ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՅՆՃԱՐԻ «ԿԱՔԱՒԻԿ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹԸ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան պարախումբի երկրորդ ելոյթը:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ «Կաքաւիկ» դէպի նոր բարձունքներ սլանալու ընթացքին մէջ է, եւ պարախումբի յաջողութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին վարչութիւնը, պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանը, յանձնախումբը եւ ծնողները:

Քիւրքճեան յոյս յայտնեց, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու թիւը աւելնայ, որպէսզի նորահաս սերունդին մօտ մշակոյթին նկատմամբ երիտասարդութեան սէրը աւելնայ ու զօրանայ: Սիլվա Քիւրքճեան շեշտեց, որ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող մեծ փաղանգին աշխատանքը արժանի է քաջալերման:

Յայտնենք, որ «Կաքաւիկ» պարախումբը բաղկացած է 65 անդամներէ: Պարախումբը ներկայացուց 15 պարեր, որոնց մէջ մեծ տեղ գտած էին ժողովրդական պարերը, ինչպէս «Խաղ պար»-ը, «Քոչարի»-ն, «Անուրջներ»-ը: Կաքաւիկները նաեւ պարեցին յունական, գնչուական, եւրոպական եւ արաբական պարեր:

«Կաքաւիկ» պարախումբի իւրայատուկ ոճով պարող պատանիներն ու պարմանուհիները արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ ջերմ քաջալերանքին:

 

Share this Article
CATEGORIES