ԺՈՄՊԼԱԹ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՒ ԷՐՊԻԼ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ուղղուեցաւ Էրպիլ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի ինքնավար մարզի նախագահ Մեսուտ Պարազանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու ղեկավարութիւններուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները, որոնք սկսած են եօթանասունական թուականներէն:

Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Ժոմպլաթի ընկերակցեցաւ անոր զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ, արտաքին հարցերու խորհրդական Տորէյտ Եաղի, խորհրդական Պահիժ Ապու Համզա եւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES