ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՆԻՍՏԸ

Աշխատանքային նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց աշխատանքային նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ 8 – 10 դեկտեմբերին Հանրապետութեան նախագահին Հայաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ զանազան մարզերու վերաբերող համաձայնագիրներու ստորագրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան նախագահ Սլէյմանի այցելելիք հիմնական վայրերը:

Նշենք, որ նիստին ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար Փանոս Մանճեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան: Քննարկուեցան ճարտարարուեստի նախարարութեան աշխատանքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Էլի Մարունի եւ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ:

Share this Article
CATEGORIES