ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ. «ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՍԻ ԱՌՈՂՋ ՄԹՆՈԼՈՐՏ»
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2011-ին, տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս ապահովել դպրոցական յաջողութիւն եւ դասի առողջ մթնոլորտ» նիւթով դասախօսութիւն մը: Նիւթը ներկայացուց մանկավարժ-հոգեբան Ռիթա Բարմաքսըզեան:
Դասախօսութիւնը բաժնուած էր երկու մասերու: Առաջին բաժինին մէջ դասախօսը շեշտեց հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին տարած աշխատանքներուն կարեւորութեան մասին: Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ ան խօսեցաւ ծնողներու զանազան դերերուն մասին, որպէսզի աշակերտը դասի առողջ մթնոլորտ ունենայ տան մէջ եւ կարենայ յաջողութիւն ձեռք բերել: Ան շեշտեց, որ ծնողներ պէտք է ըլլան սէր արտայայտող, ներող, բայց ոչ` թոյլ, հաստատ, բայց նաեւ` ճկուն, լաւատես, համբերող, հետապնդող եւ զգուշ` իրենց զաւակներուն նկատմամբ:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու: Դասախօսը անհրաժեշտ բացատրութիւններով գոհացում տուաւ ծնողներուն հարցումներուն եւ մտահոգութիւններուն: