87 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ

Երէկ` երկուշաբթի, 5 դեկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅԴաշնակցութեան շարքերու մուտքի երդման արարողութիւն, որուն ճամբով 87 նորագիրներ միացան ՀՅԴ-ի շարքերուն` ԶՈՄ-էն, ԼԵՄ-էն եւ շրջաններէն:

Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ երդման արարողութիւնը նկատեց բացառիկ առիթ մը` որոշելու անձնազոհութեամբ եւ ամենայն գիտակցութեամբ միանալ կուսակցութեան շարքերուն: Անոր համաձայն, այս դարու մարտահրաւէրները բազում են, սակայն դաշնակցական երիտասարդը կորովն ու կարողութիւնը պիտի ունենայ պայքարելու անոնց դէմ, այսպիսով զանազանուելով այլ երիտասարդներէն:

Մ. Նալպանտեանի համաձայն, թէեւ ՀՅԴ-ի Ծրագիրի ու Կանոնագիրի մշակուած թուականէն բաւական երկար ժամանակ անցած է, դարու բերած վտանգները փոխուած են, սակայն կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու ուղեգիծը կը մնան նոյնը` այսպիսով դաշնակցականը դնելով նիւթաբարոյական պարտաւորութիւններու, մահուան գնով ազգին նուիրուելու պատրաստակամ ըլլալու դէմ յանդիման:

Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելու թեկնածու երիտասարդը պէտք է գիտնայ, որ հայրենիքը կը մնայ բացարձակ հասկացողութիւն, իսկ համայն սփիւռքին եւ լիբանանահայ գաղութին ծառայելու պարտաւորութիւնը` առաջնահերթութիւններու կարգին: Իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդ պէտք է գործէ իր համայնքի ուժեղացման, հզօրացման ու ամրապնդման համար:

Մ. Նալպանտեան պահը նկատեց լրջութեան եւ ինքնագիտակցութեան պահ, որպէսզի կարելի ըլլայ նուիրական ըլլալու ճիշդ որոշումը տալ եւ ըստ այնմ մուտք գործել ՀՅԴ-ի շարքերը:

Ան սերունդը կոչեց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 20-ամեակի սերունդ»:

 

Share this Article
CATEGORIES