ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

Ազրպէյճանական «Էյ.էն.էս.փրես» կայքէջը կը հաղորդէ, որ 8 դեկտեմբերին Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ, Ազրպէյճանի դեսպանատան աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ կլոր սեղան մը, որուն պիտի մասնակցին երեսփոխաններ, յայտնի քաղաքական գործիչներ եւ պատմաբաններ: Այդ ծիրին մէջ նաեւ ղարաբաղեան տագնապին  նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի:

Կլոր սեղանի նիւթերն են` «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը. մոռցուած տագնապ» եւ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահը»:

 

Share this Article
CATEGORIES