ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՕՐ ՄԸ «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ ՀԱՄԱՐ` ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏՊԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011-ը պատմական եւ իւրայատուկ օր մըն էր «Ազդակ»-ի պատմութեան մէջ եւ անոր ճամբով լիբանանահայ ու սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Արդարեւ, «Եռագոյն ֆոնտ-ի նուիրատուութեամբ «Ազդակ»-ի  տպարանի վերանորոգութիւնն ու գունաւոր էջերով հրատարակուելու կարելիութեամբ օժտուելու երեւոյթը միայն «Ազդակ»-ի նեղ շրջանակին մէջ չի մնար, այլ թերթը իր նոր տեսքով կը հասնի իր բոլոր ընթերցողներուն:

Այս իւրայատուկ օրը ըստ արժանւոյն նշելու նպատակով «Ազդակ»-ի տպարան հրաւիրուած էին ազգային, կուսակցական, յարանուանական եւ մամլոյ գործիչ հրաւիրեալներ, որոնց ողջունեց Նարէ Գալեմքերեան` շեշտելով լուսարձակի տակ չերեւցող, սակայն տքնաջան ու սեւ աշխատանքով թերթը լոյսին բերող այդ վայրին եւ հոն աշխատողներու տարած ճիգին կարեւորութիւնը: Անոր համաձայն, տպարանի վերանորոգումով «Ազդակ» կ՛ապացուցէ, որ հակառակ տպագիր թերթին սպառնացող բազմաթիւ դժուարութիւններուն, ինք որոշած է վճռական տրամադրուիլ եւ շարունակել յաղթական երթը, սփիւռքահայ մամուլին իր յառաջատար հանգամանքով վարակել նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին վար դնել զէնքը:

Նարէ Գալեմքերեան

Այս առիթով Նարէ Գալեմքերեան «Ազդակ»-ի ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Եռագոյն ֆոնտ»-ին ու անոր հիմնադիր Երջօ Սամուէլեանին, որուն նուիրատուութեամբ իրականացաւ «Ազդակ»-ի տպարանի հիմնական վերանորոգումը:

Ապա ներկաները դիտեցին «Ազդակ»-ի տպարանի կազմութեան եւ տարբեր հանգրուաններու հոլովոյթը ներկայացնող տեսաերիզ մը:

Անկէ ետք խօսք առաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ վերանորոգուած տպարանի բացումը նկատեց շրջադարձային եւ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ կու գայ փաստելու, թէ հակառակ դասական մամուլի եւ մասնակիօրէն տպագիր մամուլի ճակատագիրին սպառնացող վտանգներուն, «Ազդակ» վճռակամ է շարունակելու նախկիններէն հասած առաքելութիւնը, չլքելու ճակատը եւ պատուով դուրս գալու նորօրեայ դժուար պայքարէն: Անոր համաձայն, հակառակ բարդ կացութիւններուն, տարբեր տեսակի խոչընդոտներուն ու մարտահրաւէրներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքը պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ իրեն ձգուած ժառանգութեան` գուրգուրալու իրեն փոխանցուած աւանդին, գաղափարական առանցքին վրայ յենած նոր զարգացում ապահովելով:

Շահան Գանտահարեան

Այս առիթով Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ այս երթի ջահակիրներուն կողքին կանգնած ու գործին հաւատացող փաղանգին կարեւորութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ եւ կ՛ըլլայ նիւթաբարոյական աջակցութիւն ապահովել եւ նորանոր ծրագիրներ իրագործել` սատարելով համահայկական առաքելութեան իրականացման աշխատանքներուն:

Անդրադառնալով «Եռագոյն ֆոնտ»-ի կատարած նուիրատուութեան` Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ նման նախաձեռնութիւններ կը պարտաւորեցնեն «Ազդակ»-ի ընտանիքը վերանորոգ նուիրուածութեամբ փարելու գործին եւ նոր նուաճումներ ապահովելու:

Յակոբ Բագրատունի

Ապա խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իր 85-ամեակի սեմին կանգնած օրաթերթին համար այս քայլը նկատեց նուաճում մը: Պատմութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի ապրած վերելքին անդրադառնալէ ետք, Յ. Բագրատունի խօսեցաւ ընթերցողներուն եւ «Ազդակ»-ի միջեւ առկայ կապին մասին` լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ թերթը իր ձեռքին ունեցողը չի մտածեր, թէ ի՛նչ հանգրուաններէ անցնելով անիկա կազմուած եւ լոյս աշխարհ եկած է: «Ազդակ»-ի մէջ ունեցած իր փորձառութենէն մեկնած երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ թէեւ այսօր արհեստագիտութիւնը իր մեծ դերակատարութիւնը ունի գործընթացի փոփոխութեան առումով, բայց եւ այնպէս պէտք է երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց հոգին, միտքն ու սիրտը, տեսողութիւնն ու առողջութիւնը տուին «Ազդակ»-ին, իսկ ուրիշներ իրենց նիւթական մասնակցութիւնը միացուցին տարուած ու տարուող հսկայ ճիգին:

Այս առիթով ան յիշեց «Եռագոյն ֆոնտ»-ը, որ իր նուիրատուութեամբ նպաստեց «Ազդակ»-ին համահայկական եւ տարածուն թերթի մը վերածուելու շարունակուող ճիգին: Ան յիշեց նաեւ այն, որ Դաշնակցութեան նախավերջին Շրջանային ժողովին «Ազդակ»-ի տասնամեակներու յօդուածագիր եւ մտաւորական Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան առաջարկած էր, որ «Ազդակ» գունաւոր էջերով լոյս տեսնէ, իսկ մինչ այդ ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ, ճակատագիրի զուգադիպութեամբ նոյն օրն իսկ հողին յանձնուեցաւ Գ. Աբէլեան:

Լեւոն Մկրտչեան

Անկէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի անունով խօսք առաւ Լեւոն Մկրտչեան, որ այս առիթով շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքը` լուսարձակի տակ առնելով թերթին ունեցած համահայկական նշանակութիւնը: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ ունենալ գաղափարական գիտակից սփիւռք առանց գաղափարական օրկաններու, որոնց կարգին մամուլը մեծ դերակատարութիւն եւ իմաստ ունի:

Լ. Մկրտչեան նշեց, որ լիբանանահայ համայնքը միշտ  լաւ ու վատ օրերու ընկեր եւ ուղեկից ունեցած է «Ազդակ» օրաթերթը, որ միշտ պահած է իր լայնախոհութիւնը, հաւասարակշռուածութիւնը` հայակերտման ճամբուն վրայ մեծ ներդրում ունենալով:

Ան հաստատեց, որ ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ եւս «Ազդակ» իր կշիռն ու տեղը ունեցող օրաթերթ է` վայելելով մամուլի արժանիքներն ու ստանձնելով այդ դերակատարութիւնը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Լեւոն Մկրտչեան շեշտեց, որ մամուլը շատ կարեւոր է համայն աշխարհին մէջ, սակայն իւրայատուկ կարեւորութիւն կը զգենու հայութեան համար` իբրեւ գիտակից եւ գաղափարական սերունդներ պատրաստելու քուրայ:

Րաֆֆի Սիսլեան

Ապա «Եռագոյն ֆոնտ»-ին խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Սիսլեան, որ տպարանի բացումը նաեւ առիթ նկատեց մեր ուշադրութիւնը սեւեռելու ազգային կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն եւ անոնց արդիւնաւէտ գործունէութեան: Ապա ան անդրադարձաւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ կը գործէ` յատկապէս շեշտելով, որ ֆոնտին համար շատ կարեւոր է սատարել հաւաքական աշխատանքի մտածելակերպին ու գործելակերպին, հաւաքական ճիգին, հայկական դիմագիծի պահպանման եւ նիւթականէն անդին անցնելով` իրականացած ծրագիրը անհատներու օգտակարութեան ծառայեցնելու:

Այս սկզբունքներէն մեկնած «Ազդակ»-ին կատարուած նուիրատուութեան մասին խօսելով` Ր. Սիսլեան ըսաւ, որ օրաթերթը կը կրէ մէկ անուն եւ բոլոր աշխատակիցներուն ճիգն ու ջանքը ի վերջոյ կ՛երթայ օրաթերթի անունին եւ ոչ անհատին: Ան աւելցուց, որ «Ազդակ» մեծապէս կը սատարէ լիբանանահայ կեանքի կենսունակութեան եւ հայկական նկարագիրի պահպանման` ամէնօրեայ դրութեամբ մուտք գործելով հայկական տուները:

Գեղամ արք. Խաչերեան

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ այս նուաճումին մէջ գտաւ քանի մը իւրայատուկ եւ գեղեցիկ պատկերներ. ան ըսաւ, որ 85-ամեակի սեմին կանգնած օրաթերթին ունեցած ներդրումը` հայապահպանման եւ կազմակերպական իմաստով, շատ յուսադրիչ է, մանաւանդ որ թերթը երբեք չէ յոգնած, այլ հետզհետէ ծաղկած է ու կը շարունակէ ծաղկիլ: Ապա սրբազանը խօսեցաւ հաւաքական աշխատանքի եւ թերթին կողքին կանգնողներուն առաքելութեան կարեւորութեան մասին` դիտել տալով, որ Լիբանանի մէջ տպագրուող այս թերթը կը տարածուի աշխարհով մէկ` որեւէ տեղ գտնուող հայը կապելով հայութեան:

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի նախաձեռնութեան կարեւորութեան, որովհետեւ այդպիսով անիկա նեցուկ կը հանդիսանայ հաւաքական սրբազան աշխատանքի մը, որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան շնորհաւորեց «Ազդակ»-ն ու լիբանանահայութիւնը:

Աւարտին «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան շնորհակալական յուշանուէր մը յանձնեց «Եռագոյն ֆոնտ»-ի հիմնադիր Երջօ Սամուէլեանին:

Ապա ներկաները ապրեցան իւրայատուկ պահ մը, երբ 1970 թուականին «Ազդակ»-ի 4 էջերը 8-ի բարձրացնելու առիթով կայացած աւանդութիւնը կրկնուեցաւ եւ հրաւիրեալներուն ներկայութեամբ «Ազդակ»-ի գունաւոր տպագրական սարքէն «Ազդակ»-ի գունաւոր առաջին թիւը` թարմ ու «հոտաւէտ», լոյս աշխարհ եկաւ:

(Այս առիթով արտասանուած խօսքերը յառաջիկային կը հրապարակենք առանձին):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

https://archive.aztagdaily.com/pdf/AztagDec5

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES