ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչներուն միջոցով Իսրայէլի դէմ բողոքագիր մը փոխանցեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
Բողոքի նամակին մէջ Լիբանան խստիւ դատապարտեց 29 նոյեմբեր 2011-ին Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հողերուն դէմ կատարուած ռմբակոծումները, որոնք հարուածած էին Ռմէյշի եւ Այթա Շաապի շրջանները:
Բողոքի նամակին մէջ նշուեցաւ, որ Իսրայէլի կողմէ գործուած այս ռմբակոծումը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն կը նկատուի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում եւ միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան դէմ սպառնալիք:
CATEGORIES Լիբանանեան