ԱՊԱԳԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ` ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ` ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՄԱՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ

Իր 121 տարուան պատմութեան ընթացքին առանց սկզբունքներէն զիջում կատարելու կամ անոնց մէջ փոփոխութիւն ներմուծելու յառաջացող ու գործող, ազգային քաղաքական ուղղութեան մէջ անշեղ մնացող, Հայաստանն ու հայութիւնը նպատակ ունեցող ապագայի կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը երէկ` երկուշաբթի, 5 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ ժողովրդային խիտ ներկայութեամբ նշեց իր հիմնադրութեան 121-ամեակը:

Ուռի Յէվսէփեան-Ասատուրեան

Բացման խօսքը արտասանեց Ուռի Յովսէփեան-Ասատուրեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին համար գործած Դաշնակցութեան մեծ դերակատարութիւնը` հայակերտման եւ հայրենակերտման մէջ: Անոր համաձայն, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ հայութեան պահապանն ու պաշտպանը հանդիսացած, բոլոր միջոցներով իր ազգին ու դատին համար պայքարած կուսակցութիւնը գաղափարական վեհ սկզբունքներով առաջնորդուած է` իր ժողովուրդին համար տալով նահատակներ: Ու. Յովսէփեան-Ասատուրեան շեշտեց, որ մեր պարտքն է շարունակել նահատակներու ուղին եւ հաւատարիմ մնալ անոնց կտակին:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան վերջին հանգրուանին Հայաստանի, սփիւռքի եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումներն ու անոնց նկատմամբ Դաշնակցութեան եւ իր համակիրներուն ցուցաբերած կեցուածքները:

Յովիկ Մխիթարեան

Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ դիտել տուաւ, թէ գործէն ծնած գործի՛ կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով կը խոնարհի այն ժողովուրդին առջեւ, որ կը հաւատայ իր գործին ու կը մնայ իր կողքին` բաժնեկիցը դառնալով իր դժուարութիւններուն եւ իրագործումներուն: Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը առանց խտրութեան բոլորին կուսակցութիւնն է:

Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի, սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ հայութեան դէմ ցցուող մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ կողքի կողքի, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ զօրաւոր Հայաստան ու սփիւռք ունենալու կարեւորութեան եւ իբրեւ մեկնակէտ ու թիրախ ունի Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը: Յ. Մխիթարեան դիտել տուաւ, որ այսօր Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ կը հանդիսանայ ընդդիմադիր գաղափարական, քաղաքական այն ուժը, որ կը հաւատայ, թէ Հայաստանի անկախութիւնը, անվտանգութիւնը եւ յարատեւութիւնը կրնան երաշխաւորուիլ ազգային գաղափարախօսութեամբ միայն` առաջադրելով այնպիսի պահանջներ, որոնք սրբագրելու միտում ունին: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի հարցը եւ անոր խաղաղ ու արժանապատիւ լուծում գտնելու ձգտումը:

Յ. Մխիթարեան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններուն, Լիբանանի մակարդակին վրայ սակայն լուսարձակի տակ առնելով նոր օսմանականութեան քաղաքականութիւնը, որուն դէմ պայքարելու կոչուած է ո՛չ միայն Դաշնակցութիւնը, այլ նաեւ հայ քաղաքական յանձնառու բոլոր ուժերը: Ապա ան յիշեց այս առումով կուսակցութեան առած քայլերը: Լիբանանեան քաղաքական կեանքին անդրադառնալով` Յ. Մխիթարեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր քաղաքական ուղեգիծը` յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւնը, համայնքներու խաղաղ ու համերաշխ գոյակցութիւնը, հարցերը միայն երկխօսութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր խօսքի վերջին բաժինով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը խօսեցաւ լիբանանահայ ներքին ճակատին մասին` կրթական, ազգային ու երիտասարդական, հայկական թաղերու հայեցի դիմագիծի պահպանման իմաստով` շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը ատակ է ամէնէն ծանր պարտականութիւններն իսկ ստանձնելու, որովհետեւ ան ինքնավստահութիւնը ունի իր սեփական ուժին:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան նշեց, որ նման տօնակատարութիւնները թող խթան հանդիսանան մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութեամբ յաւելեալ ոգիով գործելու այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ:

Ապա Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը ներկայացուց պար մը:

Հրանդ Մարգարեան

Օրուան երկրորդ բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պարզուած պատկերներուն, որոնց նկատմամբ դրական տրամադրութիւններով եւ զգացումներով լիցքաւորուելու փափաք գոյութիւն ունի, սակայն իրողութիւնը տարբեր է: Արդարեւ, ան նշեց, որ կ՛ուզենք համակուիլ այն զգացումով, որ 20-ամեայ Հայաստանի մէջ ժողովուրդին շարունակականութիւնն ու յաւերժութիւնը ապահովուած է, ազատագրուած Արցախի կացութիւնը ապահով է, նորանոր յաղթանակներ արձանագրելու ատակ է մեր ժողովուրդը: Նաեւ դրական տրամադրութիւններով կ՛ուզենք լեցուիլ հանդէպ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած սփիւռքին, որ այսօր միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունի: Բայց եւ այնպէս, նշեց Հ. Մարգարեան, երբ լաւապէս եւ իրատեսական ակնոցով կը մօտենանք այս բոլորին, կը նկատենք, որ այսօր Հայաստանի մէջ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, անգործութիւնն ու արտագաղթը տիրական են, ներքին ճակատը ամուր եւ միասնական չէ, Միջին Արեւելքի կազմակերպուած գաղութներէն արտագաղթ կայ: Այս բոլորը, ըստ անոր, մարտահրաւէրներ են, որոնց դիմաց պէտք է լաւով ներկայանալ` վատն ու ապառողջը մէկդի ձգելով:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ապա խօսեցաւ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ Դաշնակցութեան պարզած պատկերին մասին, որ ժողովուրդին համար գոհացուցիչ չէ, բայց եւ այնպէս աւելցուց, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները չեն ցոլացներ Դաշնակցութեան իսկական դերն ու արժէքը Հայաստանի ժողովուրդին մօտ, ոչ ալ անոր կողմէ կուսակցութեան նկատմամբ դրսեւորուած յարգանքն ու վստահութիւնը: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը ինքնավստահ է եւ գիտէ, թէ ապագան ու յաղթանակը ի՛րն են: Ապա ան անդրադարձաւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որոնք կրնան ցնցումներ բերել իրենց հետ` դիտել տալով, որ պէտք է զգուշ ըլլալ եւ հայրենիքին խնայել վտանգները, յարգել կարմիր գիծերը, որոնք կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերուն մէջ` քաղաքական կայունութեան պահպանում, ներքին ճակատի վրայ լարուածութեան ծայրայեղ լարումէ խուսափում, արտաքին ճնշումներու եւ միջնորդութիւններու դէմ կենալու ու անոնց երբեք տեղ չտալու կարեւորութիւն:

Ապա Հրանդ Մարգարեան լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքահայ եւ Հայաստանի կեանքին մէջ լիբանանահայութեան ունեցած տեղն ու դերը` հաստատելով, որ այս գաղութը իր պատեանէն դուրս ելլելով միշտ հետապնդած է համահայկական հարցեր, մասնակից դարձած է այդ մակարդակով մղուող պայքարներուն` միշտ օրինակելի եւ յառաջապահ ըլլալով: Ան յատուկ կերպով յիշեց հայրենադարձութեան իմաստով լիբանանահայութեան տարած բեղուն գործունէութիւնը:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը փոխանցեց, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Դաշնակցութեան մարմիններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովին անգամ մը եւս վերանորոգուած է ուխտը, գօտեպնդուած է միասին գործելու քաղաքականութիւնը: Ան կոչ ուղղեց 121-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին եւս ամրապնդեու ուխտը եւ հաւատալու, որ միասնաբար կարելի է կերտել այնպիսի Հայաստան մը, որ գրաւիչ է, ազգային քաղաքականութեան տէր, ուր կը տիրէ արդարութիւն, ազատութիւն եւ հաւասարութիւն:

Աւարտին գեղարուեստական բաժինով պարեր ներկայացուց Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, ինչպէս նաեւ ազգային յեղափոխական երգերով մթնոլորտը ճոխացուցին եւ խանդավառ տրամադրութիւններ ստեղծեցին Մանուկ Մինասեան, Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Հրաչ Կայծակեան:

(Խօսքերուն ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES