ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱՊԱԼՄԱՆ ՏԱՐԻՆ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

2011 տարին անցուցինք զարմացնող, արտասովոր դէպքերու անակնկալ անցուդարձերով, մասնաւորաբար` միահեծան տիրապետութիւններու անկումով:

Արաբական աշխարհին համար տարին եղաւ դժբախտաբեր: Իրարու ետեւէ ինկան ինքնահաստատ պետական անուանի դէմքեր` Թունուզէն մինչեւ Լիպիա: Ըմբոստութեան խլրտումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր` Եմէնէն Սուրիա, եւ հետզհետէ` անխոցելի նկատուած Քուէյթ, Պահրէյն: Պաղեստինեան հարցը կը նկատենք մնայուն եւ անվերջանալի  իսրայէլեան բռնութիւններու դիմաց մարտնչող պայքարի սեւ գօտի մը: Միջին Արեւելք հրաբուխի վերածուած` կ՛արձակէ այրող լաւաներ, կուրօրէն հրկիզելով երէկուան անմրցելի զօրութիւնները, նաւթահորերը:

Վտանգուած է աշխարհ` մեծ պետութիւններու հրահանգով: «Մեծ ձուկերը կը կլլեն փոքր ձուկերը» ասացուածքը կ՛արդարանայ` զարմացնելով ժողովուրդները, նոյնիսկ` հանգիստ ու ապահով երկիրներու քաղաքացիները: Վախի, սարսափի հոգեբանութիւն մը տիրապետած է մարդոց հոգիներուն մէջ, որովհետեւ անկումային այս իրերայաջորդ երեւոյթներուն կ՛ընկերանան անգործութեան, սղաճի եւ նոյնիսկ սովի մատնուելու երկիւղը:

Ինչո՞ւ եղան արդեօք այս ամէնը: Քազզաֆին ինչո՞ւ ինքզինք անխոցելի, միահեծան տէրն ու տիրականը նկատեց իր երկրին: Հպարտ էր ան, միլիառներու անհաշուելի հարստութեամբ, գանձերով, կալուածներով եւ ցնծութեան մթնոլորտով: 33 տարիներ առաջ ան սպաննեց Մուսա Սատըրը` իր ընկերակիցներով, յետոյ ուրացաւ, ստեց, սիրտեր այրեց, խորտակեց մօտ 300 ճամբորդներ փոխադրող լոքըրպիի թռիչքը: Ըսինք`  խորտակեց` որովհետեւ ան սարսափ ստեղծելու իրաւունք տուած էր ինքն իրեն` սպանդ մը սարքելով նոյնիսկ օդային տարածքներու վրայ: Շանթահարում մըն էր այս անխղճութիւնը: Տարիներ ետք, սակայն, ընդունեց իր մեծ ոճիրը եւ դրամական հատուցում կատարեց:

Ոչ եւս է Քազզաֆին: Արդեօք մահուան ճիրաններուն եւ անմեկնելի պատուհասին ենթարկուած պահուն յիշե՞ց իր անմարդկային ոճիրները:

Արդեօք զղջա՞ց իր սարքած ջարդին: Կը թուի, թէ` ոչ: 42 տարիներ մնալ գահին վրայ անսասան, անապատին եւ անոր ուղտերուն գերիշխանը: Գիտէ՞ր արդեօք, թէ «Մեղքին վարձքը մահ է» Սուրբ Գրային յորդորը: Որո՞ւն յանձնեց իր գանձերը: Կորսնցուց զաւակներ, որդիներ` ծայրայեղական սկզբունքներու յենած, ինքզինք աստուածացուցած:

Լիպիան ճանչցող, հոն ապրած կարգ մը լիբանանցիներու կարծիքով, Քազզաֆին կը հոգար իր հպատակները, իբր թէ աղքատներ չկային, դրամ կը բաշխէին չքաւորներուն, ձրի էին ուսում եւ բժշկութիւն: Եթէ ճիշդ էր այս, ուրեմն բարութեան գիծ մըն ալ ունեցած է իր սրտին մէջ: Մեծապետական իշխանութիւնները շատ ջղայնացան իրմէ, չհանդուրժեցին անոր կին թիկնապահները, անհամար հարստութեան, չցամքող նաւթահորերը ու տուին անդառնալի հարուածը` իրենց շահուն համար: Ոչնչացաւ 42-ամեայ իշխանապետութիւնը: Յիշենք նաեւ Սուրբ Գրային այլ իմաստութիւն մը. «Հայրերը ազոխ կերան, որդիներուն ատամները կճռտացին»: Ափսոս  եղաւ Սէյֆ էլ Իսլամին եւ անոր եղբայրներուն: Այդքան զարգացած երիտասարդ` զոհը դարձաւ հօրը ծայրայեղական քաղաքականութեան, իբրեւ ժառանգորդը գահին:

«Հպարտութեան առջեւէն անկումը քալեց»: Սիրելի՛ ընթերցող, միտք պահէ նաեւ այս իմաստութիւնը, եւ ի՛նչ որ ալ ըլլաս, ի՛նչ բարձր դիրքի ալ հասնիս, մի՛ պարծենար, որովհետեւ քեզմէ վեր արդարադատ Աստուած մը կայ: Անհաւատները պէտք է ծնրադրեն այս անփոփոխելի արդարութեան դիմաց…

Բռնակալութիւնները չեն դիմանար արդարութեան գերբնական հզօր ուժին, ի վերջոյ փուլ կու գան հպարտութիւն, ինքնիշխան պարտադրանք ոչ միայն արքայական, պետական անպարտելի նկատուած կառոյցներուն նիւթական եւ բարոյական հարստութիւնները, այլեւ նոյնն է կացութիւնը անհատ արարածին, ընտանիքին, միութենական թէ հաւաքական մեր կեանքը ներկայացողներուն համար: «Սիրէ ուրիշը անձիդ պէս»: Այս փիլիսոփայութենէն դուրս կեանքը պարտութիւն է, փլուզում է: Բոլորս հարկ է գիտակցինք այս ճշմարտութեան, որպէսզի կարենանք ազատութեամբ շնչել մեզի ընծայուած սա կարճատեւ կեանքը: Մարդկութիւնը, աշխարհը կարօտ են Դիոգինէսի փնտռած մարդուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES