ԺԱՀԺԱՀ. «ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՏԱՊԱԼԵԼ ԱՅՍ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Զահրանիի ելեկտրական կայանին փակումը կը վերահաստատէ, որ Լիբանանի իշխանութիւնը պետութեան մօտ չի գտնուիր, որովհետեւ կատարուած իրողութեան իշխանութիւնը կը գործէ իր շահերուն եւ նպատակներուն համաձայն, անտեսելով երկրին սահմանադրութիւնն ու որդեգրուած բոլոր օրէնքները:

Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց այս կառավարութեան տապալումը, որովհետեւ ան ոչ մէկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ արժէք կ՛ընձեռէ լիբանանցիին ապրուստին կամ անոր ապագային:

Ժահժահ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան որոշ կողմեր, որոնք Լիբանանի ճակատագիրը ուղղակիօրէն կ՛առնչեն Հըզպալլայի եւ սուրիական վարչակարգին հետ` շեշտելով, որ ինք այդ իրականութիւնը նկատի ունենալով է, որ առաջին օրէն իսկ պահանջած է կառավարութեան հրաժարականը:

Ժահժահ մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի բանեցուցած ճնշումներուն չենթարկուին:

 

Share this Article
CATEGORIES