ՍՈՒՐԻԱ ՌԱՊԱԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ Է

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր ժիհատ Մաքտիսի «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Դամասկոս Սուրիոյ մէջ դէտեր տեղակայելու ռապաթեան արձանագրութիւնը ստորագրելուն համաձայնութիւն յայտնած է:

Մաքտիսի նշեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ կիրակի երեկոյեան Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիին իր ուղղած նամակին մէջ Սուրիա դէտեր ուղարկելու լիկայի պահանջին «դրական պատասխան» տուած է: Սակայն աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Սուրիա արձանագրութիւնը ստորագրելու համար նախապայմաններ ճշդած է:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Պոլիսէն Աթէնք օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին իրեն ընկերակցող լրագրողներուն առջեւ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա կը քննարկեն Սուրիոյ օժանդակելու կերպերը, եթէ ժողովրդավարութիւն պահանջող ցոյցերը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը մղեն իշխանութենէն հրաժարելու»: Ան միեւնոյն ժամանակ բացառեց, որ «սուրիական վարչակազմի տապալումը շրջանին մէջ համայնքային լայնատարած պայքար յառաջացնէ»:

Պայտըն խօսելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր երկու ժամ տեւած հանդիպումին մասին յայտնեց, որ այդ հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու հարցը չեն քննարկած: Ան նշեց,որ քննարկումներուն ընթացքին այն զգացումը կար, որ սուրիական տագնապը կարելի է լուծել առանց շրջանին մէջ այլ երկիրներ փոթորկելու, եւ թէ «որեւէ հրդեհ միայն Սուրիայով սահմանափակուած պիտի ըլլայ»:

Պայտըն ըսաւ, որ Էրտողանի հետ քննարկած է «հետագայ քայլերը, եւ ընդհանուր կերպով քննարկուած է որոշ մասնակցութիւն եւ օժանդակութիւն ապահովելու եւ թերեւս տնտեսական օժանդակութեան կարեւորութիիւնը»:

Ազրպէյճանական «Էյ.էն.էսփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ «Սուրիոյ նկատմամբ մեր հակազդեցութիւնը ուժեղացած է եւ հետագային աւելի պիտի ուժեղանայ, որովհետեւ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն, հակառակ մեր իննամսեայ ջանքերուն, ճնշում գործադրել ցուցարարներու վրայ»:

Տաւութօղլու ընդգծելով, որ Թուրքիոյ եւ Արաբական լիկայի միացեալ նախաձեռնութիւնը Դամասկոսի կողմէ արհամարհուած է, ըսած է, որ իր երկրին համար պատժամիջոցներ հաստատելէն այլընտրանք չէ մնացած: «Մենք չենք կրնար տեսնել, թէ ինչպէ՛ս ամէն օր մեր աչքերուն առջեւ մարդիկ կը զոհուին, չենք կրնար լուռ մնալ», ըսած է Տաւութօղլու եւ աւելցուցած, որ Դամասկոսի նկատմամբ Անգարայի վերաբերմունքը կը շարունակէ անփոփոխ մնալ:

 

Share this Article
CATEGORIES