ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ, ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ

Ֆրենժիէ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Իրանի մէջ բրիտանական դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ ինք վարչապետին այցելած է` անձամբ ողջունելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու անոր որոշումը, որուն հիման վրայ Լիբանան գործադրած եղաւ միջազգային իր յանձնառութիւնը:

Ան անդրադարձաւ նաեւ շրջանը յուզող զարգացումներուն` նկատել տալով, որ այս հանգրուանին իրենք մտահոգ են Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ: Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ յայտնեց, թէ Միքաթիին յանձնած է նամակ մը անոր իրանցի պաշտօնակիցէն` Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիէն, աւելցնելով, որ այդ նամակը կը վերաբերի շրջանային իրադարձութիւններուն:

Ապատի հաստատեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք շեշտած է Թեհրանի զօրակցական կեցուածքը` Լիբանանին, լիբանանցիներուն, երկրին կայունութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ու համախոհութեան նկատմամբ: Ան ընդգծեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը անհրաժեշտ է:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանան-Սուրիա սահմանային ապահովութիւնը ամրապնդել` արգիլելով սահմանային խախտումի բոլոր երեւոյթները, որոնց շարքին նաեւ զէնքի մաքսանենգումի իրականութիւնը:

Ալի նկատել տուաւ, որ Սուրիա նախանձախնդիր է միջարաբական յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու առումով:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, ինչպէս նաեւ նախագահեց Թմրեցուցիչի դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ եւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք:

Վարչապետարան այցելեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

 

Share this Article
CATEGORIES