ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ 4-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆ. ԶԱՔԱՐ ԵՒ ԿԱՄԻԼԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

«Պէյրութը կ’երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 4-րդ փառատօնի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ին, երէկ` երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քափուչինեան միաբանութեան Ս. Լուիս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական խճանկար Բ.»-ը, որուն ընթացքին Զաքար Քէշիշեան եւ Կամիլա Քէշիշեան նուագեցին հայկական հոգեւոր, դասական եւ ժողովրդական երաժշտութիւններ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի կազմակերպիչներէն  եւ նախաձեռնութեան հիմնադիր Միշլին  Ապի Սամրա, որ նշեց, թէ դէպի բարձունքները կ’առաջնորդեն Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեանները, որոնց երաժշտական մթնոլորտը կը ներշնչէ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը նախապատրաստող հոգեւոր տրամադրութիւն:

Ապի Սամրա շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ արուեստագէտներուն, որոնք մեծ ներդրում ունին արուեստի պահպանման եւ ժառանգութեան փոխանցման մէջ:

Ապա ելոյթ ունեցան Զաքար Քէշիշեան (տուտուկ, շուի) եւ Կամիլա Քէշիշեան (դաշնակ), որոնք մենակատարումով ու զուգանուագներով նուագեցին եւ արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն: Իւրայատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ Կամիլա Քէշիշեան, որ դաշնակի իւրայատուկ գործածութեամբ ունեցաւ բարձրորակ կատարում մը:

Անոնք հոգեւոր, ժողովրդական եւ դասական երաժշտութիւններու ընդմէջէն ներկաներուն մատուցեցին որակաւոր արուեստ ու ստեղծեցին  հոգեպարար մթնոլորտ: Այս հանդիսութիւնը նաեւ ծառայեց, որ օտար հանրութիւնը ծանօթանայ հայկական մշակութային գոհարներուն:

Share this Article
CATEGORIES