ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
22 նոյեմբերը Լիբանանի ազգային տօնն է` անկախութեան տօնը: Մայրիներու այս չքնաղ երկիրը շատոնց իր հիւրընկալ գիրկը լայն բացած է հայուն, եւ մենք, բնական ու նպաստաւոր պայմաններ գտնելով հինաւուրց այս երկրին մէջ, Միջերկրականի այս տաքուկ ափին հաստատ քայլերով կը շարունակենք կերտել հազարամեայ մեր պատմութեան նորագոյն էջը:
Լիբանանը եղաւ ա՛յն երկիրը, ուր հայը քանի մը տասնեակի հասնող կրթօճախներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, տպարաններ եւ այլ ազգային հաստատութիւններ կառուցեց, եւ ապաւինելով այս հոգեղէն եւ քարաշէն կառոյցներուն` ան կրցաւ բազմանալ, կրցաւ զարգանալ` ի հեճուկս այլասերման ու ձուլման բազմաթիւ ալիքներուն:
Այս շռայլ ու առատաձեռն վերաբերմունքին պատճառով Լիբանանի անկախութեան տօնը մեր հաւաքականութեան համար թանկագին է ու նուիրական:
Երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան, ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի վարժարաններու աշակերտները մեծ սիրով, յուզումով ու պատասխանատուութեամբ հաւաքուած էին նշելու այդ պանծալի օրուան 68-րդ տարեդարձը:
Հաւաքուած էին բոլորը, մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական` 12-րդ դասարանցիները, ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը, ծնողներ եւ հիւրեր: Վարժարանի շրջափակին մէջ իրենց տեղերը գրաւեցին երեսփոխաններ` Արթիւր Նազարեանն ու Շանթ Չինչինեանը, Սինն էլ Ֆիլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Աւօ Երեմեանը, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ եւ Կրթական յանձնախումբի ատանապետուհի Սիլվա Լիպարիտեանը եւ նոյն յանձնաժողովի եւ յանձնախումբի անդամ Արտա Եանըգեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Վիգէն Չերչեանը, ՀԵԸ-ի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Գէորգ Սանթուրեանը, Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Պալեօզեանն ու ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանը:
ՀԵԸ-ի փողերախումբի ոգեւորող նուագի թափին տակ, շքեղ տողանցով մուտք գործեցին ՀԵԸ-ի սկաուտական տարբեր խումբերը, եւ ՀԵԸ «Անդրանիկ-Սեւան» սկաուտական խումբին կառուցած կայմին վրայ եւ քայլերգներու ընկերակցութեամբ բարձրացուցին Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՀԵԸ-ի դրօշները:
Պաշտօնական իր խօսքին մէջ ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի ուսուցչուհի Այտա Ռըզքը նշեց անկախութեան տօնին խորհուրդն ու կարեւորութիւնը եւ շեշտեց կրթական մշակին` լաւ քաղաքացի ըլլալու եւ իր կարգին պարտաճանաչ եւ գիտակից քաղաքացիներ կերտելու առաքելութեան կարեւորութիւնը:
Քիչ ետք ներկաներուն շարքերը ուրախութեամբ ալիքուեցան եւ սիրտերը լեցուեցան հպարտութեամբ` տեսնելով մեր նորագոյն սերունդին` Կարմիրեան եւ Նազարեան վարժարաններու մանկապարտէզի ծաղկափթիթ մանչերուն եւ աղջիկներուն` մեր վաղուան փայլուն ապագային ամուր քայլերով տողանցքը: Այնուհետեւ զոյգ վարժարաններու չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիները տպաւորիչ տողանցքի մրցոյթ-ցուցադրութեամբ հանդէս եկան, որուն աւարտին յաղթող ճանչցուեցան վեցերորդ դասարանցիները ու ծափահարութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց մարզիչին Նայիրի Սուէյտիին եւ հանդիսութեան պատուոյ հիւրերուն:
Տօնակատարութեան երկրորդ բաժինը շարունակուեցաւ համերգով` Նազարեան վարժարանի հիմնովին վերանորոգուած սրահին մէջ:
ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ս. Տէյիրմենճեանի բացման խօսքէն ետք արաբերէն, հայերէն ու անգլերէն երգերու կատարումով հանդէս եկան ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարաններու մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները: Որքան գեղեցիկ ու յուզիչ էր երեխաներուն իւրաքանչիւր արտայայտութիւնը: Բեմին վրայ երգ, պար ու արտասանութիւն էր` նուիրուած սիրելի Լիբանանին ու անոր անկախութեան: Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու բոլոր փոքրիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին տօնական հանդէսին: Իսկական հրավառութիւն էր, իսկական վայելք:
Տօնական օրուան փակումը վստահուած էր ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Թ. Մարգարեանին, որուն եզրափակիչ խօսքով աւարտեցաւ Լիբանանի Անկախութեան 68-րդ տարեդարձի հանդիսութեանց շարքը:
Այս առթիւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէ վերոյիշեալ հանդիսութեան յաջողութեան իրենց աշխատանքն ու նպաստը բերող բոլոր անհատներուն, պատուոյ հիւրերուն, վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն:
Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ` ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀԵԸ գրասենեակի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, Անդրանիկ-Անթիլիաս եւ Անդրանիկ-Սեւան գործադիր մարմիններուն, սկաուտական խումբերուն եւ փողերախումբին` իրենց ցուցաբերած համագործակցական ոգիին եւ փայլուն մասնակցութեան համար:
Վարձքերնիդ կատա՛ր, սիրելիներ: Թող միշտ կապոյտ ու անամպ մնայ անկախ Լիբանանի երկինքը եւ միշտ իրենց հողին հաւատարմօրէն կառչած մնան Լիբանանի բոլոր զաւակները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԲԸՄ-Ի ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

