ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ՇԱՄԼԵԱՆ ԹԱԹԻԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ԿԵԱՆՔԸ ՄԵՐ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Մեզի վստահուած փոքրիկներուն դպրոցական առաջին փորձառութիւնները ճոխ ու դաստիարակիչ դարձնելու միտումով բազմազան ծրագիրներ եւ յայտագիրներ կը մշակուին դպրոցին մէջ: Այսպէս, վերամուտի խանդավառ առաջին օրէն ետք մեր աշակերտները ունեցան հաւաքական բազմաթիւ յայտագիրներ, ինչպէս` Լիբանանի անկախութիւն, հայ գիրքի ցուցահանդէսի տրուած այցելութիւն: Նման յայտագիրներու ամէնէն յատկանշական եղաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան յատկացուած օրը: Օրուան յայտագիրը ընդգրկեց Մարաշի յատուկ ձեռագործի եւ այլ իրերու ցուցադրութիւն, գեղարուեստական յայտագիր` գործադրուած փոքրիկներուն կողմէ եւ մարաշցիններու ճաշի` քէշքէկի եւ դդումի պատրաստութիւն:

Յայտագիրին հրաւիրուած էին նաեւ Մարաշի հայրենակցական միութենէն տիկիններ, որոնք ապրեցան հոգեպարար ժամեր, ըստ իրենց  վկայութեան: Վարձքը կատար Մարաշի հայրենակցական միութեան Վարչութեան եւ բոլոր անդամներուն:

Տեղին է նշել, թէ այս տարի այսպիսի օրեր պիտի կրկնուին եւ յատուկ յայտագիրներ պիտի ծրագրուին հայրենակցական բոլոր այն միութիւններուն համար, որոնց հանդէպ հայ դպրոցն ու հայ աշակերտը ունին խոր երախտագիտութիւն:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES