԴԱՄԲԱՐԱՆԻ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Այնճար հայաւանի 70 տարիներու պատմութեան մէջ իրենց յատուկ տեղը ունին զուիցերիական-գերմանական Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան 3 քոյրերը, այսինքն քոյրեր` Հետուիկ, Աննա, եւ Մարի Ռոք: Անոնք երկար տարիներ մեծ նուիրումով ծառայեցին Այնճարի ժողովուրդին, ինչպէս սան – սանուհիներուն` Հայ Աւետ. Երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկ դպրոցին մէջ: Այդ քոյրերէն Մարի Ռոք 1975-ին կը մահանայ եւ կը թաղուի Այնճարի գերեզմանատան մէջ: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն զերծ չմնաց քոյր Մարի Ռոքի գերեզմանը, որ քանդուելով` վերջին տարիներուն դարձած էր անճանաչելի: Հետեւաբար, առ ի յարգանք, Հայ աւետ. երկրորդական վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, գործակցաբար Հայ աւետ. եկեղեցիին հետ, յղացան ծրագիրը այդ գերեզմանը վերածելու գեղեցիկ դամբարանի եւ վրան զետեղելու գերեզմանաքար մը, որ կը կրէր քոյր Մարի Ռոքի անունը եւ ծննդեան թուականը:

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետ. երկրորդական վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան, շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, կատարուեցաւ յատուկ յայտագիր` նախ գերեզմանատան մէջ, եւ ապա` վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ: Կէսօրէ ետք Այնճարի գերեզմանատունը լեցուն էր ժողովուրդով, որոնք մօտէն ճանչցած էին քոյր Մարի Ռոքը: Դամբարանին բացումը կատարեցին Այնճարի երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը: Նախ կատարուեցան Աստուածաշունչի ընթերցումներ եւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի աղօթքէն ետք եղաւ դամբարանին բացումը: Ապա զետեղուեցաւ երկու ծաղկեպսակ` Այնճարի քաղաքապետութեան Շրջանաւարտից միութեան կողմէ: Այնճարի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը նուագեց «Մուսա լերան գիւղերէն» երգը: Արարողութիւնը աւարտեցաւ «Հայր Մեր»-ով:

Գերեզմանատան արարողութիւններէն անմիջապէս ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի «Հետուիկ» սրահ: «Հետուիկ» սրահի հանդիսութիւնը սկսաւ Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Սեպուհ Պոյաճեանի բացման խօսքով: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց քոյր Մարիի եւ միւս քոյրերուն ծառայութեան տեղը հարիւրաւոր շրջանաւարտներու կեանքին մէջ: Ապա եկեղեցւոյ հովիւ եւ վարժարանի տնօրէն վեր. Ր. Մսըրլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ Հիլֆսպունտ միսիոնարութիւնը, իր զինուորագեալ քոյրերուն հետ, եղաւ նեցուկ եւ օգնեց, որ Մուսա լերան ժողովուրդը շահի իր երկրորդ ճակատամարտը Այնճարի մէջ, ընդդէմ` աղքատութեան, սովի, ցուրտին եւ իբրեւ արդիւնք` այսօր Այնճար դարձած է փոքր Հայաստան մը, որ ունի եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ գործունեայ միութիւններ: Վեր. Մսըրլեան շեշտեց, որ քոյր Մարիի ծառայութեան եւ նուիրումի ոգին պէտք է խթան դառնայ մեր ներկայ սերունդին` ծառայելու ազգին, զանազան բնագաւառներու մէջ:

Ապա Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան ներկայացուցիչ եւ գիշերօթիկ բաժնի տնօրէն Կոթֆրիտ Շփանկպերկ ներկայացուց քոյր Մարի Ռոքի կենսագրականը. անոր խօսքին զուգահեռ, եղաւ սահիկներու ցուցադրութիւն:

Հանդիսութեան աւարտին Այնճարի քաղաքապետ, Կարապետ Փամպուքեան իր խօսքին մէջ շեշտեց այն զոհողութեան բարձր ոգին, որ ցուցաբերուեցաւ քոյրերուն կողմէ Այնճարի մէջ: Այդ մէկը ինքնին շարունակուող պայքար մըն էր թուրք դահիճներուն դէմ, եւ մեր ժողովուրդը կրցաւ շահիլ այդ պայքարը եւս: Կ. Փամպուքեան իր խօսքին աւարտին Այնճարի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քոյրերուն եւ Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան իրենց ծառայութեան եւ ներդրումի Այնճարի ազգային եւ հաւաքական կեանքին մէջ:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ վեր. Ր. Մսըրլեանի աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ: Ապա ժողովուրդը հիւրասիրուեցաւ Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան կողմէ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 ՔՈՅՐ ՄԱՐԻ ՌՈՔ

Ծնած է 1897-ին Գերմանիա: Տան անդրանիկ դուստրն էր բազմաթիւ քոյր եղբայրներուն մէջ: Իր փոքր տարիքէն պայքարած էր նուիրումով եւ կառչած էր այն գործին, որ ստանձնած էր քոյրերու միաբանութեան մէջ, առանց յուսահատելու պատրաստ էր դիմագրաւելու դժուարութիւնները:

1925-ին, աւարտելէ ետք իր ուսումը Աստուածաբանական ճեմարանի մէջ, ան շարունակեց իր ուսումը` դառնալու դայեակ Դիւպինկըրի մէջ:

Հոն է, որ իրեն առաջարկցուեցաւ Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան կողմէ աշխատակցիլ եւ օգնել հայ գաղթականներուն, Յունաստանի մէջ: Ան սիրով ընդունեց այս առաջարկը եւ ղրկուեցաւ Քագալա 1927-ին, երբ 30 տարեկան էր:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք քոյր Մարի կը միանայ Քոյր Հետուիկին, Այնճարի մէջ, 1949-ին, երբ 52 տարեկան էր:

Ըլլալով բազմատաղանդ եւ փորձառու անձ մը` իր մայրական մօտեցումով վստահութիւնը շահեցաւ եւ օգտակար եղաւ Այնճարի ժողովուրդին, որ կարիքը ունէր հեռանկարի մը, որպէսզի դժուարութիւնները յաղթահարէ:

Կրցաւ երիտասարդներու հետ ալ կապի մէջ մտնել, որոնք իր օգնութեան կարիքը ունէին:

Օգնեց գիշերօթիկ դպրոցի աշակերտութեան, որ իրենց կեանքը Աստուծոյ խօսքին հետեւողականութեամբ ձեւաւորուի: Քոյր Մարի միշտ եղած է հաւատաւոր եւ օրինակելի անձ մը: Ան կը գիտակցէր, որ Տէրը կանչած է զինք եւ մինչեւ վերջ իրեն հետ պիտի մնայ եւ ուղղէ զինք: Ուստի, իր կեանքով շատերուն համար դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբան եղաւ:

1970-ին, 73 տարեկանին այսպէս կը տեղեկացնէ Գերմանիոյ իր գործընկերներուն իր վերջին պաշտօնական տեղեկագրին մէջ: «Առաջ կ՛երգէինք` «Լսեցի՞ր Յիսուսի կոչը», ո՞վ կ՛ուզէ երթալ եւ աշխատիլ այսօր:

Յաճախ լսած եմ այս կոչումը եւ յաճախ ալ անտեսած, որով ունէի ուրիշ կարեւոր ծրագիրներ: Սակայն կոչումը ետ կը դառնայ, եւ ես հիմա կը ծառայեմ հայ ժողովուրդին, 43 տարիներէ ի վեր: Յաճախ դժուար եղած է եւ երբեմն կը նախընտրէի փախուստ տալ, բայց երբ Տէրը կը կանչէ, չենք կրնար փախչիլ. եւ հիմա մենք` երեք քոյրերս, այլեւս դադրած ենք, եւ կը հաւատամ, որ Տէր Յիսուս մեզ կ՛ըսէ` «Քիչ մը հանգչեցէք». ուստի կարեւոր է, որ մեր հայրենիքէն նոր երիտասարդ ուժեր լսեն այս կոչումը եւ մօտենան»:

Քոյր Մարի պատրաստ էր ծառայելու, դիմադրելու եւ նոյնիսկ վերջաւորութեան հեռանալու: Այս վերջինը շնորհք մըն է աստուծոյ կողմէ, որ կրնանք նկատել, որ մե՛ր գործը աւարտած է երկար տարիներու քրիստոնէական ծառայութենէ ետք բայց Տիրոջը գործը կը շարունակուի: Այս տեսակ մտածում կրնանք ունենալ, երբ խոնարհ է մեր կեցուածքը Աստուծոյ հանդէպ, եւ երբ ձգել ու հեռանալու ժամը մօտենայ, կը գիտակցին, թէ` «Մենք անարժան ծառաներ ենք եւ միայն մեր պարտականութիւնը կատարած ենք» (Ղուկաս 17:10):

Ինք իր գործին մասին նշած է, թէ ինք պատրաստ էր ծառայելու որեւէ մարզի մէջ:

Քոյր Մարի բուժարանի պատասխանատուն էր: 1949-ին հոկտեմբերին 1200 հիւանդներ բաժնուեցան: Իսկ 1950-ին տասը ամսուան ընթացքին 8541 հիւանդներ բուժուեցան: Հիւանդներ կու գային հեռու եւ մօտիկ վայրերէ: Ապա յանձն առաւ նաեւ խոհանոցի բաժինը եւ 1961-ին ամէն օր 225-230 անձեր կը կերակրուէին գիշերօթիկ բաժինէն ներս:

Քոյր Մարի իր տեղեկագիրին մէջ կը նշէ 20 տարուան ընթացքին արձանագրուած յառաջդիմութեանց մասին: «Այլեւս անապատներ չկան, մեծ եւ փոքր տուներ շրջապատուած են ծառերով, ելեկտրական հոսանք, ջուր եւ կարգ մը տուներու մէջ նաեւ հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ կը նկատուին:

Այս շրջանին կարգ մը շրջանաւարտ աշակերտներ կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ եւ 1979-ին գիշերօթիկներուն թիւը կը հասնի 370-ի` 220 մանչ եւ 150 աղջիկ: Այս աշակերտները կու գային Սուրիայէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Քուէյթէն եւ նոյնիսկ հեռաւոր Ափրիկէէն` հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստանալու: Նոյն ժամանակաշրջանին Մեժտել Այնճարի դպրոցը, ունէր 200 աշակերտներ, որոնք կը յաճախէին այսպէս ըսած «քոյրերու» վարժարանը եւ կը ստանային նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն:

Մեժտել Այնճարի բուժարանին մէջ Մարի Ճամպազեան երկու օգնականներու ընկերակցութեամբ կը բուժէին իսլամ արաբները:

1967-ին երբ 70 տարեկան էր, այնճարցիներու եւ  քոյրերու ունեցած դժուարութեանց մասին կը գրէ. «Կը կարծենք, թէ այլեւս այնճարցիները մեզ պէտք չունին, բայց կարծես թէ տակաւին ընելիք կայ, անոնք պէտք ունին մեր սիրոյն եւ մեր հայրենիքը գտնուող ընկերներուն սիրոյն եւ աղօթքներուն: Անոնք երախտապարտ են, որ Լիբանանի մէջ կրնան կառչած մնալ իրենց հաւատքին եւ բարքերուն: Խտրականութեան հարց գոյութիւն չունի: Սակայն անոնք ցրուած են աշխարհի չորս դին, առանց հայրենիքի, ուստի պարտք կը զգանք, որ անոնց հայեացքը ուղղենք դէպի իրենց երկնաւոր հայրենիքը, անոնք եւ մենք պէտք ունինք ձեր աղօթքներուն, որ Տէրը կ՛ուղղէ իրենց եւ իր խօսքին ծարաւ ձգէ: Կարեւոր եւ հրաշալի ձեռնարկ մըն է, որ դուք ձեր հայրենիքէն եւ մենք ալ այստեղէն` Այնճարէն կը կատարենք:

Քոյր Մարի մահացաւ 1975-ին եւ թաղուեցաւ Այնճարի գերազմանատան մէջ: Կ՛ուզեմ  խորին շնորհակալութիւններս յայտնել Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան եւ իմ կողմէս` Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան, որ քոյր Մարիի անճանաչելի գերեզմանը վերանորոգեցին: Կը գնահատեմ ձեր նախաձեռնութիւնը:

ԿՈԹՐԻՏ ՇՊԱՆԿՆՊԷՐԿ

Share this Article
CATEGORIES