ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ 2011

Կիրակի օր դարձեալ փոքրիկներու խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր «Ազդակ»¬ի «Փիւնիկ» սրահի մուտքին, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, անոնք ժամադրուած էին «Ազդակ»¬ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ¬Մզտիկ»¬ի «Անսխալ գրենք» մրցումին հետ:

Արդարեւ, 4 դեկտեմբեր 2011¬ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը ողողուած էր մանուկներէն բխող մեծ խանդավառութեամբ. անոնք անհամբեր կը սպասէին մրցումին սկսելուն: Ամէն տարի նախորդող տարիէն աւելի աշխուժութիւն պատճառող եւ աւելի մեծ թիւով մանուկներ իր շուրջ համախմբող այս մրցումը այս տարի տեղի ունեցաւ աւելի քան 350 աշակերտներով` ժամանած հետեւեալ19 հայկական վարժարաններէ. Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական Կէրթմէնեան վարժարան, Հայ աւետարանական Երկրորդական վարժարան (Այնճար), ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգ. Աբգարեան վարժարան, Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան: Մրցումը սկսաւ 4-րդ դասարանի աշակերտներուն յատուկ բաժինով: Ժամը ճիշդ 3:00-ին սկսաւ մրցումին առաջին հանգրուանը. 4-րդ դասարանի աշակերտները հակառակ շատ մեծ թիւով ներկայացած ըլլալնուն, լրջութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կատարեցին  ուղղագրութիւնը: Մրցումի աւարտին մասնակիցիներուն բաշխուեցան յիշատակի նուէրներ` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ:

Ապա սրահը յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 4:00-ին, եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 5:00-ին: Անոնք եւս մրցումի աւարտին ստացան իրենց յիշատակի նուէրները: Իսկ վեցերորդ դասարանի աշակերտները ստացան նաեւ Ֆիլիփ Մարստընի «Հանդիպման վայրը` ուղեւորութիւն հայութեան հետ» գիրքը` նուիրուած թարգմանիչին` Լուսիկ Կիւլոյեան¬Սրապեանին կողմէ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր հայկական բոլոր վարժարաններու փոքրիկներուն, որոնք ամէն տարի մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայանան` մասնակցելու «Անսխալ գրենք» մրցումին: Յատկանշական է, որ այս տարի ներկայութեան թիւը ամէն տարուան սովորական սահմանը շրջանցած էր: Յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ մեր վարժարաններու տօնրէնութեանց եւ ծնողներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն քաջալերելու հայ փոքրիկները` իրենց մասնակցութիւնը բերելու հայկական միջ¬դպրոցական ձեռնարկներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES