«ՆԱՐԵԿԻ ՏԻՐԱՄՕՐ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՍՏԱՄՈՔՍԻ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԲԱՑՈՒՄ

Շաբաթ, 3 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին տեղի ունեցաւ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերաբժշկական կեդրոնի ստամոքսի հետազօտական բաժանմունքի բացումը` ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:

Բացման խօսքը արտասանեց կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ յայտարարեց, թէ կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներուն կողքին աւելցած է ստամոքսի հետազօտութեան բաժինը, որ նուէրն է «Էօվր տ՛էրինա»-ի ու Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան եւ կ՛արժէ 20 հազար տոլար: Ան իբրեւ մեկնակէտ ունեցաւ այն սկզբունքը, որ բարիք ընողը պէտք չէ յիշէ կատարածը, իսկ ստացողը պէտք չէ մոռնայ իրեն տրուածը: «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնին մասին խօսելով` տոքթ. Կ. Եափուճեան նշեց, որ անիկա թէեւ դանդաղ քայլերով յառաջացած է, սակայն երբեք կանգ չէ առած եւ վճռակամ է շարունակելու ուղին` հասնելու բոլոր կարիքաւորներուն եւ հիւանդներուն:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի կողքին կանգնող բոլոր անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, յատկապէս նոր բաժանմունքին սատար հանդիսացողներուն:

Ապա խօսք առաւ նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, որ դիտել տուաւ, թէ համախմբման առիթը երազի մը եւ փափաքելի նախաձեռնութեան մը իրականացումն է, որ մեծապէս պիտի օժանդակէ կարիքաւորներուն առողջապահական ծառայութիւններ տրամադրելու: Անոր համաձայն, ստամոքսի հետազօտման կեդրոնը օժտուած է ամբողջական սարքերով, որոնց ապահովումը կարելի եղաւ շնորհիւ կեդրոնի տնօրէնի հետապնդումներուն եւ ջանքերուն, որովհետեւ ան ծրագրեց ու յաջողցուց նման կարեւոր բաժանմունքի մը բացումը` նիւթականը տրամադրող բարերարներ ունենալով:

Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ ծրագիրը նկատեց քաջալերելի ու յուսադրող` դիտել տալով, որ ուրիշին օժանդակելը ինքնին շնորհ եւ արժանիք է մարդուն համար, որովհետեւ տրուածին փոխարէն Աստուած անպայման կը հատուցէ: Ան հաստատեց, որ նման նուիրական աշխատանք մը ընելը կը պահանջէ սիրտ, գութ եւ պատրաստակամութիւն` շեշտելով, որ միայն եղբայրասիրութեամբ եւ քրիստոնէական հաւատքով կարելի է այդ մէկը կատարել, որովհետեւ մեր կատարածը լոկ մարդասիրութիւն չէ, այլ` եղբայրասիրութիւն եւ նուիրական աշխատանք:

Share this Article
CATEGORIES