ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ

ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ
ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2011-ին Ս. պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, աւելի քան ժամ մը, դպրեվանեցիներ այցելեցին հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետ կիրակի, 13 նոյեմբերին, կատարած էր հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին բացումը եւ ուղղած իր հայրապետական պատգամը` 2012 տարին Հայ գիրքի տարի հռչակելով: Այս առթիւ, դպրեվանեցիներ հանդէս եկած էին Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն նուիրուած շարականներով եւ երգերով:

Տեսչութեան տնօրինութեամբ, սաներուն գումար մը յատկացուեցաւ եւ անոնք, իրենց նախասիրութիւններուն համաձայն, գիրքեր գնեցին: Յիշեալ գումարը տրամադրեց Դպրեվանքի նախկին սաներէն հալէպաբնակ  Գէորգ Ամպարճեան:

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2011, իրիկուան ժամը 8.30-ին, դպրեվանքը հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Դպրեվանքի երգչախումբը առաջին անգամ ըլլալով առիթը ունեցաւ հանդիպելու «Շնորհալի» երգչախումբին հետ եւ միասնաբար կատարելու երգեցողութեան փորձերը ու պատրաստուելու իրենց տալիք համատեղ ելոյթին:

Յայտնենք, թէ 9 նոյեմբեր 2011-էն սկսեալ, ամէն չորեքշաբթի, յիշեալ երկու երգչախումբերու ղեկավար` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան դպրեվանքի երգչախումբին փորձերը կը կատարէ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES