ՄԱՆՈՒԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Հրապարակագիր, լրագրող եւ «Նոր կեանք» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մանուէլ Գազանճեանի մահուան քառասունքին առիթով,  կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011-ին, յաւարտ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ժեհթաուիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշահանդէս մը, որուն ներկայ գտնուեցան պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մամլոյ եւ խմբագիրներու սենտիքաներու ներկայացուցիչ Էլիաս Աուն, հասարակական գործիչներ,  ողբացեալի գործընկերներ, հարազատներ ու բարեկամներ:

Յուշահանդէսին բացումը աղօթքով կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Աւագ քհնյ. Քերքեզեան: Ան ողջունեց Մանուէլ Գազանճեանին նման ազգանուէր եւ մշակութանուէր անձնաւորութիւններու եւ ընդհանրապէս մտաւորականներու, հասարակական եւ մշակոյթի գործիչներու յիշատակը ո՛չ միայն եկեղեցական արարողութիւններով, այլ յուշահանդէսներով ոգեկոչելու գաղափարը:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին մամլոյ եւ խմբագիրներու սենտիքաներու ներկայացուցիչ Էլիաս Աուն, Պերճ Արապեան, Սարգիս Նաճարեան եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Իր խօսքին մէջ Էլիաս Աուն ըսաւ, որ Մանուէլ Գազանճեան կը վայելէր երկու սենտիքաներու նախագահներուն եւ անդամներուն յարգանքը եւ կամուրջ մըն էր երկու սենտիքաներուն եւ լիբանանահայ մամուլին միջեւ:  Մանուէլը կը պատկանէր Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած այն սերունդին, որ ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ եւ դարձաւ Լիբանանի հաւատարիմ ու օրինապահ քաղաքացին: Հրատարակեց «Նոր կեանք» շաբաթաթերթը եւ արժանացաւ բոլորին յարգանքին` իբրեւ ազնիւ, ծառայասէր, ընկերային եւ հայրենասէր անձնաւորութիւն, ըսաւ Էլիաս Աուն:

Պերճ Արապեան յուզումով յիշեց, որ շնորհիւ Մանուէլ Գազանճեանի քաջալերանքին, ինք  դարձած է «Նոր կեանք»-ի աշխատակից եւ յօդուածագիր: Ան յիշատակեց յատկապէս Մանուէլին անշահախնդիր ծառայասիրութիւնը եւ յարգալիր վերաբերումը իր շրջապատին նկատմամբ:

Սարգիս Նաճարեան ցաւ յայտնեց, որ «սովոր ենք մարդու մահուընէ ետք միայն գիտակցիլ անոր արժէքին ու արժանիքներուն, բացայայտել, խոստովանիլ եւ գնահատել զանոնք»: Ան ըսաւ, որ Մանուէլը զտարիւն հայ մըն էր, որուն սիրտը տրոփեց հայկական եւ հայրենական կեանքի կշռոյթով: Մանուէլը եղաւ մամուլի ու մշակոյթի զինուորագրեալ մը, ըսաւ ան:

Հուսկ խօսք առնելով` պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ Մանուէլ Գազանճեանը «Նոր կեանք»-ի միջոցով ճանչնալէ ետք, զինք մօտէն ճանչնալու առիթը ունեցած է անոր մահուան նախորդող քանի մը ամիսներուն միայն եւ Մանուէլին մէջ նկատած է նախանձախնդիր  հայու տիպար մը, յանդուգն լրագրող մը, որ կը տագնապէր  հայերու Ամերիկա գաղթի, խառն ամուսնութիւններու կամ հայ մանուկներու ոչ հայկական դպրոց յաճախելու նման ազգավնաս երեւոյթներով: «Մանուէլը ինծի հետ կը ժամադրուէր ոչ թէ բան մը խնդրելու համար, այլ իր սրտցաւ հայու մտահոգութիւնները փոխանցելու», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Արտասանուած սրտի խօսքերուն ընդմէջ, տէր Մեսրոպ ընթերցեց Մանուէլի գրութիւններէն հատուածներ եւ անոր անտիպ խորհրդածութիւններէն տողեր:

Մանուէլ Գազանճեանի հարազատներուն ցանկութեամբ, ոգեկոչումը փակուեցաւ ներկաներուն կողմէ երգուած «Կիլիկիա» երգով:

Share this Article
CATEGORIES