ՊԱՍԻԼ. «ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐՄԱՐ ՄԱՐԶԸ ՉԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ»

Զահրանիի ելեկտրական կայանը երկու օրուան դադարէ ետք վերադարձաւ բանելու այն դրութեամբ, ինչպէս որ էր նախապէս, սակայն ելեկտրական կայանին աշխատանքի կասեցումին պատճառած քաղաքական հետեւանքները կրնան ելեկտրականացնել կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Զահրանիի մէջ պատահածը ողբերգութիւն է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան եւ ելեկտրականութեան ընկերութեան քանդում:

Պասիլ խստիւ քննադատեց Զահրանիի մէջ արձանագրուած պատահարը` զայն նկատելով քանդումի աշխատանքի վտանգաւոր նախընթաց մը: Ան հաստատեց, որ այդ արարքին ենթահողը յարանուանական չէ` աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը պէտք է շարունակէ իր սկսած հետաքննութիւնը` բացայայտելու համար այդ թերացումը արձանագրող կողմը:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Զահրանիի ելեկտրական կայանի բանեցման հոլովոյթին մէջ ներառուած է նաեւ մալեզիական ընկերութիւն մը, որ իր կարգին հաշուետու է այդ հարցին, որովհետեւ անոր բանուորները կրնան կասեցուցած ըլլալ Զահրանիի աշխատանքները:

«Պէտք է իւրաքանչիւր կողմ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ:  Ելեկտրականութեան մարզը յարմար ոլորտ մը չէ` քաղաքական պատգամներ արձակելու, եւ մենք այս հարցին առնչութեամբ լուռ պիտի չմնանք», ըսաւ Պասիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES