ՈՉ ԵՒՍ Է ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳԷՈՐԳ (ՃՈՐՃ) ԱԲԷԼԵԱՆ

Գրական հարուստ եւ արժէքաւոր վաստակ մը իր ետին ձգած, «Ձիւնական» գրչանունով երկար տարիներ «Ազդակ»-ի էջերը ճոխացուցած, կուսակցական, ազգային, մշակութային, եկեղեցական եւ այլ մարզերուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած «Ազդակ»-ի երկարամեայ աշխատակիցներէն գրող եւ մտաւորական Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան շաբաթ, 3 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-ին իր բնակարանին մէջ աւանդեց իր հոգին:

Կիրակի, 4 դեկտեմբերին Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան պաշտամունքը, ապա Այնճարի գերեզմանատան մէջ իր ընտանիքի անդամները, բարեկամները, կուսակցական ընկերները եւ հարազատները վերջին հրաժեշտ տուին վաստակաշատ Գէորգ Աբէլեանի:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անունով արտասանուեցան դամբանականներ, որոնք անդրադարձան Գ. Աբէլեանի նուիրական ու անսակարկ ծառայութեան` լիբանանահայ կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ եւ զանազան մակարդակներու վրայ:

Մեր ընթերցողներուն հրապարակագրական- երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941¬ին: Նախնական ուսումը ստացած է գիւղի` Քեսապի եւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ: Համալսարանական ուսումը ստացած է Հայկազեան համալսարանէն, որուն առաջին շրջանաւարտներէն եղած է:

Շուրջ 25 տարի ծառայած է կրթական ասպարէզին մէջ, ապա հիմնած է իր հաստատութիւնը` «ՍԱՎԱ» եւ զբաղած գրենական պիտոյքներու առեւտուրով, Այնճարի մէջ:

Մասնակցութիւն բերած է կուսակցական, եկեղեցական եւ յատկապէս մշակութային մարզերուն: Տարբեր պաշտօններ ստանձնած է ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան մէջ, անդամակցած է Համազգային մշակութային միութեան, նաեւ` Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան:

Ամուսնացած է Անժել Գալինճեանի հետ: Հայր է երեք զաւակներու` Սեւան, Արարատ եւ Վանիկ:

Գրական ասպարէզ մտած է յիսուն տարիներ առաջ: Աշակերտական տարիքէն իսկ գրելու հակումներ ցուցաբերած է: Աշխատակցած է Ս. Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին, «Բագին» գրական ամսագիրին, «Ազդակ» օրաթերթին, «Պատանեկան Արձագանգ»-ին եւ այլն:

Իր գրական կեանքին մէջ յատկանշական է այն, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտածներու, իսլամացածներու մասին պատմութիւններ ու վկայութիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է` այս բոլորը ամփոփելով զոյգ հատորներու մէջ:

Ցարդ իրմէ հրատարակուած են հետեւեալ գործերը. «Հելէ, Հելէ, Հելէ Քեսապ», «Աննա հարսը» (վէպ), «Ցկեանս նահատակութիւն», որ նաեւ լոյս տեսած է արաբերէնով եւ սպաներէնով «Պէյրութ», «Նետենք¬բռնենք…» (մանկապատանեկան), «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» («Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորը), «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» եւ «Քոյրիկս մի՛ ծախեր, մա՜մ» պատանեկան հատորը («Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին շարքէն): Մամուլի տակ կը գտնուի «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը, արդէն իսկ կը խմբագրուին «Աննա հարս»-ին արաբերէն գիրքն ու այս զոյգ գիրքերուն անգլերէնները:

Ունի հրատարակելի շարք մը գործեր` «Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին շարունակութիւնն ու անոնց պատանեկան գիրքերը, Լիբանանի պատերազմին նուիրուած վէպ մը, նաեւ` 6 թատերախաղեր:

Գէորգ Աբէլեանի վաղաժամ մահով լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իսկական նուիրեալ հայորդի մը, գրական կեանքին մէջ ստեղծուեցաւ բաց մը, սակայն ան իր հատորներով եւ հրատարակելի գործերով, գործունէութեամբ պիտի շարունակէ յիշուիլ եւ սերունդներու պատգամներ փոխանցել:

Share this Article
CATEGORIES