ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՀԱՑԱԾ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 121-ամեակին առիթով, նահատակուած եւ մահացած դաշնակցական նուիրեալներու յիշատակին կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011-ին  կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Հոգեհանգիստէն ետք, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն կողմէ պանթէոնին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիէտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ այսօր 121-ամեակն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, եւ կուսակցութեան Լիբանանի  ընտանիքը իր ուղեկից միութիւններով, պատանիներով, երիտասարդներով, ուսանողներով ու համակիրներով հաւաքուած է ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ոչ թէ յաւուր պատշաճի իր յարգանքի տուրքը մատուցելու, այլ` նահատակներուն հետ միասին պատմութեան այս կարեւոր թուականը նշելու:

Հաւաթեան ըսաւ. «Եկած ենք այսօր ձեր դիմաց դաշնակցական անկեղծ զինուորի հաւատքով ու վճռակամութեամբ հաշուետուութիւն կատարելու, անգամ մը եւս հաստատելու` կեանքի գնով ծառայելու հայ ժողովուրդին ու անոր ազգային հաւաքական տեսլականներուն եւ վերանորոգելու մեր ուխտն ու շարունակելու երթը»:

Ան աւելցուց, որ Միջին Արեւելքի գաղութները այսօր կը դիմագրաւեն մեծ դժուարութիւններ, եւ Դաշնակցութիւնը ամբողջական յանձնառութեամբ կը փորձէ ժողովուրդը հեռու պահել ցնցումներէ` ցուցաբերելով գերզգօն քաղաքական մօտեցում, զոր ժառանգած ենք նահատակներէն:

Հաւաթեան հաստատեց, որ լիբանանահայ կառոյցները ունին իրենց մեծ դերակատարութիւնը` հասնելով հանրութեան ընկերային կարիքներուն, ստեղծելով երիտասարդական մթնոլորտ եւ շարունակելով Հայ դատի պահանջատիրութիւնը:

Յակոբ Հաւաթեան շեշտեց, որ դաշնակցական գործը բոլորին ներդրումը կը պահանջէ, եւ այդ գործը միաւորող է, միասնակամ: Իր խօսքը եզրափակելով` Հաւաթեան անգամ մը եւս պատգամը ուղղելով նահատակներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ ու անմոռաց ընկերներ, կը հաւատանք, որ Դաշնակցութիւնը ապագայի կուսակցութիւն է, Հայաստանը ամէն բանէ վեր դաւանող կուսակցութիւն է` ի խնդիր ազատութեան ու անկախութեան մէջ լիարժէք կերպով իր կեանքը կերտելու եւ ամբողջական Հայաստանի բոլոր բարիքները վայելելու արդար ու անկորնչելի իրաւունքը իրեն վերադարձուցած հայ անհատին` բովանդակ ու միասնակամ հայութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES